Երկուշաբթի, 09. 06. 2025

spot_img

Կարօ Փայլան Խիստ Յանդիմանած է Էրտողանը՝ Անոր Վերջին Աղմկայարոյց Արտայայտութեան Պատճառով

Թուրքիոյ ընդդիմադիր քրտամէտ «Ժողովուրդներու դեմոկրատական» կուսակցութենէն (HDP-ԺԴԿ) ընտրուած հայ պատգամաւոր Կարօ Փայլան անդրադարձած է Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի վերջին աղմկայարոյց արտայայտութեան։ Այս մասին կը տեղեկանանք Ermenihaber.am-էն։

Էրտողանը, խօսելով ահաբեկչութեան դէմ պայքարին մասին, նշած էր, որ Թուրքիոյ մէջ կան «սուրի աւելցուկ» ահաբեկիչներ, որոնց թոյլ պիտի չի տան որեւէ գործողութիւն իրականացնելու։

Փայլան, ի պատասխան Էրտողանի այս յայտարարութեան, գրառում կատարած է Facebook-ի իր էջին վրայ.

«Էրտողանը՝ երէկ երեկոյեան իր ատելութեամբ լեցուն ելոյթի ժամանակ՝ դարձեալ օգտագործեց «սուրի աւելցուկ» արտայայտութիւնը։

Այդ արտայայտութիւնը կ՝օգտագործուի Հայոց Ցեղասպանութենէն փրկուած որբերը բնորոշելու համար, ինչպէս օրինակ տատիկս է։ Ամէն անգամ այս արտայայտութիւնը լսելով՝ մեր վէրքերէն դարձեալ արիւն կու գայ։ Ատիկա շատ անգութ արտայայտութիւն է»։

Աջակցէ՛ ԶԱՐԹՕՆՔ-ին. Ապահովէ՛ Անոր Գոյերթը

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին