Թուրքիոյ ԱԳՆ-ն սպառնացած է, որ պիտի թիրախաւորէ զօրավար Խալիֆա Խաֆթարի ուժերը, եթէ լիպիացի զօրավարին զօրքերը շարունակեն վնաս հասցնել Լիպիոյ մէջ Թուրքիոյ շահերուն եւ դիւանագիտական առաքելութեան, կը հաղորդէ Reuters-ը։
Թուրքիան նաեւ որակած է Թրիփոլիի մէջ Միթիկի օդակայանի հրետանային գնդակոծումը որպէս ռազմական յանցագործութիւն:
Աւելի կանուխ Թուրքիան եւ Իտալիան յայտարարած էին Թրիփոլիի մէջ իրենց դեսպանութիւններու շրջակայքի գնդակոծման մասին։






