Երեքշաբթի, 10. 03. 2026

spot_img

«Լուսաւոր Հայաստան» Խմբակցութիւնը Լքեց Ազգային Ժողովի Նիստերու Դահլիճը

ԱԺ-ի մէջ «Լուսաւոր Հայաստան» խմբակցութեան նախագահ Էտմոն Մարուքեանի ելոյթի պահուն ծեծկռտուք տեղի ունեցաւ: Բախումը ծաւալեցաւ  պատգամաւորներ Սասուն Միքայէլեանի եւ Էտմոն Մարուքեանի միջեւ, որուն ներքաշուեցան այլ պատգամաւորներ եւս:

Միջադէպին պատճառով ԱԺ նիստը ընդհատուեցաւ շուրջ 3 ժամ:

Դահլիճ վերադարձէ ետք Մարուքեան իր խօսքը շարունակեց եզրակացնելով, որ. «Միջադէպը պէտք է ունենայ քաղաքական հետեւանքներ: Այն, ինչ տեղի ունեցած է, մեծ հաշուով մեր խնդիրն ալ է, բայց աւելի շատ  յեղափոխութեան առաջնորդի խնդիրն է: Մենք հիմա կը լքենք նիստերու դահլիճը եւ ապագային՝ կապուած քաղաքական գնահատականներէն եւ հետեւանքներէն կ’ընենք եզրայանգումներ, կ’որոշակիացնենք մեր ընելիքները եւ կը հասկնանք, թէ ապագային ինչպէս պիտի աշխատինք այս խորհրդարանէն ներս»:

Անկէ ետք «Լուսաւոր Հայաստան» խմբակցութեան բոլոր պատգամաւորները լքեցին նիստերու դահլիճը:

Աջակցէ՛ ԶԱՐԹՕՆՔ-ին. Ապահովէ՛ Անոր Գոյերթը

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին