Երեքշաբթի, 09. 09. 2025

spot_img

ՑԱՒԱԿՑՈՒԹԻՒՆ

 Պէյրութ, 7   Մայիս  2020

 Թանկագին  սգակիր  հարազատներ,

     ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ի Կեդրոնական Վարչութեան  եւ  համայն  ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ի  ընտանիքին անունով   ընդունեցէք  մեր խորազգած  ցաւակցութիւնը նուիրեալ եւ սիրուած  միութենական Յարութ   Տեմիրճեանի  մահուան առիթով:

   Ողբացեալ Յարութ Տեմիրճեան  իր  համեստ,  ծառայասէր  եւ անբասիր նկարագիրով  երկար տարիներ   ծառայեց   մեր Միութեան եւ  անգնահատելի դերակատարութիւն    ունեցաւ  պասքեթպոլի   բնագաւառէն ներս  ՀԵԸ  Անդրանիկի  արձանագրած յաջողութիւններուն մէջ: Ան սիրուեցաւ բոլորէն, շնորհիւ իր աշխատասէր նկարագիրին եւ  միութենականի  յատուկ՝ զոհաբերութեան պատրաստ ոգիին:  

 Տիպար  միութենական Յարութ  Տեմիրճեանի  յիշատակը միշտ վառ պիտի մնայ մեր  մտքերուն եւ յիշողութեան մէջ:

Յիշատակն արդարոց  օրհնութեամբ  եղիցի:

 

ՀԵԸ-ի  Կեդրոնական Վարչութիւն

Աջակցէ՛ ԶԱՐԹՕՆՔ-ին. Ապահովէ՛ Անոր Գոյերթը

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին