Երեքշաբթի, 03. 02. 2026

spot_img

Լիբանան Չորսօրեայ Խիստ Արգելափակումներու Սեմին

Լիբանան այսօր երեկոյեան պիտի մտնէ ամբողջական փակումի հանգրուանի մէջ, որ պիտի տեւէ 4 օր: Այս մասին որոշում կայացուց կառավարութիւնը երէկուայ իր ժողովին ընթացքին: Նախարարաց խորհուրդը այս որոշումին հանգեցաւ երբ որոշ նուազումէ ետք քորոնա ժահրով  վարակակիրներու համեմատաբար մեծ թիւեր սկսան արձանագրուիլ վերջին օրերուն:

Ընդհանուր փակումը ընթացք պիտի առնէ այս երեկոյեան ժամը 19:00ին եւ պիտի տեւէ մինչեւ յառաջիկայ Երկուշաբթի առաւօտ: Բացառութիւններու մասին հաղորդագրութիւն մը կը հրապարակուի շուտով Ներքին գործոց նախարարութեան կողմէ::

Իրավիճակի վերարժեւորումը պիտի կատարուի յառաջիկայ Կիրակի երեկոյեան եւ ըստ այնմ որոշում կայացուի Երկուշաբթի դարձեալ բանալու առնչութեամբ:

Քաղաքացիներէն պահանջուած է մնալ իրենց տուները եւ դուրս չգալ բացի չափազանց անհրաժեշտ պարագաներու համար:

Մինչ այդ Առողջապահութեան նախարարութիւնը պիտի բազմապատկէ իր ճիգերը աւելի եւս մեծ թիւով քաղաքացիներու համար քննութիւններ անցնելու:

Լիբանանի տարածքին երէկ, 11 նոր վարակակիրներ գրանցուեցան ընդհանուր թիւը հասցնելով՝ 870-ի:

Աջակցէ՛ ԶԱՐԹՕՆՔ-ին. Ապահովէ՛ Անոր Գոյերթը

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին