Կիրակի, 15. 03. 2026

spot_img

ՄԱԿ-ի Մէջ Տարածուած է Արցախի Հանրապետութեան ԱԳՆ Յուշագիրը

ՄԱԿ-ի Մէջ Տարածուած է Արցախի Հանրապետութեան ԱԳՆ Յուշագիրը

Միաւորուած ազգերու կազմակերպութեան մէջ որպէս պաշտօնական փաստաթուղթ տարածուած է Արցախի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութեան յուշագիրը /https://undocs.org/ru/A/74/771/` հասցէագրուած կազմակերպութեան Գլխաւոր քարտուղարին` 1992-ի Փետրուարին ատրպէյճանական զինուած կազմաւորումներէն Խոջալուի ազատագրման ժամանակ տեղի ունեցած իրադարձութիւնները կեղծելու Ատրպէյճանի չդադրող փորձերու առնչութեամբ:

Այս մասին «Եռագոյն»-ը կը տեղեկանայ Արցախի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութենէն:

«Փաստաթուղթին մէջ փաստեր կը բերուին այն մասին, որ Արցախի Հանրապետութեան ինքնապաշտպանական ուժերու գործողութիւնները` ուղղուած Խոջալուի մէջ տեղակայուած ատրպէյճանական զինուած ուժերու հրետանիի կրակային դիրքերու չէզոքացման, ինչպէս նաեւ Ստեփանակերտի օդակայանի ապաշրջափակման, պայմանաւորուած էին բացառապէս ռազմական անհրաժեշտութեամբ եւ կը համապատասխանէին միջազգային մարդասիրական իրաւունքի օրէնքներուն եւ սկզբունքներուն:  

Հակառակը` ատրպէյճանական կողմը վերը նշուած իրադարձութիւններու ընթացքին  կատարած է միջազգային մարդասիրական իրաւունքի շարք մը օրէնքներու կոպիտ խախտումներ: Մասնաւորապէս, ռազմավարական դիրքերու պահպանման նպատակով Ատրպէյճանի իշխանութիւնները կ՛որոշէին չտարհանել քաղաքացիական բնակչութիւնը: Ատրպէյճանական զինծառայողներու կողմէ պատսպարուելու նպատակով խաղաղ բնակչութեան որպէս կենդանի վահան օգտագործելը ոչ միայն միջազգային մարդասիրական իրաւունքի կոպիտ խախտում է, այլեւ Միջազգային քրէական դատարանի Հռոմի կանոնադրութեան 8-րդ յօդուածի 2-րդ մասի /բ/ կէտի /xxiii/ ենթակէտի համաձայն` հաւասարազօր է ռազմական յանցագործութեան:

Հետեւեալ հանգամանքներու  ողբերգական զուգադիպումը, մասնաւորապէս` Ատրպէյճանի կողմէ միջազգային մարդասիրական իրաւունքի կանոնններու միտումնաւոր խախտումը, Ատրպէյճանի մէջ իշխանութեան համար պայքարը եւ ատով պայմանաւորուած` ատրպէյճանական զինուած ուժերու մէջ հրամանատարութեան միասնականութեան բացակայութիւնը յանգեցուցին անոր, որ եղան մարդկային զոհեր` հակառակ Արցախի ինքնապաշտպանական ուժերու կողմէ իրականացուած պաշտպանական բոլոր քայլերուն, ներառեալ` գործողութեան մասին վաղօրօք նախազգուշացումը եւ մարդասիրական միջանցքի ստեղծումը:

Ատրպէյճան կը շարունակէ կեղծարարութեան եւ ապատեղեկատուութեան քաղաքականութիւն իրականացնել` ատրպէյճանական զինուած կազմաւորումներէն Խոջալուի ազատագրման ժամանակ տեղի ունեցած իրադարձութիւններու վերաբերեալ կեղծ պնդումներ տարածելով` ատրպէյճանական հանրութեան մէջ հակահայկական հիստերիայի եւ հայերու հանդէպ ատելութեան արմատաւորման նպատակով»,- ըսուած է Արցախի ԱԳՆ հաղորդագրութեան մէջ:

Աջակցէ՛ ԶԱՐԹՕՆՔ-ին. Ապահովէ՛ Անոր Գոյերթը

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին