Հայաստանի մէջ, 12 մայիսին, ժամը 11:00-ի դրութեամբ, հաստատուած է «Քորոնա» ժահրային հիւանդութեան ընդհանուր 3538 դէպք, որոնցմէ 1430-ը` առողջացած:
Այս մասին նշուած է ՀՀ առողջապահութեան նախարարութեան Հիւանդութիւններու վերահսկման եւ կանխարգելման ազգային կեդրոնի կայքին մէջ:
«Քորոնա» ժահրային հիւանդութեամբ այս պահուն փաստացի բուժում կը ստանայ 2042 վարակակիր: Ընդհանուր առմամբ, կատարուած է 33 313 քննութիւն: Այսպիսով` կայ «Քորոնա» ժահրային հիւանդութեամբ հաստատուած 146 նոր դէպք եւ 71 առողջացած։
Ընդհանուր առմամբ, «Քորոնա» ժահրային հիւանդութենէն արձանագրուած է մահուան 47 (աւելցած է եւս 1-ով) դէպք:
ՀՀ առողջապահութեան նախարարութենէն յայտնած են, որ մահացած հիւանդը եղած է 82 տարեկան կին մը:
Աջակցէ՛ ԶԱՐԹՕՆՔ-ին. Ապահովէ՛ Անոր Գոյերթը






