Լիբանանի մէջ 2019-2020 կրթական տարեշրջանին ծիրէն ներս Միջնակարգի ՝ (Պրէօվէի) քննութիւններ պիտի չկայացուին։
Այս մասին յայտնեց Լիբանանի կրթութեան նախարար ՝ Թարէք Ալ Մաժզուպ։
Նշենք, որ նախարարը այս որոշումը առած է հաշուի առնելով Քորոնա Ժահրի հետեւանքով երկրին մէջ առկայ դրութիւնը։
Աւելի եւս լուսաբանելու համար իր որոշումը, ր Լիբանանի կրթութեան նախարարը այսօր՝ մամլոյ ասուլիս մը պիտի տայ։
Նշենք, որ Պաքալորէայի քննութեանց ճակատագրին մասին տակաւին նորութիւն մը չկայ:
Աջակցէ՛ ԶԱՐԹՕՆՔ-ին. Ապահովէ՛ Անոր Գոյերթը






