Երեքշաբթի, 10. 03. 2026

spot_img

Գրանցուած 112 Նոր Վարակակիրներ Հայաստանի Մէջ․ «Քորոնա» Ժահրով Հիւանդներու Թիւը Հասաւ 2619-ի

Հայաստանի մէջ, 5 մայիսին, ժամը 11:00-ի դրութեամբ, հաստատուած է «Քորոնա» ժահրային հիւանդութեան ընդհանուր 2619 դէպք, որոնցմէ 1111-ը` առողջացած:

Այս մասին նշուած է ՀՀ առողջապահութեան նախարարութեան Հիւանդութիւններու վերահսկման եւ կանխարգելման ազգային կեդրոնի կայքին մէջ:

«Քորոնա» ժահրային հիւանդութեամբ այս պահուն փաստացի բուժում կը ստանայ 1462 վարակակիր: Ընդհանուր առմամբ, կատարուած է 25 846 քննութիւն: Այսպիսով` երէկ կայ «Քորոնա» ժահրային հիւանդութեամբ հաստատուած 112 նոր դէպք եւ 40 առողջացած։

Ընդհանուր առմամբ, «Քորոնա» ժահրային հիւանդութենէն արձանագրուած է մահուան 40 (աւելցած է եւս 1-ով) դէպք:

ՀՀ առողջապահութեան նախարարութենէն կը յայտնեն, որ «Քորոնա» ժահրային հիւանդութենէն մահացած հիւանդը 64 տարեկան կին է։

 Աջակցէ՛ ԶԱՐԹՕՆՔ-ին. Ապահովէ՛ Անոր Գոյերթը

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին