Պարէնային եւ ուժանիւթի անվտանգութեան հարցերով բոլոր հնարաւոր վտանգները կառավարելու համար ինքնաբաւ տնտեսական համակարգ ստեղծելը պիտի շարունակէ մնալ Արցախի Հանրապետութեան կառավարութեան վարած քաղաքականութեան առաջնահերթութիւններէն:
Ըստ «Եռագոյն»-ի՝ այս մասին «Ֆէյսպուք»-ի իր էջին վրայ գրած է Արցախի Հանրապետութեան նորընտիր նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան: Այս ծիրէն ներս, որպէս յաջողած օրինակ, ան անդրադարձած է Մարտունիի շրջանի Թաղավարդ համայնքին մէջ գործող «Ռեյփսիդ» ձէթի գործարանի գործունէութեան, որ Արցախի մէջ արտադրուած հումքով ու գրեթէ առանց թափօնի արտադրութիւն ունի: Գործարանին մէջ տեղադրուած ժամանակակից արտադրական հոսքագիծը, բնական կազի փոխարէն՝ կ՛աշխատի արեւածաղիկի վերամշակման արդիւնքով ստացած մնացուկի` բնական կեղեւի այրումէն` գոլորշիի ջերմային ուժանիւթի մեքանիկական աշխատանքի փոխակերպելու միջոցով:
Ըստ անոր՝ այսպիսի ձեռնարկութիւնները օրինակ պէտք է ըլլան, որ առանց երեկտրականութեան բնական վառելիքով եւ առանց դուրսէն կախուածութեան կարելի է զարգացնել Արցախի հանրապետութեան տնտեսութիւնը։






