Մինչ Լիբանանի կառավարութեան խարխափումը կը շարունակուի եւ իշխանութիւն-ընդդիմութիւն վիհը կը խորանայ: Մինչ կառավարութեան անդամները առանց համակարգումի կը գործեն՝ առողջապահութեան նախարարութիւնը մտահոգ է քորոնա ժահրով եւ կոչ կ՛ուղղէ ժողովուրդին մնալ զգոյշ, ներքին ապահովութեան մարմինները առողջական արտահերթ իրավիճակը կ՛երկարաձգեն, կրթութեան նախարարը շուտով դպրոցները բանալու հաստատումներ կ՛ընէ…: Լիբանանցի ժողովուրդը շփոթած եւ անճար է երկրին մէջ ստեղծուած անլուծելի թնճուկներու դիմաց:
Մինչ այդ, «Քորոնա» ժահրով վարակուածներու թիւը Լիբանանի մէջ հասաւ 796-ի, երբ 12 պարագաներ գրանցուեցան, որոնց վեցը Լիբանան հասած էին արտասահմանէն։ «Քորոնա»ի հետեւանքով մահուան պարագայ մըն ալ արձանագրուեցաւ երէկ:






