Երեքշաբթի, 03. 02. 2026

spot_img

ԱՄՆ եւ Չինաստան Տեղեկատուական Պատերա՞զմ

ԱՄՆ-ի եւ Չինաստանի՝ «Քորոնա» ժահրի յարուցիչի ծագման վերաբերեալ «վէճերու» ֆոնին Գերմանիոյ Դաշնային հետախուզական ծառայութիւնը (BND) ժահրի առաջացման մասին իր եզրակացութիւնը ներկայացուցած է, կը գրէ inopressa.ru կայքը։

Կայքի փոխանցմամբ՝ ամերիկեան կողմի մեղադրանքներուն համաձայն՝ «Քորոնա» ժահրը չինական տարրալուծարանէ «դուրս եկած է», սակայն չինացիները կը հերքեն այդ վարկածը եւ անգամ հարցականի տակ կը դնեն այն պնդումը, թէ վարակը իրենց երկրին մէջ առաջացած է․ աւելին՝ վերջերս Չինաստանի արտաքին գործոց նախարար Չժաօ Լիցզիանը յայտարարած է, որ ամերիկեան բանակը ժահրը իրենց երկիր «բերած է»։

Գերմանական դաշնային հետախուզական ծառայութիւնն այս շաբաթ պատգամաւորներուն յայտնած է իր եզրակացութիւններու մասին եւ խօսած է Ուաշինկթընի եւ Փեքինի միջեւ «տեղեկատուական պատերազմի» մասին։ Նշուած է, որ յատուկ ծառայութիւնները որեւէ ապացոյց չունին, որ ժահրը տարրալուծարանի մէջ ստեղծուած է: Հետազօտողները շատ աւելի հաւանական կը համարեն չինական՝  վայրի կենդանիներու շուկային մէջ ժահրի՝ չղջիկէ մարդուն փոխանցուելու վարկածը։ Սակայն սա դեռ որպէս տեսութիւն կը մնայ:

Պունտեսթագի մէջ Գերմանական Ազատ դեմոկրատական կուսակցութիւնը կը ցանկայ հետաքննող յանձնաժողով ստեղծել, որ համաճարակի մեկնարկային կէտ համարուող Չինաստանի մէջ կը հետազօտէ SARS-CoV-2- ի ծագումն ու տարածումը։  Յայտնի է, որ աշխատանքային խումբին մէջ անկախ փորձագէտներ պէտք է ըլլան, որոնք յաւելեալ լիազօրութիւններ պիտի ունենան։

Աջակցէ՛ ԶԱՐԹՕՆՔ-ին. Ապահովէ՛ Անոր Գոյերթը

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին