Կիրակի, 15. 03. 2026

spot_img

Առաջնագիծի Վրայ 225 Գերժամանակակից Տեսադիտարկման Սարք Տեղադրուած է․ ՊՆ Խօսնակ

ՀՀ ՊՆ ԶՈւ ժամկէտային անձնակազմի 74 տոկոսը արդէն կը սնուի նոր սննդակարգով, իսկ Մայիս 8-էն թիւը պիտի հասնի 90 տոկոսի։ Այս մասին  կը տեղեկանանք ՀՀ պաշտպանութեան նախարարի մամուլի խօսնակ Շուշան Ստեփանեանէն։

«Առաջնագիծի վրայ տեղադրուած է 225 գերժամանակակից տեսադիտարկման սարք։ Արդիւնաբերական հոսանք ստացած է 64, մշտական ջուրով ապահովուած է 134 մարտական դիրք։ Մոտուլային բաղնիք կահաւորուած է 35 մարտական դիրքի մէջ։ Մարտական դիրքերու անձնակազմի 54 տոկոսը կը սնուի նոր սննդակարգով»,- գրած է Ստեփանեանը, որ մէջբերած է կառավարութեան ծրագրի կատարման ընթացքին եւ արդիւնքներուն մասին ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի տարեկան զեկոյցի տուեալներէն։

Աջակցէ՛ ԶԱՐԹՕՆՔ-ին. Ապահովէ՛ Անոր Գոյերթը

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին