Երեքշաբթի, 10. 06. 2025

spot_img

Տեսանկիւն․ Ամօթ

Խայտառակութիւն մը եւ ո՛չ միայն: ՀՀ կառավարութեան գործունէութեանց քննարկման ժամանակ երէկ, Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի ներկայութեամբ, «Լուսաւոր Հայաստան» խմբակցութեան նախագահ՝ պատգամաւոր  Էտմոն Մարուքեանի ելոյթի ժամանակ ծեծկռտուք տեղի ունեցաւ ՀՀ Ազգային Ժողովին  մէջ: 

Ամենատգեղը բանը այս պատահարին մէջ, այն էր, որ ան պատահեցաւ  Հայ ժողովուրդին համար շատ խորհրդանշական  օրը՝  Շուշիի ազատագրման տօնին։

Պէտք է յիշել, որ երէկ նաեւ երկրապահի օրն էր, որուն  նախագահ Սասուն Միքայէլեանը խորհրդարանին մէջ սպառնաց կտրել ընդդիմադիր գործիչին վիզը…։

Ա՞յս է մեր երազներու հայրենիքին  Ազգային ժողովին մակարդակը։ Երէկուայ տեսարանը հարուած մըն է բոլորիս, որուն հերոսները իրապէս չեն գիտեր, թէ ի՞նչ կ՛ընեն: Արդեօ՞ք չեն գիտեր…:

Այլապէս ալ մեղադրելի եւ զզուելի այդ տեսարանը, գոնէ Շուշիի յաղթանակի տարեդարձին տեղի չունենար: Այդ օրը գոնէ ըլլայինք աւելի զգոյշ, համբերող, հանդուրժող եւ հասուն մարդ արարածներ: Այսպէ՞ս է, որ կը յարգենք յիշատակը Շուշիի ազատագրութեան ճամբուն ինկած մեր հերոսներուն:

Մեր նահատակներուն տեսլականէն շատ հեռու է այսօրուայ մեր խորհրդարանն ու այնտեղ պարզուող իրավիճակը…: Փողոցային ոճով հարցեր լուծելը, մեր երկրին խորհրդարանին վայել երեւոյթ մը չէ եւ կ՛ամչցնէ մեզ՝ բոլորս:

Անհանդուրժողականութեան եւ ծեծկռտուքի  այս մշակոյթը մեր խորհրդարանը մտցնողները հաշիւ ունին տալիք մեր ժողովուրդին: Ազգային ժողովը, ազգային մանկապարտէզի վերածած մարդիկ,  պատմութեան, մեր ժողովուրդին եւ Աստուծոյ առջեւ պատասխանատու են: Անոնք՝ հաշիւ ունին տալիք Շուշիի ազատագրման համար մղուած հերոսամարտին ինկած մեր տղոց յիշատակին:

Ամօթ երէկուայ խայտառակութեան «հերոսներուն»: Հազար ամօթ:

 

ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ

Աջակցէ՛ ԶԱՐԹՕՆՔ-ին. Ապահովէ՛ Անոր Գոյերթը

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին