ԱՄՆ Լիբանանի առողջապահութեան նախարարութեան օգնութիւն պիտի չցուցաբերէ քորոնա ժահրին դէմ իր պայքարին աշխատանքին մէջ ըսաւ Տէյւիտ Շէնքըր ԱՄՆ Մերձաւոր Արեւելքի հարցերով պետական քարտուղարին օգնականը: Ան այս բանին, որպէս պատճառ նշեց Կառավարութեան Հըզպալլայամէտ ըլլալը:
Այս բանին հակառակ ԱՄՆ կը շարունակէ մարդասիրական օգնութիւն ցուցաբերել ոչ կառավարական կազմակերպութիւններու միջոցաւ:






