Կիրակի, 03. 12. 2023

spot_img

Պատմական Հարթակ. Արմենակ Եկարեան Դադար Չունեցող Մարտիկը

«Մեր ուզելովը չէր, որպէսզի կռուինք, ան մեզի պարտադրուեցաւ»:

Արմենակ Եկարեանի խօսքերը 1915-ի

Վանի ինքնապաշտպանութեան մասին

 

Արմենակ Եկարեան (1870-1925)

Արմենակ Եկարեան իր կեանքը նուիրեց հայ ժողովուրդի ազատագրական պայքարին: Ան ապրեցաւ 55 տարի, սակայն այդ ժամանակը լեցուն էր պայքարով, իր ժողովուրդի ազատութեան համար մաքառումով: Իր ծննդավայր Վանի ինքնապաշտպանութեան հերոսն էր, զէնք մատակարարողը: անձնական կեանք գրեթէ չունեցաւ ան: Եկարեան կը համարուի հայ ժողովուրդի պատմութիւնը կերտած մեծերէն, մարդիկ, որոնց համար կեանքը իրենց ժողովուրդին նուիրուած էր:

            Արմենակ Եկարեան ծնած է Վանի մէջ 1870 թուականին: Այս ժամանակաշրջանը յատկանշուեցաւ հայ ժողովուրդի ազգային-ազատագրական պայքարի զարթօնքով: հայ մարդը որոշած էր թօթափել դարեր տեւող Օսմանեան լուծը: Խրիմեան Հայրիկի «Երկաթէ շերեփ»ի առակէն ետք, մտաւորական զարթօնք կ’ապրէր արեւմտահայը: Մտաւորական զարթօնքին յաջորդեց կազմակերպչական զարթօնքը: Արմենական Կուսակցութեան սկսան միանալ հազարաւոր երիտասարդներ մեր ժողովուրդը ազատագրելու համար Օսմանեան լուծէն: Այդ երիտասարդներէն մէկն էր Արմենակ Եկարեան: Ան 1887 թուականին միացաւ Արմենական կուսակցութեան: Պարսկաստանէն զէնք մտցնելը երկիր ամենակարեւոր առաքելութիւնն էր: Այդ առաքելութիւններէն մէկուն ընթացքին իր ընկերոջ Տիգրան Մահելեանի հետ կը ձերբակալուի: Բանտային տանջանքը կը կերտէ ապագայի ազատամարտիկը: Բանտէն ելլելէն ետք կ’անցնի Պարսկաստան եւ կը ընկերներու հետ կը հաստատուի Դերիկի վանքը, զոր կ’ամրացնեն ու հոն կը հաստատեն զէնքի մատակարարման յենակէտ: Կը կազմակերպէ Թավրիզ-Սալմաստ-Վասպուրական զէնքի մատակարարման լուրջ գործը: Թավրիզ-Սալմաստ ճամբու հեռաւորութիւնը 150 քիլոմեթր էր եւ երեւակայեցէք ազատամարտիկներու գործին դժուարութիւնը՝ անոնք ոտքով կը կտրէին այդ ճամբան զէնքերու ծանրութեան տակ կքած: Իր ընկեր Վ. Կէօքչեան ըսած է Եկարեանի մասին հետեւեալը. «Եկարեանը ծնած էր մարտիկ ու ղեկավար, սրտով քաջ ու կորովի, հոգիով հայրենասէր ու անկեղծ, որոնց աղաղակող ապացոյցը տուած էր 100 անգամներ»:

            Եկարեան գործադրողն էր Արմենական կուսակցութեան ղեկավարութեան ցուցմունքներուն, որոնց նպատակն էր զէնք հաւաքել դէմ դնելու համար Օսմանեան ուժերուն: Այդ զէնքը պիտի օգտագործուէր ոչ թէ յեղափոխութիւն կազմակերպելու համար, այլ ինքնապաշտպանութեան եւ արտաքին միջամտութեան պարագային միայն օգնելու համար ռուսական բանակին: այդ առիթը ներկայացաւ 1896 թուականին: Դժբախտաբար Եկարեան զէնք բերելու ատեն ձերբակալուած էր եւ բացակայած էր Վանէն ինքնապաշտպանութեան առաջին ճակատամարտի ընթացքին, որու զոհ գնաց աննկուն արմենական ղեկավար Մկրտիչ Աւետիսեան: Եկարեան ստանձնեց ինքնապաշտպանութեան ղեկավարի պաշտօնը: Ան օգնեց Վասպուրականի գաղթականներուն հաստատուելու համար Պարսկաստանի մէջ:

            Արմենականներ չեն մասնակցիր Խանասորի արշաւանքին, ըստ Եկարեանի այդ գործողութեան անիրատեսութեան պատճառով, սակայն կ’օգնէ կրակով փակելով Սաքալ-Թութանի կիրճը, քիւրտ մազրիկ ցեղի օգնութեան ճամբան կտրելով:

            Շատ մը իրատես հայերու նման, Եկարեանն ալ չի հաւատար 1908 թուականի Իթթիհատական ուժերու յեղափոխութեան բերած փոփոխութիւններու ու Վան վերադառնալով կը շարունակէ զինուելու հոլովոյթը: Այս քայլին արդիւնքը Վանի ժողովուրդը քաղեց քիչ ետք, 1915-ին սկսած Հայոց ցեղասպանութեան օրերուն: Եկարեան ստանձնեց Վան քաղաքի ինքնապաշտպանութեան գործը: Գործը վարելու համար հիմնուած զինուորական մարմնին մաս կազմեցին նաեւ Պուլկարացի Գրիգորը, Կայծակ Առաքելը, Փանոս Թերլեմեզեանը, Գաբրիէլ Սեմերճեանը, Յովհաննէս Գալիկեանը եւ Արամ Մանուկեանը, որ ստանձնեց քաղաքական ղեկավարութիւնը: Ինքնապաշտպանութեան մասնակցեցան հինգ շրջաններու 73 դիրքեր, 71 խմբապետ, 1915 զինուոր, 505 հրացան, 540 մաուզեր եւ անոնց զինամթերքը: Օսմանեան բանակը կը հաշուէր 7 հազար զինուոր եւ անոնց կ’օգնէին 5 հազար քիւրտ յելուզակներ: Եկարեան իր տաղանդով եւ վայելած յարգանքով լաւ ձեւով կազմակերպեց ինքնապաշտպանութիւնը: Իր հայրենասիրական ոգիով քով-քովի բերաւ հնչակեանն ու դաշնակցականը, ռամկավարն ու վերակազմեալը, արմենականն ու անկախը, հայն ու ասորին: Մէկ ամիս տեւած ճակատամարտէ ետք Օսմանցին չի կրցաւ մտնել Վան: Ռուսական ուժերուն օժանդակող հայ կամաւորական գունդեր մտան քաղաք 1915 թուականի Մայիսին: Վանի եւ շրջակայի հայութիւնը փրկուած էր:

            Կովկասեան ճակատը ռուսերուն համար երկրորդական ճակատ մըն էր: Անոնց հիմնական ուժերը կեդրոնացած էին Գերմանիոյ եւ Աւստրօ-Հունգարիոյ սահմաններուն վրայ: Այս պատճառով ռուսեր անակնկալ որոշում առին Վանէն քաշուելու Սեպտեմբեր 1915-ին: հակառակ Եկարեանի ճիգերուն, որոշումը գործադրուեցաւ եւ հայ գաղթականներ անցան Արեւելեան Հայաստան: Դժբախտաբար ոսկեայ առիթ մը կորսուեցաւ պահելու համար Վանը իր շրջակայ գիւղերով: Ռուսական կողմին համար իրենց պետական շահը աւելի կարեւոր էր:

            Յուսահատ, արմենակ Եկարեան 1916 թուականի Յուլիսին, Հայ սահմանադրական Ռամկավար կուսակցութեան հրահանգով կ’անցնի Կիլիկիա, ուր կատարուելիք կարեւոր գործ կար: Հոն Զօրավար Անդրանիկի հետ պիտի կազմակերպէին անկախ Կիլիկիոյ զինուորական ուժերը: Սակայն Ֆրանսան այլ նպատակ ունէր: Ան կ’արգիլէ Զօրավարին մուտքը Կիլիկիա եւ վերջապէս 1921-ի Հոկտեմբերին երկրամասը կը յանձնէ Աթաթիւրքի Թուրքիային նիւթական շահի փոխարէն: Յուսախաբ, Եկարեան կ’անցնի Եգիպտոս եւ  հոն ալ կը փակէ իր յոգնած աչքերը:

            Արմենակ Եկարեանի գործին արժեւորումը դժբախտաբար չէ ամբողջացած: Իր անունով հրապարակ կամ փողոց չի կայ Հայաստանի մէջ: Այդ հերոսին կատարած գործը արժեւորել պէտք է, ապագայ սերունդը դաստիարակելու համար:

 

            Պատմութիւնը Վերագրելու Փորձ

            Անցեալ շաբաթ Երկրորդ Համաշխարհային Պատերազմի ընթացքին նախկին Խորհրդային Միութեան ուժերու յաղթանակի 75-ամեակը տօնուեցաւ այդ Միութեան անդամ Ռուսիոյ, Պելառուսիոյ, Հայաստանի եւ շատ մը այլ երկիրներու մէջ: Այդ յիշողութիւնը ժամանակ չի ճանչնար, որովհետեւ ժողովուրդն էր, որ իր երիտասարդ, ամենաընտիր զաւակները ղրկեց պայքարելու համար ֆաշիզմի եւ ծայրայեղութեան դէմ: Միլիոնաւոր տղաք ու կիներ չի վերադարձան տուն: Հազարաւորներ արժանացան հերոսի կոչումին: Հայ ժողովուրդը իր զաւակներէն հազարաւորներ ղրկեց ռազմաճակատ: Շատեր զոհուեցան Ուքրանիոյ ճահիճներու ճակատամարտերուն, Վոլկոկրատ, Սթալինկրատ, Սմոլենսք, Քուրսք եւ այլ քաղաքներու ճակատամարտերուն: 1941 Յունիսէն մինչեւ 1944 Յունիս, ամբողջ երեք տարիներ, միայն Խորհրդային բանակն էր, որ իր կուրծքով դիմադրեց նացի Գերմանիոյ եւ իր դաշնակիցներու հորթաներուն: Ճզմեց այդ բանակը, միլիոնաւոր զոհերու հաշւոյն: Այդ նոյն բանակն է, որ անցաւ հակայարձակումի եւ ազատագրեց ամբողջ Արեւելեան Եւրոպան, հարաւային Եւրոպան, Աւստրիան ու հասաւ մինչեւ Պեռլին: Խորհրդային բանակի 89-րդ մեքենայացուած, Թամանեան զօրաբաժինն էր նաեւ որ մասնակցեցաւ քաղաքի գրաւումին, զօրավար Նուէր Սաֆարեանի գլխաւորութեամբ: Հայեր «Քոչարի» պարեցին այն երկրի մայրաքաղաքին մէջ, որու պապերը ժամանակին դաւած էին հայերուն, ծախած էին հայոց դատը իրենց պետական շահերու հաշւոյն: Երբ Նորմանտիի ցամաքահանումը կատարուեցաւ 1944-ի ամռան, միայն 58 գերմանական զօրաբաժիններ դէմ դրին անոր: Ա՞յս մնացած էր միայն գերմանական հզօր բանակի 300 զօրաբաժիններէն: Ո՞ւր էր մնացածը: Այս ամենամեծ փաստն է բոլոր կասկածողներուն համար:

            Նոյնիսկ արեւմտեան երկիրներու պատմաբաններ եւ մտաւորականներ չեն ուրանար այս փաստը, այլ միշտ կը յիշեն Խորհրդային ժողովուրդներու սխրանքը, որ փրկեց մարդկութիւնը նացիզմ կոչուած աղէտէն, որ մարդը պիտի վերածէր ստրուկի «բարձր» դասուած արիական ցեղերուն ծառայելու համար: Նախագահներ Քենըտի եւ Նիքսըն յիշած են Խորհրդային բանակին դերը նացիզմի պարտութեան մէջ: Սակայն յուսախաբութիւնս մեծ էր, երբ կարդացի ԱՄՆ-ի նախագահին եւ իր արտաքին գործոց նախարարին ուղերձները այս առիթով: Մարդիկ նոյնիսկ չէին յիշեր Խորհրդային Միութեան դերը նացիզմի պարտութեան մէջ, այլ զայն կը վերագրէին միայն ԱՄՆ-ին եւ Մեծն Բրիտանիոյ: Ինչ ալ ըլլան այս ուրացման պատճառները, անոնք առաջին հերթին կը վնասեն ժողովուրդներու յարաբերութեան, որովհետեւ նախկին Խորհրդային Միութեան քաղաքացիներ չեն կրնար մոռնալ այն 8,7 միլիոն Խորհրդային զինուորները եւ 19 միլիոն քաղաքացիները, որոնք զոհ գացին ճակատամարտերու, սովի, համաճարակի, ցեղասպանութեան: Պատմութիւնը վերագրել երկրի մը կամ կողմի մը շահերուն համեմատ ամենամեծ ոճիրն է: Երբ դուն կ’ուրանաս երկրի մը մասնակցութիւնը նացիական շարժումի պարտութեան մէջ, դուն կը մարես այն ջահը, որ կը լուսաւորէ մարդոց միտքերը կարդալով պատմութիւնը, չկրկնելու համար անցեալի բարբարոսութիւնները մարդը մարդուն դէմ: Պատմութիւնը վերագրել յատուկ է ամբողջատիրական եւ ֆաշիստական վարչակարգերու: Թուրքիա ասոր ամենալաւ օրինակն է: Ուրիշ կասկածելի քայլով մը, Չեխիոյ կառավարութիւնը վար առաւ երկիրը նացիներէն ազատագրած ռուս զօրավար Քոնեւի կիսանդրին: Այս բոլորը անմեղ չեն: Ծրագրուած ձեւով աշխատանք կայ պատմութիւնը վերագրելու, օրակարգի մը համեմատ: Հասկցողին շատ բարեւ:

 

ՎԻԳԷՆ ԹՈՍՈՒՆԵԱՆ

Աջակցէ՛ ԶԱՐԹՕՆՔ-ին. Ապահովէ՛ Անոր Գոյերթը

 

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին