Կիրակի, 07. 07. 2024

spot_img

Ձեր Սրտաբուխ Նուիրատուութիւններով Միայն Կարելի Է Ծառայել Մեր Շրջապատին

ՌԱԿ Լիբանանի ընկերային ծառայութեան գրասենեակը հաւատարիմ ՌԱԿ Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան կողմէ իրեն վստահուած առաքելութեան, Ապրիլ ամսուայ ընթացքին եւս շարունակեց իր մարդկային առաքելութիւնը, իր օժանդակութեան ձեռքը մեկնելով բոլոր այն ընկերներուն եւ բարեկամներուն, որոնք տնտեսական դժուարութիւն կը դիմագրաւեն:

Արդարեւ, մեր գրասենեակը Ապրիլ ամսուայ ընթացքին իր ստացած անանուն նուիրատուութիւններէն գոյացած գումարը դարձեալ տրամադրեց տնային պարէնաւորումի ուտեստեղէններով լեցուն տուփեր պատրաստելու եւ զանոնք սիրով ցրուելու իր ցանկերուն վրայ գտնուող հայորդիներուն: 

Այս առիթով, ՌԱԿ Լիբանանի ընկերային ծառայութեան գրասենեակը կու գայ շնորհակալութիւն յայտնելու Ապրիլ ամսուայ իր նուիրատուներուն, որոնք իրենց լումաները վստահեցան իրեն, ընկերներու եւ բարեկամներու ընտանիքներուն սրտանց օգտակար ըլլալու միտումով: Այս նեղ օրերուն, մեր ազնիւ նուիրատուներուն միջոցով է միայն, որ մենք կը կարենանք շարունակել ծառայել մեր շրջապատին։

Ձեր ազնիւ օժանդակութիւնը մեզի հասցնելու համար կարելի է մեր հետ հաղորդակցութեան մտնել ուղղակի այցելելով մեր գրասենեակը՝ Թէքէեան Կեդրոն Ժըմմէյզի, կամ կապուելով +961 1 566709 / +961 1 561030 / +961 70 859148 հեռաձայնի թիւերուն, ինչպէս նաեւ centretekeyan@yahoo.com ել-նամակին:

Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան

 Լիբանանի Ընկերային Ծառայութեան Գրասենեակ   

Աջակցէ՛ ԶԱՐԹՕՆՔ-ին. Ապահովէ՛ Անոր Գոյերթը

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին