Ծանր մարտեր սուրիական Սահըլ Ալ Ղապ շրջանին մէջ:
Սուրիոյ բանակի պաշտպանական դիրքեր թիրախ դարձած են գրոհներու։
Նշենք, որ անցնող օրերուն ծանր մարտեր տեղի ունեցած են Համայի մերձ գտնուող եւ Սահըլ Ալ Ղապ եւ Ժապալ Զաուիյա շրջաններուն մէջ, ուր Հըզպ իսլամի թուրքիստանի անունով յայտնի կազմակերպութեան զինեալներ հաուըն տիպի հրթիռներով հարուածներ հասցուցած են շրջանի Սուրիոյ բանակի պաշտպանական դիրքերու ուղղութեամբ։ Աւելի ուշ անոնք գործի դրած են ականուած ինքնաշարժներ, որոնց պայթումին հետեւանքով սպանուած են Սուրիոյ բանակի 29 զինուորներ։
Ներկայ պահու դրութեամբ շրջանին մէջ կը տիրէ զգուշաւոր հանդարտութիւն։






