Չորեքշաբթի, 11. 06. 2025

spot_img

Ազատ Բեմ․ Փութինը Տեղքայլի Մէ՞ջ

Հոկտեմբերեան յեղափոխութեան ռահվիրայ Վլատիմիր Լենին կը սիրէր կրկնել «Մէկ քայլ ետեւ, երկու քայլ առջեւ» հաստատումը:

Ռուսական Դաշնակցութեան նախագահ (կը թուի ցկեանս) Վլատիմիր Փութին իր միահեծան իշխանութեան երկու տասնամեակներուն ընթացքին այնքան մարտահրաւէրներու առջեւ գտնուած չէր, որքան այսօր: Պատմական անժխտելի իրականութիւն է այն պարագան թէ Փութին ժառանքեց փտտած պետական կառոյց մը: Օտար կազմակերպութիւններ եւ այսպէս կոչուած տնտեսական մասնագէտներ Ռուսիա առաքուած էին, նախկին նախագահ Պորիս Ելցինի նախաձեռնութեամբ կամ քաջալերանքով, ազատ շուկայական սկզբունքները հաստատելու համար: Դժբախտաբար սակայն, պատրաստակամ մեղսակիցներու հետ, անոնք կեղեքեցին գոյութիւն ունեցող ձեռնարկութիւնները եւ արեւմուտքի դաշնակից ռուս անձնաւորութիւններու հետ, որոնք կը վայելէին Ելցինի պաշտպանութիւնը, տիրացան Ռուսիոյ շատ մը բնական հարստութիւններուն:

Փութին պաշտօնի բարձրացաւ ցաւալի պայմաններու տակ: Թշուառութիւնն ու կեանքի սղութիւնը, անգործութիւնն ու պետական հոգածութեան թերացումը հանգստեան կոչուած հասարակութեան նկատմամբ: Ռուսիա դարձուցած էին թերաճ երկրի մը նմանող պետութեան:

Աւելին, Չեչնիոյ մէջ պատերազմը Ռուսիոյ միջազգային վարկին զօրաւոր հարուած մըն էր: Ռուսական բանակը անզօր էր եւ անկարող հանդարտեցնելու երկիրը, ուր ռուս զինուորներ իրենց կեանքը կը կորսնցնէին րագ յաճախականութեամբ մէջ ահաբեկչական գործողութիւնները պատահական ըլլալէ աւելի՝ տեղի ունեցան մտահոգիչ ծաւալով:

Յետադարձ ակնարկով մը աներկբայ կարելի է հաստատել ռուս նախագահին վճռակամութիւնը վերականգնելու իր երկրի դերն ու հեղինակութիւնը՝ միջազգային թատերաբեմին վրայ: Խրիմի վերամիացումը Մայր Ռուսիոյ, ինքնավստահութիւն ներշնչեց իր ժողովուրդին: Սակայն սոսկ ցնորք պիտի ըլլայ նախատեսել թէ նախագահ Փութին պիտի յաջողի Ռուսիան բարձրացնել հոն ուր կը գտնուէր Սովետ Միութիւնը՝ աշխարհի երկու գեր ուժերէն մէկը:

Դիւրին չեղաւ, սակայն Փութին ընկճեց Իսլամամէտ ապստամբութիւնը Չեչնիոյ մէջ, օժանդակեց երկրին վերաշինութեան, քաղաքական կեանքը կայունացուց խրտուիլակ մը նախագահ նշանակելով այնտեղ: Շնորհիւ ներքին ապահովութեան կառոյցներուն, Ելցինի իշխանութենէն մնացած միակ կազմակերպութիւնները որոնք չէին տկարացած, Փութին յարաբերաբար կարճ ժամանակամիջոցին մէջ խորտակեց ահաբեկչութեան պարագլուխներն ու ընդյատակեայ բջիջները:

Փութինի նշանակալից յաջողութիւններէն մէկն է նաեւ ռուսական բանակին արդիականացումը:

Սակայն այսօր գորշ ամպեր սկսած են կուտակուիլ Փութինի յաճախ հպարտ եւ միշտ անզիջող իշխանութեան վրայ:

Առաջին հերթին, Քորոնա ժահրին անզուսպ տարածումը ռուսական աշխարհամասին վրայ, լուրջ վտանգ մը կը սպառնայ ռուս ժողովուրդին հանրային առողջապահութեան: Հանրային բժշկական գոյավիճակը Ռուսիոյ մէջ արդէն իսկ խոցելի կողմեր ունէր եւ քորոնա ժահրին երեւումը մերկացուց այս իրականութիւնը: Դժբախտաբար, Ռուսիան, Միացեալ նահանգներու տնտեսական ծաւալուն աղբիւրները չունի: Աշխարհի միայն 7րդ տնտեսութիւնն է, Իտալիայէն ետք եւ պէտք է մատակարարէ բժշկական կարիքները՝ աշխարհի ամենէն ընդարձակ երկրին:

Քորոնա ժահրին պատուհասը Ռուսիոյ դուռը չծեծած արդէն, Փութինը դժուարին կացութեան մատնուած էր տնտեսական գետնի վրայ: Ռուսիոյ պետական պիւտճէին 40 առ հարիւրը կ’ապահովուի քարիւղի եւ բնական կազի արտածումով: Պալթիք ծովու յատակէն հսկայ խողովակներով կազ հայթայթելու ծրագիրը, կեդրոնական Եւրոպայի երկիրներուն, յանկարծ սկսաւ կաղալ երբ ԱՄՆ-ի նախագահ Թրամփ որոշեց տնտեսական պատժամիջոցներ տնօրինել այն ընկերութիւններու դէմ, զետեղման: Սակայն ռուսական տնտեսութիւնը շատ աւելի մեծ տարողութեամբ տուժեց երբ Ռուսիան եւ Սէուտական Արաբիան (աշխարհի երկրորդ եւ երրորդ քարիւղ արտածող երկիրները) անաղմուկ պատերազմ յայտարարեցին իրարու դէմ, նուազեցնելով քարիւղի գինը՝ որպէսզի աւելի արտահանումներ կատարեն, ապահովելով նոր շուկաներ: Քորոնա ժահրին պատճառաւ, աշխարհի տնտեսութեան հսկաներէն Չինաստանը, Ճափոնը եւ Հնդկաստանը, հարկադրուած ըլլալով կասեցնել իրենց գործարաններուն աշխատանքները, սահմանափակեցին իրենց քարիւղի ներածումները: Իբրեւ անդրադարձ, Մոսկուան եւ Ռիատը այսօր շատ աւելի նուազ արտածումները կը կատարեն եւ այս՝ շատ աւելի կրճատուած սակերով:

Միջազգային քաղաքական կեանքի շրջագիծէն ներս եւս Փութինի առջեւ առկայ է մէկէ աւելի խոչընդոտներ:

 Հակառակ Եւրոպական Միութիւնը անկայունացնելու եւ անոր շարքերէն ներս ճեղքեր յառաջացնելու բացայայտ եւ յաճախ ալ քօղարկուած նախաձեռնութիւններուն, նախագահ Փութին եւ Ռուսիոյ տնտեսութիւնը կքած կը մնայ տնտեսական պատժամիջոցներու տակ: Եւրոպական Միութիւնը հարկադրաբար կը հետեւի Ուաշինկթընի օրինակին եւ պատրաստ տնտեսական նոր սեղմումներ տնօրինել Ռուսիոյ նկատմամբ, տակաւ խափանելու երկրին տնտեսական զարգացումը, շարք մը հասկնալի կամ անընդունելի պատճառաբանութիւններու վրայ հիմնաւորուած:

Քրեմլինի արտաքին քաղաքականութիւնն ալ որոշ չափով բանաձեւուած է Ռուսիոյ տնտեսական իրավիճակին վրայ: Ռուսիա քսակը լայն բացած է Մոմպասայի (Արեւելեան Ուքրանիա) անջատողական շարժումը կենդանի պահելու համար: Սուրիոյ մէջ ռուսական բանակի գործողութիւնները, անշուշտ մեծ գումարներ կը նախատեսեն: Լիպիոյ մէջ այսպէս կոչուած «վարձկան կամաւորներ» որոնք ռուսական Ուաքնըր ընկերութեան կողմէ կը վճարուին, անուղղակի կերպով կապ ունին Քրեմլինի հետ:

Հակառակ այս բոլորին, տեղքայլի մէջ է Փութինի քաղաքական գործելակերպը: Թուրքիան իր ներկայութիւնը պարտադրած է Հիւսիսային Սուրիոյ մէջ: Ռուսիան ցարդ ձախողած է Սուրիոյ նախագահ Պաշար Ասատի անդրդուելի կեցուածքը կասեցնել, չզիջելու նոյնիսկ ափ մը հող թշնամի թուրքին: Լիպիոյ մէջ, ուր սկսած էր աստիճանաբար ժողովրդականութիւն շահիլ, Թուրքիոյ բանակին ազդեցիկ միջամտութենէն ետք. Ռուսիա ձեռնպահ մնալով ինքզինք մեկուսացած է այսօր եւ Լիպիական բանակի ղեկավար Զօրաւար Հաֆթարի բացայայտ նեցուկ չկանգնելով, իր երբեմնի տիրական դիրքը զիջած է Անգարային: Մոսկուան մինչեւ այսօր շուրջ հազարի հասնող մարտական լաւապէս զինուած ուժեր ունի Թրիփոլիի հարաւային արուարձաններուն մէջ, օժանդակելով Զօր. Հաֆթարի ուժերուն՝ «ազատագրելու» Լիպիական մայրաքաղաքը իսլամամէտ եւ պատեհապաշտ խմբաւորումներէ:

Մայիս 9-ին, Ռուսիան փառաշուք հանդիսութիւններով պիտի տօնէր «Հայրենական մեծ պատերազմի» 70-րդ տարեդարձը: Այդ օրը պանծալի առիթ մը պիտի ըլլար նախագահ Փութինին յիշեցնելու բովանդակ աշխարհին՝ Սովետական Կարմիր Բանակին խաղցած բախտորոշ դերը՝ պարտութեան մատնելու Ֆաշիստական եւ Նացի զաւթիչ ուժերը: Սակայն Քորոնա Ժահրը վիժեցուց ռուս նախագահին այս ծրագիրը եւս:

Երեւանէն հասած տեղեկութիւններու համաձայն, Ապրիլ 21-ի Ցեղասպանութեան յիշատակման առիթով, Քրեմլինի իշխանաւորը հրապարակային յայտարարութիւն մը չէ կատարած: Միացեալ Նահանգներու նախագահը՝ Թրամփ իր կարգին, Ֆրանսայի նախագահ Մաքրոնին նման պաշտօնական հաղորդագրութիւն մը հրապարակած է անգամ մը եւս խուսափելով «Ցեղասպանութիւն» բառը գործածելէ: Ի միջի այլոց Ֆրանսացի նախագահին յայտարարութիւնը շատ աւելի յստակ էր՝ գործածելով «Ցեղասպանութիւն» բառը: Նոյնիսկ Թուրքիոյ նախագահ Էրտողան, անցնող տարիներուն նման, «Ցաւ  յայտնած էր Հայկական սպանդներուն մասին:

Փութինի լռութիւնը, ցաւալի է եւ մտահոգիչ:

Անցեալ շաբաթ, մեծ աղմուկով Մոսկուայի մօտ բացումը կատարուեցաւ զինուորական մեծ եկեղեցիին, Ռուս Առաքելական եկեղեցւոյ հոգեւոր պետին առաջնորդութեամբ շինութեան աւարտին, մոզայիքէ կառուցած պատի մը վրայ զետեղուած էին Փութինի նմանող պատկեր, պաշտպանութեան նախարարին եւ ներքին ապահովութեան սպասարկութեան պետին առընթեր: Բացման պաշտօնական արարողութենէն օր մը առաջ սակայն խճանկարներով կազմուած պատկերը անյայտացած էր:

Երբ  Քրեմլինի պաշտօնական բանբերին հարց տրուեցաւ, օտար մամլոյ գործակալութիւններու ներկայացուցիչներուն կողմէ, պատճառը այս խորհրդաւոր իրադարձութեան, Տիմիթրի Փասքով այսպէս բացատրեց «Այս  եռեակը իր առաքելութիւնը իրագործած չէ տակաւին»:

Կը թուի թէ Փութին շրջապատուած է բազմաթիւ մարտահրաւէրներով: Նոյնիսկ կէս հայ իր վարչապետը ապաքինման մէջ է Քորոնա ժահրէն: Ինչո՞ւ պիտի ուզէր, ներկայ իրադրութեանց մէջ, վիրաւորէր հայ ժողովուրդին զգացումները, եթէ յիրաւի ան անտեսեց Ապրիլ 24-ի յիշատակումը:

ՆԵՐՍԷՍ ՊԱՊԱՅԵԱՆ

Աջակցէ՛ ԶԱՐԹՕՆՔ-ին. Ապահովէ՛ Անոր Գոյերթը

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին