Երեքշաբթի, 10. 06. 2025

spot_img

Տեսակէտ. Սփիւռքակեդրոն Կը Նշանակէ՝ Արեւմտահայաստանակեդրոն

Մեր երեք տարբեր սփիւռքներէն (պատմական առումով՝ նախաեղեռնեան, յետ-եղեռնեան եւ յետ-անկախութեան), այս գրութեան մէջ, մենք պիտի խօսինք յետ-եղեռնեան մեծագոյն սփիւռքին մասին։ Այս նախնական ճշդումը անհրաժեշտ է, որովհետեւ՝ իրարմէ պատմականօրէն տարբեր սփիւռքները եւս, իւրաքանչիւրը բաղկացած է իրարմէ տարբեր այլ սփիւռքներէ. Աշխարհագրական, մշակութային ու վարչակարգային առումներով։

Ուրեմն, յետ-եղեռնեան գլխագիր ՍՓԻՒՌՔ-ը Տարագիր Արեւմտահայութեան պարտադրուած «հայրենիք»ն է։ Հետեւաբար, անոր պարտադրուած է նաեւ պայքարիլ հարազատ հայրենիք վերադառնալու համար, եւ՝ մինչ այդ լուսաւոր օրը՝ պայքարիլ նաեւ պահպանելու իր ազգային ինքնութիւնը ճակատագրին պարտադրած «հայրենիք»ին մէջ։ Եւ այս հայապահպանումին համար ալ՝ ան հարկադրուած է հետեւելու նաեւ ՍՓԻՒՌՔԱԿԵԴՐՈՆ արեւելումին։ Այս անգամին ալ, որպէսզի կարողանայ կազմակերպել աշխարհացրիւ ու բազմահպատակ արեւմտահայերու բեկորները կեդրոնական կառոյցի մը մէջ՝ տիրութիւն ընելու համար Տարագիր Արեւմտահայութեան Սփիւռքին վրայ, կասեցնելու կամ գէթ՝ դանդաղեցնելու համար անոր համակողմանի ՆԱՀԱՆՋ-ը, լուծելով այս նահանջին խնդիրներն ու դժուարութիւնները՝ կարելի եղած չափով…։ Այլ խօսքով՝ սիզիֆեան աշխատանք մը կը պահանջէ այս Սփիւռքը։

Իսկ այս ՍՓԻՒՌՔԱԿԵԴՐՈՆ արեւելումը ազատ կամ նախասիրական ու կամայական ընտրանք մը չէ, այլ՝ պարտադրական պատմական հրամայական անհրաժեշտութիւն մը՝ անխուսափելի եւ անշրջանցելի…։

Եւ այս պատմական հրամայական անհրաժեշտութեան գիտակցելու համար ալ՝ ան պարտի երբեք չմոռնալ իր Տարագրեալի Իրաւավիճակը, եւ չգործել ու չապրիլ իբրեւ Տարաբնակ մը, կամ Զբօսաշրջիկ մը, որ իր Արեւելահայաստան այցելութիւնները կը նկատէ զբօսաշրջութիւն, դառնալով՝ աշխարհաքաղաքացի մը, որ մոռցած է իր Տարագրեալ Արեւմտահայու ինքնութիւնը (այսինքն՝ Հայու ինքնութիւնը)։

Այս մոռացումը կը յանգի համայն Տարագիր Արեւմտահայութեան համակողմանի նահանջին՝ աստիճանաբար եւ անզգալաբար. ինչ որ համազօր է ինքնացեղասպանութեան՝ ամբողջացնելով 1915 թուի Հայասպանութիւնը…։

Իսկ Միջազգային Հանրային Իրաւունքը նախապայման կը նկատէ արեւմտահայ բեկորներու պատմական յիշողութիւնը իբր հայեր, այս բեկորներուն տալու համար միասնական ժողովուրդի մը իրաւավիճակը, որուն շնորհիւ միայն կրնան իրաւականօրէն պահանջատէր ներկայանալ Հայ Հողային Դատին…։

Կը կրկնենք. ՍՓԻՒՌՔԱԿԵԴՐՈՆ արեւելումը անհատական տեսակէտ չէ, անհատական ազատ ընտրանք չէ. այլ՝ ճակատագրի բերումով, Տարագիր Արեւմտահայութեան պարտադրուած հաւաքական վարքագիծ է… որուն համար աշխատիլն ու պայքարիլը սակայն, Տարագիր Հայ Անհատին ազատութիւնը ոչ թէ միայն չի՛ կաշկանդեր, այլ ընդհակառակը՝ կ՚ազատագրէ զինք հայրենազրկեալի յոռետեսութենէն, քանի որ իր այս աշխատանքին ու պայքարին շնորհիւ է միայն, որ կ՚ազատագրուի Արեւմտահայաստանը եւ հետեւաբար ինք…։ Որովհետեւ՝ հայրենազրկեալ անհատը ազատ անձ մը չէ, եւ անոր ազատագրութեան ուղին աշխատիլ ու պայքարիլն է Արեւմտահայաստանի ազատագրութեան համար, երբ ինք եւս պիտի դադրի հայրենազրկեալի իրաւավիճակէն, ու դառնայ ազատ մարդ։

Աս ճշմարտութեան լոյսին տակ, հարց չէ թէ՝ քանիներ հաւանութիւն պիտի տան այս ուղիին. այլ հարց է թէ՝ քանիներ յանձնառու պիտի ըլլան քալելու այս ուղիէն, որ անշուշտ շատ աւելի դժուարին յանձնառութիւն մըն է քան Ցեղասպանութեան լոկ բարոյական, ապաքաղաքական ու անբովանդակ ճանաչումը ձեռքբերելու կամ մուրալու յանձնառութիւնը։

Ուրեմն. այս երկրորդ կարգի յանձնառուները փախուստ կու տան աւելի դժուարին յանձնառութենէն, եւ այս վերջինները չեն կրնար Յարութիւն Սվաճեանի դատապարտած «սոֆոմորիա»ներու սոփեստութիւնը ընել, ըսելով թէ՝ իրենք երբ լոկ բարոյական ճանաչումը կ՚ուզեն, լռելեայն ուզած կ՚ըլլան նաեւ Հողային Դատին ճանաչումը… յետ առաջին ճանաչումին։ Ասիկա անհեթեթ սոփեստութիւն է, որովհետեւ՝ անոնք, որոնք լոկ բարոյական ճանաչումը կու տան, արդէն հրաժարած կ՚ըլլան Հողային Դատը ճանչնալու յանձնառութենէն։ Քանի որ այս վերջինը քաղաքական բովանդակալից ճանաչում մըն է, եւ քաղաքական մարդիկն ու դիւանագէտները՝ իրենց ճանաչումին մէն մի բառը կշռած կ՚ըլլան միլլիկրամներով, նանոներով, եւ չափած կ՚ըլլան օլիկոներով։

Տարագիր Արեւմտահայութեան աշխարհացրիւ ու բազմահպատակ բեկորներուն գերխնդիրն է Հայապահպանումը, որուն՝ մեր հաստատ համոզումով, միակ շօշափելի նպատակը կրնայ ըլլալ Հայ Հողային Դատին հետապնդումը։ Որովհետեւ՝ Սփիւռքը զրկուած է հայրենի հողին վրայ համախումբ ապրելու եւ օտար ազդեցութիւններէ զերծ մնալու բնական պայմաններէն։ Ինչ որ անխուսափելի եւ այլընտրանք չունեցող հրամայական անհրաժեշտութիւն կը դարձնէ ՍՓԻՒՌՔԱԿԵԴՐՈՆ արեւելումն ու աշխատանքը, մանաւանդ այսօր՝ երբ Սփիւռքը բազմակողմանիօրէն նահանջած է (ահազդու չափերով) եւ գրեթէ անդառնալի՞ կերպով…։

Այսօր՝ Սփիւռքի յառաջապահ ուժերու փոքրամասնութիւնը կը գտնուի ահազանգային վիճակի մէջ։ Յաւելեալ ա՛յն պատճառով, որ Արեւելահայաստանի վարչակարգը այսօր՝ չունի երէկի իր հզօրութիւնը, եւ չի կրնար փոխարինել Հայկական Սովետական, Սոցիալիստական Հանրապետութիւնը, եւ տակաւին կարողացած չէ իրականացնել հայրենադարձը՝ իրմէ հայրենաթողներուն…։

Եւ քանի որ «Հայաստանակեդրոն» բառակապակցութեան գործնական իմաստը Արեւելահայաստանակեդրոն կը նշանակէ, եւ ոչ թէ կ՚ընդգրկէ Միացեալ Հայաստանը… ուրեմն, ՍՓԻՒՌՔԱԿԵԴՐՈՆ արեւելումը՝ Արեւմտահայաստանակեդրոն է… որ չի կրճատեր Միացեալ Հայաստանը իր կազմին մէջ (ինչպէս է պարագան «Հայաստանակեդրոն» բառակապակցութեան, որ ոչ միայն խաբուսիկ է, այլեւ՝ պարտուողական, անձնատուական, ամօթալի եւ աններելի)։

Տարագիր Արեւմտահայութեան կազմակերպութիւնները իրաւունքը չունին հակադրուելու կամ մերժելու ՍՓԻՒՌՔԱԿԵԴՐՈՆ արեւելումը, որ Արեւմտահայաստանակեդրոն է։ Որովհետեւ՝ իրաւունքը չունի մոռացութեան տալու գրաւեալ բայց ազատագրելի Արեւմտահայաստանը, հրաժարելով՝ Հայ Հողային Դատէն, Արարատէն…։ ՀԱՅԿԱԿԱՆ Սովետական Սոցիալիստական Հանրապետութիւնը՝ Արեւելահայաստանի, մոռացութեան տուած չէր Արեւմտահայաստանը, եւ՝ իր պետական բերբին կեդրոնական մեծագոյն մասին մէջ զետեղած էր Արարատը վեհանիստ…։ Եւ՝ հակառակ Թուրքիոյ բողոքներուն՝ Մոսկուայի մօտ, Սովետ Միութեան կեդրոնական իշխանութիւնը կտրուկ կերպով մերժած էր այդ թրքական բողոքները, եւ՝ հաստատ մնացած էր Հոկտեմբերեան Յեղափոխութեան դիրքին վրայ, որ միակը եղած էր օտար պետութիւններուն մէջ, որ հրապարակած էր 11 Յունուար 1918 թուին իր Դեկրետը՝ Արեւմտահայաստանի անկախութեան մասին…, ինչ որ հետեւողական ու տրամաբանական շարունակութիւնն էր Ցարական ալ Ռուսաստանի 1878 թուի կեցուածքին, որ Թուրքիոյ պարտադրած էր Սան-Սթեֆանոյի դաշնագրի Յօդ. 16-րդը։

Տարագիր Արեւմտահայութեան Սփիւռքի կազմակերպութիւններու անվայել է մոռացութեան տալ Արեւմտահայաստանի ժառանգ Սփիւռքը, եւ որդեգրել Սփիւռքը անտեսող եւ Միացեալ Հայաստանը Արեւելահայաստանի մէջ սեղմող ու փոքրացնող արեւելումը… անտէր եւ անտիրական թողլով հայրենազրկեալ Սփիւռքը, որ կը կարօտի ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆ աջակցութեան, զօրավիգի եւ գուրգուրանքի…

Պարոնայք «Հայաստանակեդրոն»ականներ, ձեր առաջնահերթ անելիքը՝ Սփիւռքի մէջ, ուր ձեր բնական ու  հայասիրական անելիքը կը գտնուի… կատարա՞ծ էք լիովին, որ կը յաւակնիք՝ ունեցած ըլլալ նաեւ, անելիք՝ Արեւելահայաստանի մէջ։

Սփիւռքի ներկայի համակողմանի նահանջը կը փաստէ հակառակը։ Սփիւռքի ներկայ անկազմակերպ վիճակը կը նմանի Վահան Թէքէեանի նկարագրած «Փոշի Ազգ»ին։ Եւ եթէ դուք պիտի չըլլաք այս մահաբեր փոշիացումը կասեցնողները, հապա ո՞վքեր պիտի ըլլան։ Երկնային նախախնամութեան թողուցած էք ձեր իսկ պարտականութիւնը… կամ՝ Արեւելահայաստանի իշխանութիւններո՞ւն։

Արեւելահայաստանի իշխանութիւններուն առաջնահերթ անելիքը՝ հայրենաթող իր քաղաքացիներուն հայրենադարձութիւն քաջալերող ու խթանող պայմաններու ստեղծումն է Իսկ ձեր առաջնահերթ անելիքը՝ Սփիւռքի նահանջին կասեցումն է։

Ձեր հետեւած արեւելումը «Հայաստանակեդրոն», իբր վախճանական կայարան կը հասնի՝ Արեւմտահայաստանի եւ անոր մնացեալ սուրբ ու թանկագին ժառանգ. Սփիւռքի մոռացումն է, եւ՝ գոհանալով Արեւելահայաստանով, զայդ իբր Միացեալ Հայաստան ընդունումը… ինչ որ բռնագրաւիչ Թուրքիոյ երազած ծրագիրն է՝ մեկնելով այն փրակմաթիկ տրամաբանութենէն թէ՝ հայոց զիջինք Հայաստանի մէկ փոքր մասը, որպէսզի այդքանով գոհանան եւ մեզի թողուն Հայաստանի մեծագոյն մասը…։

Այս կէտին վրայ՝ հարցում մը ինքզինք կը պարտաւորեցնէ։ Արդեօ՞ք Արեւելահայաստանի իշխանութիւններուն կողմէ 1919 թուին, այս փոքր մասը Միացեալ Հայաստան հռչակելու որոշումի ետին թաքնուած չէ՞ր թուրքերու այս փրակմաթիկ ծրագիրը…։ Քանի որ, արդէն տարի մը առաջ (1918-ին), Պաթումի ստրկական դաշնագիրը կը պարտադրէր հայոց՝ Արեւելահայաստանը հռչակել անկախ Հայաստանի Հանրապետութիւն…։

Հայաստանի մէկ փոքր մասը «Հայաստան», ապա նաեւ՝ «Միացեալ Հայաստան» հռչակող իշխանութիւնը՝ եթէ երէկ այս ստրկական դասալքութիւնն ու անձնատւութիւնը Թուրքիոյ առջեւ միայն կրնար բացատրել կամ պատճառաբանել, եւ ոչ թէ արդարացնել թէ՝ այս երկու քայլերը Թուրքիոյ պարտադրածը չէին, այլ՝ ընդհակառակը, կը մեկնէին այս բնազանցական ու կամապաշտական մտածելակերպէն, թէ՝ այսօր սկսելով Հայաստանի մէկ փոքր մասը Միացեալ Հայաստան նկատելով, հիմը կը դնենք անկախ Հայաստանին, եւ վաղը՝ կ՚ազատագրենք մեծ մասն ալ… եւ այս փոքր մասը խարիսխը եղած կ՚ըլլար ամբողջին՝ նախատիպը Միացեալ Հայաստանին։ Բայց այսօր՝ դար մը վերջ ալ, իրականացած չէ այդ ցնորամիտ կամապաշտութիւնը։ Ընդհակառակ. կը շարունակուի Արեւմտահայաստանի եւ Սփիւռքի անտեսումը։ Հայ Հողային Դատի պահանջատիրութեան փոխարէն կը շարունակուի լոկ Ցեղասպանութեան սոսկ բարոյական ճանաչումի պահանջատիրութիւնը…։

Բնազանցական ու Շոփենհաուերի կամապաշտական մտածելակերպը՝ հակագիտական, վերացական, ենթակայական ու ոչ-առարկայական մտածելակերպ մըն է, որ կը դաւանի թէ կամենալը՝ միշտ ու միշտ կարենալ է, անկախաբար մեզմէ դուրս գտնուող առարկայական ժխտական պայմաններէն… ինչ որ էապէս անհեթեթ մտածելակերպ մըն է։

Հետեւաբար, «Միացեալ Հայաստան»ը հռչակող իշխանութեան երէկի հաւանական, այլ ոչ արդարացուցիչ այսպիսի բացատրութիւնը այսօր չի կրնար տալ, ծածկելու համար իր վրան բաց դասալքութիւնը եւ անձնատւութիւնը՝ Թուրքիոյ փրակմաթիկ ծրագրին դիմաց… քանի որ փաստուած է, որ այդ բացատրութիւնը՝ ինքնախաբէական, շինծու պատմագրութիւն մըն է (պատմաշինարարութիւն)…։

Վերյիշեցումի կարգով ըսենք, թէ՝ թուրքերը (յաջող դիւանագէտներ) իրենց այս փրակմաթիզմը գործադրեցին 1920 թուին, Սեւրի Դաշնագրի կապակցութեամբ, զոր սկիզբը փորձեցին մերժել ստորագրել հրամցուած նախագիծը եւ փոփոխուած տարբերակ մը առաջարկեցին, զոր Դաշնակիցներէն լիազօրուած Ֆրանսայի վարչապետը (Alexandre Millerand) կտրականօրէն մերժեց եւ ազդարարեց՝ Թուրքիա պարտաւոր է նոյնութեամբ եւ առանց ոչ մէկ այլեւայլի ստորագրելու նախագիծը, այլապէս… խորհրդակէտ։ Այս խորհրդակէտերը՝ Օսմանեան Պետութեան յատենի վարչապետը (Մէհմէտ Ատիլ Ֆատէլ Պէյ) բացատրեց Սուլթանին (Մէհմէտ Ուահիտետտին Զ.) եւ ըսաւ. «Մեր շահերը կը թելադրեն, որ այսօր՝ զիջինք մեր կարգ մը տարածքները… որպէսզի չկորսնցնենք բոլորը… վաղը»։ Եւ Սուլթանը համոզուելով՝ ոչ միայն 10 Օգոստոս 1920-ին ստորագրեց Սեւրը, այլեւ՝ 25 Օգոստոսին վաւերացուց զայն։

Թուրքիա հարկաւ 1920-ին ստիպուած էր այսպիսի փրակմաթիկ զիջումին դիմելու… բայց Հայաստանի իշխանութիւնը, բնա՛ւ ստիպուած չէր խոնարհելու տկարացած Թուրքիոյ ազդարարութեան առջեւ… երբ 1918-ի Մայիսին արդէն, Ռուսաստանի մէջ յաղթանակած էր Արեւմտահայաստանի անկախութիւնը հրամանագրող Յեղափոխութիւնը, որ վճռական կռիւ ալ շղթայազերծած էր Փանթուրքիզմի ծրագրին դէմ Կեդրոնական Ասիոյ մէջ ջախջախելով Էնվեր Փաշայի ղեկավարած «Պասմաչիական» ուժերը… ապա նաեւ՝ երբ Մայիսի 26-ին, Աղեքսանդրապոլի Ճակատամարտին մէջ, Վեհիպ Փաշա կը նահանջէր հայոց յաղթանակին հետեւանքով…։ Եւ ուրեմն, այս պայմաններուն տակ, Հայաստանի իշխանութիւնը՝ առաւել ապահովութեան համար, կրնար յարիլ Ռուսական Յեղափոխութեան կողմին, եթէ՝ պուտ մը կամ պճեղ մը յեղափոխական ոգի ունեցած ըլլար…։ Բայց այդ իշխանութիւնը՝ ընդհակառակը, յարեցաւ Թուրքիոյ պարտադրած փուճ «անկախութեան» կողմին։ 1921 թուի Փետրուարին, արկածախնդրօրէն յարեցաւ հակա-յեղափոխութեան կողմին… Հայաստանի եւ Հայութեան համար մեծապէս աղիտալի հետեւանքներով…։

Հետեւաբար, երանելի պիտի ըլլար, որ 1908-1918 երկարող տասնամեակին, աշխարհի եւ մասնաւորաբար հայ ժողովուրդին համար ճակատագրական բախտորոշ տարիներուն, «խաբուիլ սիրող» (ռամկավար ղեկավար Ստեփան Տեփոյեանի բառերով) մեր ժողովուրդին քաղաքագիտական ու հասարակագիտական մշակոյթի յետամնացութեան հետեւանքով, նոյն այդ իշխանութեան վիճակուած չըլլար թէ՛ Արեւելահայաստանի եւ թէ Արեւմտահայաստանի քաղաքական ղեկավարութեան բարդ ու դժուարին պաշտօնը…։ Իր մեծամասնութեամբ խաբուիլ սիրող ժողովուրդ մը՝ տակաւին լիովին հասած չըլլար ժողովուրդի մակարդակին, այլ կը մնայ ամբոխ մը… որ կը հետեւի ամբոխավար ղեկավարներու, փոխանակ հետեւելու յեղափոխական ու ժողովրդահայրենասէր ղեկավարներու եւ դիւրաւ կը խանդավառուի զգացականօրէն, փոխանակ զգաստանալու բանականօրէն՝ յեղափոխական ղեկավարներու վարքագիծէն…։ Որովհետեւ ամբոխին շունչը կարճ կ՚ըլլայ եւ կրնայ միայն ըմբոստանալ ու շուտով հանդարտիլ, չի կրնար հետեւիլ երկար շունչ պահանջող յեղափոխութեան, որ կը պահանջէ նաեւ՝ հաւաքական, ոչ-անհատական, կազմակերպուած ու կարգապահ աշխատանք ու պայքար, որուն ատակ չէ ըմբոստ անհատը։

Լեւոն Տէր Պետրոսեանի շարժումը ամբոխավարական էր (այսինքն՝ օխլոկրատիա), եւ անոր հետեւորդները՝ Երեւանի հրապարակներու վրայ ամբոխներ էին, որոնք կրնային միայն քարուքանդ ընել Արեւելահայաստանի Սոցիալիստական Բ. Հանրապետութիւնը, եւ չէին կրնար պահպանել Սովետ Հայաստանի նուաճումները գէթ, ալ ուր մնաց որ կարենային նոր նուաճում մը արձանագրել…։ Կար ծաղրանկար մը, որ կը խտացնէր օխլոկրատներու ողջ կատարածը.

Քաղաքացի մը ծառ մը կը ջարդէր։ Ոստիկանի մը հարցումին, թէ՝ «ի՞նչ ես անում ախպեր ջան», օխլոկրատը կը պատասխանէր. «Վա՞տ բան եմ անում։ Ջարդում եմ կոմունիստների տնկած ծառը…»։

Ի՞նչով բացատրել հայութեան մեծամասնական զանգուածին չհետեւիլը՝ օրինակ Արմենական Կուսակցութեան, կամ Հայ Կոմկուսին, որոնք ճշմարտապէս ժողովրդահայրենասիրական ու յեղափոխական կուսակցութիւններ էին, եւ ոչ թէ կարծեցեալ… եւ հետեւեցան ամբոխավար կուսակցութեան, որ ճշմարտապէս յեղափոխական չէր։

Այս բազմաշերտ հարցումին սպառիչ պատասխանն ալ բազմաշերտ է։ Շերտերէն մէկուն պատասխանն է՝ գերմանահպատակ հրեայ հակասիոնական մարքսական հոգեվերլուծաբան Էրիք Ֆռոմմը (Eric Fromm), իր մէկ հոգեվերլուծական գիրքին մէջ, որուն խօսուն խորագիրն է “Fear of Freedom” (Ազատութեան Վախը)։ Ֆռոմմ, Սիկմընտ Ֆրէօյտի դպրոցին կը հետեւէր սկիզբը, յետոյ հեռացաւ՝ շեշտակի թեքում մը կատարելով դէպի մշակոյթ եւ հասարակագիտութիւն եւ մասնագիտացաւ մարդկային զանգուածներու հոգեվերլուծումին մէջ, չգոհանալով Ֆրէօյտի դպրոցին սահմանափակուած ըլլալէն՝ լոկ սեռային մարզին մէջ։

Ուրեմն. զանգուածներու հոգեվերլուծաբանը եզրակացուցած է, թէ՝ Հիթլէրի ժողովրդականութիւնը արդիւնքն էր՝ մասնաւորաբար, այն գերմանացիներու համակրանքին, որոնց հոգեկան կերտուածքը ստրկական էր եւ ոչ յեղափոխական, եւ տիրապետուելու մէջ միայն ապահով կը զգային ու կը վախնային ազատութենէն… ինչ որ գիրքին խորագիրն է։ Ֆռոմմ նաեւ կը ճշդէ, թէ Հիթլէրի հետեւորդներուն մեծ մասը կը պատկանէին մանր-քաղքենի դասակարգին, եւ ոչ թէ բանուոր դասակարգին։

Այսքանը բա՛ւ է կը կարծենք եւ աւելի՝ ցաւ…։ Անցնինք։

Վերջիվերջոյ՝ ՍՓԻՒՌՔԱԿԵԴՐՈՆ Արեւելումը օտարակեդրո՞ն է, թէ՞՝ Հայակեդրոն…։ Սփիւռքի բազմակողմանի ՆԱՀԱՆՋ-ին մարտահրաւէրները կը կարօտին ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆ հետաքրքրութեան, մտահոգուածութեան, հոգածութեան, յանձնառութեան ու գուրգուրանքին։ Որովհետեւ՝ ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆ շահեր պիտի ապահովեն այդ մարտահրաւէրներուն դրական լուծումները։

Քանի որ՝

Հայ Սփիւռքը օրկանապէս անբաժանելի մասն է Հայութեան, իբրեւ Արեւմտահայաստանէն ապրող մասունք մը։

Հայ Սփիւռքը Համահայութեան ստուար մեծամասնութիւնն է։

Հայ Սփիւռքը Համահայութեան ցարդ չօգտագործուած հայկական մարդուժի հսկայական հարստութիւն մը ունի (մասնագէտներու, մեծահարուստներու, արուեստագէտներու, մտաւորականներու եւ հասարակական ու զինուորական ալ քատրերու), որոնք՝ արտերկրի մէջ, իրենց անհատական արժանիքներով ու մեծ ջանքերով հասած են բարձր դիրքերու։

Հայ Սփիւռքի մեծամասնութիւնը կը կազմէ միջազգային քաղաքական դատ մը ունեցող Տարագիր Արեւմտահայութիւնը, որ Համահայութեան քաղաքական մեծագոյն խաղաքարտն է՝ միջազգային հարթակին վրայ, իր ՀՈՂԱՅԻՆ ԴԱՏՈՎ, որուն արդարացիութիւնն ու իրաւականութիւնը կը ճանչնան Միջազգային Հանրային Իրաւունքի բոլոր սկզբունքներն ու միջազգային պայմանակցութիւնները, եթէ՝ մենք գիտնանք օգտուիլ անոնցմէ՝ տէր կանգնելով Հայ Հողային Դատին։

Իսկ այս բոլորէն օգտուելու միակ ուղիղ արեւելումը ՍՓԻՒՌՔԱԿԵԴՐՈՆն է, եւ՝ ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆ Համագործակցութիւնը… եւ ոչ թէ մենքզմեզ նօսրացնող «Հայաստանակեդրոն» արեւելումը…։ Եւ ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆ Համագործակցութիւնը կ՚ենթադրէ Արեւելահայաստանի ալ մասնակցութիւնը այս միակ արեւելումին։

Անտեսումն ու ձեռնպահութիւնը՝ հանդէպ Հայ Սփիւռքի այս հարստութեան օգտագործումի աշխատանքին ու պայքարին (նոյնիսկ սփիւռքահայ կազմակերպութիւններուն կողմէ) անորակելի եւ աններելի տարականոնութիւն մըն է… առնուազն՝ կրնանք ըսել, թէ յիմարութիւն է։

Կայ հեքիաթ մը այն մասին, թէ օտարական մը, գիւղի մը մէջ տեսեր է որ աղբիւր մը պարապի կը հոսի. աղբիւրի տիրոջ ըսեր է թրքերէնով. «Պու սու պէօյլէ աքար, սիզ տէ էշշէկ կիպի՝ եալընըզ պաքա՞ր» (Այս ջուրը այսպէս կը հոսի, եւ դուք իշու պէս միայն կը դիտէ՞ք)։

Բնականոն ու լա՞ւ բան մըն է, որ թուրքը ՈՒՐԻՇԻՆ հարստութիւնը զաւթէ եւ այդ ՀԱՐԱՄ հարստութեան վրայ տիրութիւն ընէ, մինչ հայը տիրութիւն չընէ իր ՀԱԼԱԼ հարստութեան վրայ։

Կրաւորական, վեհերոտ, ոչ-յեղափոխական հոգեկան կերտուածքով մարդիկ՝ կը սպասեն առիթներ, որովհետեւ պատեհապաշտ կ՚ըլլան եւ ուրիշին ապաւինող անչափահաս մանուկի հոգեմտաւոր տարիքին մէջ կը յամենան…։ Իսկ ներգործական, յանձնառու, չափահաս ու յեղափոխական հոգեկան կերտուածք ունեցողները՝ խիզախ, ռահվիրայ եւ նախաձեռնող կ՚ըլլան, եւ իրենք անձամբ կը ստեղծեն առիթը…։

Վստահաբար, այսօրուայ ռիսք չառնող վեհերոտ «Հայաստանակեդրոն»ականներ, վաղը՝ քաջասիրտ ՍՓԻՒՌՔԱԿԵԴՐՈՆականներ պիտի դառնան, երբ այսօրուայ աւանդական ու պահպանողական Սփիւռքին զուգահեռ հասակ առնող դեռեւս փոքրամասնական յառաջապահ Սփիւռքը յաջողի իր լրումին հասցնել՝ Արեւմտեան Հայաստանի իրաւականօրէն շարունակուող պետութեան ծրագիրը, եւ առաջին հերթին՝ կարենայ վիճակագրութիւնը պատրաստել նախ՝ Հայ Սփիւռքի բարձր դիրքերու հասած մարդուժի Who’s Who-ին, լրացնելով բժշկապետ Ռոպեր Ճեպեճեանի աշխատանքը եւ այժմէականացնելով զայն, եւ ապա նաեւ՝ Արեւմտահայաստանի հողին վրայ դեռեւս ապրող ու գործող եւ իր արմատներուն վերադառնալ ցանկացող Համշէնահայերու եւ հաւատափոխ սիւննի եւ ալեւի քրտացած ու թրքացած հայերու վիճակագրութիւնը։ Եւ երբ պարզուի Հայ Սփիւռքի եւ գրաւեալ Արեւմտահայաստանի մէջ ապրող ու գործող մարդուժին հարստութեան չափը, որովհետեւ՝ այսպիսով անոնց համար ստեղծուած պիտի ըլլայ առիթը, պայմանաւ որ հրաժարին իրենց անցեալի գաղափարներէն ու հետեւին ժամանակներու ընթացքին, ընդառաջելով յեղափոխական Զապէլ Եսայեանի պատուէրին. «Միայն ուրիշ մարդիկ չեն որ կը խափանեն մեր ուղին, այլեւ յաճախ եւ շատ աւելի՝ մօտ անցեալի գաղափարները»։

Տակաւին, մենք յոյս ունինք նաեւ՝ որ անպայման «խենդեր» ալ, զարթնող «խենդ»եր՝ «Հայաստանակեդրոն»ականներու շարքերուն մէջ, որոնք պիտի կարճեն ուշացումը եւ այսօր իսկ պիտի յարին ՍՓԻՒՌՔԱԿԵԴՐՈՆ Արեւելումին, եթէ՝ լրջօրէն եւ անկեղծօրէն դիմեն իրենց ներքին անբիծ դատաստանին եւ վերատեսութեան ենթարկեն իրենց անցեալի գաղափարները՝ յաջողութեան երաշխիքներ ուզելու կամ սպասելու…։

Այսպիսի յոյսերով, հաւատքով եւ սիրով՝ հանդէպ այդ  «խենդ»երուն, կ՚եզրափակենք մեր այս ահազանգ-գրութիւնը…։

Պիտի անպայման գտնուին այսպիսի զարթնող «խենդ»եր՝ գէթ մոլորած հայերու մէջ…։

Մըռնիմ քեզի՝ զարթի՛ր լաօ։

ՄԵԹՐ ԳԱՍՊԱՐ ՏԷՐՏԷՐԵԱՆ

Աջակցէ՛ ԶԱՐԹՕՆՔ-ին. Ապահովէ՛ Անոր Գոյերթը

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին