Հայաստանի մէջ, 11 մայիսին, ժամը 11:00-ի դրութեամբ, հաստատուած է «Քորոնա» Ժահրով վարակուածներու ընդհանուր թիւը հասաւ 3392ի:
Այս մասին նշուած է ՀՀ առողջապահութեան նախարարութեան Հիւանդութիւններու վերահսկման եւ կանխարգելման ազգային կեդրոնի կայքին մէջ:
Այս պահուն փաստացի բուժում կը ստանան 1970 վարակակիրներ: Ընդհանուր առմամբ, կատարուած է 32 561 քննութիւն: Երէկ արձանագրուած են 79 նոր վարակակիրներ: Առողջացած են 34 հիւանդներ։
Ընդհանուր առմամբ, «Քորոնա» ժահրային հիւանդութենէն արձանագրուած է մահուան 46 (երէկ աւելցած է 1 պարագայ):
ՀՀ առողջապահութեան նախարարութենէն յայտնած են, որ մահացած հիւանդը եղած է 69 տարեկան տղամարդ:






