Երեքշաբթի, 16. 07. 2024

spot_img

ՆԱՄԱԿԱՆԻ

Հարցում մը

1 Մայիս 2020

Բարի լո՜յս Հայրենիքէն:

Հարցում մը՝ ԱՆԿԵՂԾ պատասխանի ակնկալիքով, որու մասին ակնարկ իսկ չկար ԶԱՐԹՕՆՔ-ի այսօրուան  խմբագրականին մէջ (1 Մայիս 2020, Տեսանկիւն – ««Օրինակելի» Պահուածք»).

  • Եթէ հրապարակաւ, թէկուզ փողոցին մէջ, ուրիշներու ներկայութեան, դուն ալ պատասխանատու անձ, մօրդ հայհոյեն՝ ի՞նչ կ՛ընես՝ ոստիկանատուն կամ դատարա՞ն կը դիմես, շնորհակալութի՞ւն կը յայտնես, նոյն հայհոյանքը տեղւոյն վրայ կը փոխադարձե՞ս…

Կ՛արժէ այս մասին նոյնիսկ հրապարակումներով հանդէս գալ: Ի վերջոյ, խնդիրը հանրային բարոյականութեան կը վերաբերի:

 

Գէորգ (Եազըճեան)

 

*****

Պատասխան

2 Մայիս 2020

 

Բարի լոյս Լիբանանէն Գէորգ, ուր միայն մնաց, որ Սաննինի հրաբուխն ալ աշխուժանայ որպէսզի ամեն բան կատարեալ ըլլայ…:

 

Այն քիչ անձերէն ես, որուն հետ նիւթ մը քննարկելը ափսոս եւ ժամանակի կորուստ չէ, որուն աւարտին կը կարծեմ, որ կամ կը համոզես, կա՛մ կը համոզեմ, կամ ալ կը համաձայնինք, որ չհամաձայնեցանք, շարունակելով յարգել մէկս՝ միւսին կարծիքը:

Ներէ, որ պատասխանս սկսիմ դրուագով մը.

Ժագ Շիրաք Ֆրանսայի նոր նախագահ ընտրուած էր, մինչ ան Փարիզի քաղաքապետն էր, որքան կը յիշեմ: Միջազգային մետիան օդէն կը նկարէր Փարիզի քաղաքապետարանէն Էլիզէ երթալու արարողութիւնը: Լաւ չեմ յիշեր եթէ ինքն էր իր մեքենան վարողը: Հաւանաբար՝ այո: Ճամբաները ամբողջ փակ էին կեդրոնական շրջանին մէջ: Միակ մեքենան իրն էր: Կեդրոնի քանի մը խաչմերուկներուն վրայ ուրկէ պիտի անցնէր, երթեւեկի լոյսերը կ՛աշխատէին: Հակառակ իր մեքենայէն բացի, ո՛չ մէկ մեքենայ կար ճամբան, իր մեքենան կանգ առաւ կարմիր լոյսերուն…դուն կրնաս պատկերացնել, ինչ պիտի ըլլար եթէ ան Լիբանանի նորընտիր նախագահ մըն էր կամ անոր շարժավարը…: Սքանչելի օրինակ մըն էր ժողովուրդին ենթագիտակցութիւնը տպաւորող: Երեւի այս է պատճառներէն մէկը, որ ֆրանսացին իր ինքնաշարժը օրէնքով կը վարէ, մինչ լիբանանցին երթեւեկի լոյսերը կաղանդի ծառի լոյսերուն հետ շփոթած է…:

 

Գէորգ սիրելիս, ըստ իս, առկայ մշակոյթէն, առնականութեան հասկացողութենէն, քաղաքականութենէն եւ զգացականութենէն վեր եւ անդին՝ պատասխանատուութեան գիտակցութիւն ըսուող բանը կայ, որ պետական մարդ մը գոնէ պէտք է ունենայ եւ լաւ ու ճիշդ օրինակ հանդիսանայ: 

 

Ես պետական մարդ չեմ: Չեմ գիտեր ճիշդ ինչպէս պիտի վարուէի նոյն դրութեան մէջ: Սակայն զաւակս եթէ մօտս կամ դիտողը ըլլար, հաւանաբար ըլլայի աւելի ինքնազուսպ, որպէսզի վայրագութիւն չսորվեցնեմ իրեն, իր անձնական ապահովութեան համար եւս: Վստահ իրեն պիտի բացատրէի վերջը, թէ ինչո՞ւ զուսպ էի…:

 

Գէորգ երկուքս ալ մայրեր ունինք/ունեցած ենք: Անոնք սուրբ են մեզի համար: Փողոցի լակոտ մը չէ, որ պիտի որակէ մեր մայրերը, ո՛չ ալ մեր մայրերը տուեալ այդ լակոտին որակումով է որ կ՛արժեւորուին: Հետեւաբար շատ զգայուն պիտի չըլլայի եւ պիտի հասկնայի որ դիմացինս,  նման դաստիարակութեամբ՝ ինքն է իր տուած ածականով մօր զաւակը…  եւ պիտի ցաւէի իր վրայ:

 

Հաւատացեալ մը չեմ ժողովրդային հասկացողութեան չափանիշով: Սակայն կ՛ուզեմ, որպէս Մարդ ապրիլ եւ երբ անդրադառնամ, որ կրկէսի մէջ եմ, կը փորձեմ գազանազուսպը ըլլալ եւ ո՛չ գազաններէն մին:

 

Լաւ եղիր սիրելիս: Առողջ մնայ: Կը տեսնուինք:

 

Միշտ սիրով՝

Սեւակ (Յակոբեան)

 

*****

2 Մայիս 2020

 

Սեւակ ճան,

 

Բարի լո՜յս Հայրենիքէն, ուր կաս-կապոյտ երկինքը կը տարածէ գարնանային լաւատեսական տրամադրութիւն մը՝ ի տարբերութիւն Լիբանանի, որու դէպքերուն հոս կը հետեւին ՄԵԾԱԳՈՅՆ ՏԱԳՆԱՊով: Անշուշտ, բոլորին մտահոգութեան կիզակէտին մէջ հայկական գաղութն է: Աստուած փրկէ զայն քորոնայէ եւ երկոտանի քորոնաներէ, որոնց վարակէն երեւի փրկութիւն չունի Լիբանանը:

Որքան հասկցայ պատասխանէդ, հաւանաբար կ՛անտեսէիր մօրդ հասցէին հրապարակաւ հայհոյանքը, կամ նոյնիսկ քմծիծաղով մը դիմացինդ ոչնչութիւն կը համարէիր եւ կ՛անցնէիր կ՛երթայիր քու գործիդ:

Այս առթիւ քեզի պատմեմ հետս պատահածը:

Մօտ 20 ամիս առաջ, «Նոր Հայաստան, նոր հայրապետ» շարժումին մասնակցութենէն ետք, եւ շուրջ 15 ամիս, գրեթէ ամէն օր, օրական առնուազն 10 անգամ, յաճախ՝ գիշերուան ժամերուն, ԲԱՑ ԹԻՒով մէկը կը հեռաձայնէր ինծի, ու երբ կը միացնէի, ան սկիզբը զիս «պարոն» կը կոչէր քաղաքավարութեամբ, ապա՝ լսուած-չլսուած հայհոյանքներ կ՛ուղղէր ինծի: Անշուշտ, կ՛ենթադրէի, որ շրջապատէն մէկն ըլլալու էր: Երբ համը շատ ելաւ, դիմեցի ոստիկանութեան կեդրոնական բաժին: Ինծի ցոյց տուին ապրած թաղիս՝ Շենգաւիթի ոստիկանութեան ճամբան: Վերջինիս ԳՐԱՒՈՐ ԲՈՂՈՔ ներկայացուցի՝ պահանջելով ապահովել հանգստութիւնս: Խոստացան զբաղիլ: Գրեթէ երեք շաբաթ ետք զիս նոյն ոստիկանատունը կանչեցին: Գացի: Հարիւրապետ մըն էր: Ըսաւ, թէ գտած են հեռաձայնողին ինքնութիւնը. Ոսկեհատէն անձ մըն է, որ հոգեկան հիւանդի թուղթ ունի: «Ուրեմն,– ըսի,– ան իրաւունք ունի ուրիշնե՞րը անհանգստացնելու: Խե՞նթ Է՝ խենթանոց տարԷք»: Ասոր վրայ, հարիւրապետը հեռաձայնեց զիս անհանգստացնողի թիւին: Երբ դիմացինը վերցուց ու ան ներկայացաւ որպէս ոստիկանութեան հարիւրապետ, 2-3 երկվայրկեան ետքը՝ «խենթը» անջատեց կապը: Մէկ վայրկեան ետք երբ նորէն կապուեցաւ, հարիւրապետին բերնէն միայն լսեցի հետեւեալը. «Դատախա՞զ: Լաւ, եղաւ, պարոն դատախազ»,– եւ այս անգամ ինքը անջատեց կապը: Ինծի դառնալով՝ ըսաւ. «Պարոն Գէորգ, մեր դիմաց դատախազ է: Ցաւում եմ, որ չեմ կարող ձեզ օգնել»: Ինծի համար ամէն ինչ հասկնալի էր… Հարիւրապետին ըսի, որ իրենք կը կրեն պատասխանատուութիւնը եթէ զիս անհանգստացնողին նկատմամբ համապատասխան քայլերու դիմեմ, որոնք կրնան նոյնիսկ անօրինական ըլլալ, եւ դուրս ելայ ոստիկանատունէն:

Հեռաձայնները երկու ամիսի չափ շարունակուեցան, ապա դադրեցան:

Այս բոլորէն ետք, եթէ այդ «խենթը» շարունակէր զիս առտու-գիշեր անհանգստացնել ու ես բիրտ միջոցներու դիմէի զայն կարգի հրաւիրելու համար, պէ՞տք էր զիս մեղադրել: Քեզի ուղղածս հարցումը ճիշդ այսպիսի իրավիճակին կը վերաբերէր՝ ԱՂԱՂԱԿՈՂ ԱՆԱՐԴԱՐՈՒԹԵԱՆ ՈՒ ԱՊՕՐԻՆՈՒԹԵԱՆ ԴԻՄԱՑ ԻՆՔՆԱԳՈՐԾՈՒՆԷՈՒԹԻՒՆ ԹՈՅԼԱՏՐԵԼԻ՞ Է, ԹԷ՞ ՈՉ: Նոյնը կը վերաբերի Լիբանանին՝ այս վերջին կէս տարին. ԱՀԱՒՈՐ ՉԱՓԵՐՈՒ ՀԱՍԱԾ ՓՏԱԾՈՒԹԵԱՆ ԴԷՄ ԺՈՂՈՎՐԴԱՅԻՆ ՑԱՍՈՒՄԸ ԱՐԴԱ՞Ր Է, ԹԷ՞ ՈՉ: Խմբագրականներովդ դրական պատասխան տուած ես վերջին հարցումին, մինչդեռ առաջինը, ըստ 1 Մայիսի խմբագրականիդ ու այս պատասխանիդ, իրականութեան մէջ դրականօրէն չես պատասխանած: Ինչ որ կարելի է Լիբանանի ժողովուրդին, կարելի չէ՞ Հայաստանի Հանրապետութեան ժողովուրդին ու անոր մաս կազմող անհատներուն: Երկու չափ, երկու կշի՞ռ…

 

Լաւագոյն մաղթանքներով՝

Գէորգ

 

(որոշ յապաւումներով – խմբ.)

 

*****

3 Մայիս 2020

 

Սիրելի Գէորգ,

 

Շնորհակալ եմ նամակիդ: Լիբանանահայութեան պարագան իմ տեսանկիւնէն այս անգամ անյոյս կ՛երեւի: Համայնքային իմաստով լուրջ եւ պատասխանատու քայլեր կան, որ պէտք է առնուին քանի ուշ չէ: Այս ընելու համար կը պակսին լուրջ «պատասխանատուներ», որովհետեւ օրինակի համար դպրոցներու հոգաբարձուներ կան, որոնք իրենց պաշտօնը կարմիր փողկապ կապած 5 շրջանաւարտի հետ նկարուիլն է կը կարծեն: Հայ թերթը քննադատողներ եւ մեզի դաս տուողներ կան, որոնք թերթը, ո՛չ կարդացած են, ոչ ալ անոր բաժանորդագրուելու տրամադրութիւնը ունին: Բարեսիրական հաստատութիւններ կան, որոնք առանց թմբուկ աղաղակի մէկ տոլար տրամադրելու պատրաստ չեն, եւ իրարամերժութեան ու անհանդուրժողականութեան երեւոյթը հանդէպ ո՛չ իւրայինին կը մնայ նոյն հին «տրամաբանութեամբ» մինչ նման մտածողութիւն՝ աւելի քան անհեթեթ է այս օրերուն ուր բոլորս վտանգուած ենք…:

Իսկ ինչ կը վերաբերի Լիբանանին ընդհանրապէս, սկսայ հաւատալ, որ այն ֆահլաուի ըլլալու առասպելը, եւ թէ լիբանանցին ինչպէս նետես ոտքերուն վրայ կ՛իյնայ, այս անգամ ճիշդ դուրս պիտի չգայ եւ լիբանանցիներս մեր քիթին-բերնին վրայ գետին պիտի իյնանք…:

 

Պատմածդ շատ լաւ կը հասկնամ, սակայն կը կարծեմ որ ամէն անգամ եւ ամէնուն պատահող բան մը չէ եւ կարելի չէ զայն ընդհանրացնել, որպէս կանոն եւ մեր հակադարձութիւնը հիմնել անոր վրայ: Կը շարունակեմ հաւատալ, որ եթէ չենք ուզեր, որ աշխարհը վերածուի անտառի ուր տիրէ անտառի օրէնքը, ապա ինչ, որ տեղ պէտք է կառչած մնանք օրէնքի եւ ո՛չ թէ բռնի ուժին կամ իրաւունքն ու արդարութիւնը մարդ իր ձեռքով հաստատելու փորձութեան: Որովհետեւ վերջինին պարագային, ակն ընդ ականի իրավիճակը անհատնում ու անվերջ օղակի ցաւալի երեւոյթի կը վերածուի:

 

 

Սիրով՝

 

Սեւակ

 

*****

3 Մայիս 2020

Սիրելի՛ Սեւակ,

Շատ ծանր մատնանշումներ կ՛ընես հայկական կառոյցներու «պատասխանատու»ներու … անպատասխանատուութեան մասին: Ասիկա նորութիւն չէ հայկական իրականութեան մէջ: Ընդհակառակը, կարծես թէ ընդհանրացած երեւոյթը ա՛յդ է, եւ հակառակն է փոքրամասնութիւն կամ բացառութիւն:

Ճիշդ քու ակնարկածդ՝ օրէնքէն դուրս չելլելու համար ալ ամիսներ ու ամիսներ «կլլեցի» անձիս հասցուած հեռաձայնային անախորժութիւնները, նաեւ Հ. Հ.ի ոստիկանութեան … պիղատոսութիւնը:

Դէմ չեմ մեր նամակագրութեան հրապարակումին՝ յուսալով որ ուրիշներ կ’արձագանգեն այդ նամակներու՝ մեր հասարակութեան բարոյականութեան եւ օրինապահութեան ուղղակիօրէն առնչուող բովանդակութեան: Հաւատացած եմ, որ ընդհանրապէս մամուլին առաքելութիւններէն մէկն ալ հասարակութիւնը դրական արժէքներով դաստիարակելուն նպաստելն է:

 

Լաւագոյն մաղթանքներով՝

Գէորգ

Աջակցէ՛ ԶԱՐԹՕՆՔ-ին. Ապահովէ՛ Անոր Գոյերթը

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին