Ընդհանուր 34 քորոնա ժահրի վարակակիր անձեր գրանցուեցան երէկ: Այս մասին հաղորդեց առողջապահութեան նախարարութիւնը: Լիբանանի մէջ վարակակիրներու ընդհանուր թիւը հասաւ 784ի:
Երէկուայ թիւին մէջ միայն մէկն էր, որ տեղական վարակի հանգամանք ունէր: Միւսները վերջերս երկիր վերադարձած լիբանանցիներ էին (25ը Նիճէրիայէն), որոնց քննութեան արդիւնքը դրական դուրս եկաւ:
Հիւանդները անմիջապէս հիւանդանոց փոխադրուեցան, մինչ իրենց հետ ճամբորդ եղողները դրուեցան լուրջ հսկողութեան տակ:






