Պէյրութ, 7 Մայիս 2020
Թանկագին սգակիր հարազատներ,
ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ի Կեդրոնական Վարչութեան եւ համայն ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ի ընտանիքին անունով ընդունեցէք մեր խորազգած ցաւակցութիւնը նուիրեալ եւ սիրուած միութենական Յարութ Տեմիրճեանի մահուան առիթով:
Ողբացեալ Յարութ Տեմիրճեան իր համեստ, ծառայասէր եւ անբասիր նկարագիրով երկար տարիներ ծառայեց մեր Միութեան եւ անգնահատելի դերակատարութիւն ունեցաւ պասքեթպոլի բնագաւառէն ներս ՀԵԸ Անդրանիկի արձանագրած յաջողութիւններուն մէջ: Ան սիրուեցաւ բոլորէն, շնորհիւ իր աշխատասէր նկարագիրին եւ միութենականի յատուկ՝ զոհաբերութեան պատրաստ ոգիին:
Տիպար միութենական Յարութ Տեմիրճեանի յիշատակը միշտ վառ պիտի մնայ մեր մտքերուն եւ յիշողութեան մէջ:
Յիշատակն արդարոց օրհնութեամբ եղիցի:
ՀԵԸ-ի Կեդրոնական Վարչութիւն