ԱԺ-ի մէջ «Լուսաւոր Հայաստան» խմբակցութեան նախագահ Էտմոն Մարուքեանի ելոյթի պահուն ծեծկռտուք տեղի ունեցաւ: Բախումը ծաւալեցաւ պատգամաւորներ Սասուն Միքայէլեանի եւ Էտմոն Մարուքեանի միջեւ, որուն ներքաշուեցան այլ պատգամաւորներ եւս:
Միջադէպին պատճառով ԱԺ նիստը ընդհատուեցաւ շուրջ 3 ժամ:
Դահլիճ վերադարձէ ետք Մարուքեան իր խօսքը շարունակեց եզրակացնելով, որ. «Միջադէպը պէտք է ունենայ քաղաքական հետեւանքներ: Այն, ինչ տեղի ունեցած է, մեծ հաշուով մեր խնդիրն ալ է, բայց աւելի շատ յեղափոխութեան առաջնորդի խնդիրն է: Մենք հիմա կը լքենք նիստերու դահլիճը եւ ապագային՝ կապուած քաղաքական գնահատականներէն եւ հետեւանքներէն կ’ընենք եզրայանգումներ, կ’որոշակիացնենք մեր ընելիքները եւ կը հասկնանք, թէ ապագային ինչպէս պիտի աշխատինք այս խորհրդարանէն ներս»:
Անկէ ետք «Լուսաւոր Հայաստան» խմբակցութեան բոլոր պատգամաւորները լքեցին նիստերու դահլիճը:






