ԱՄՆ պատկան մարմիններ յոյս ունին ստեղծել նոր «Քորոնա» ժահրի դէմ պատուաստանիւթը 2021 թուականի յունուարին, սակայն չեն կրնար երաշխաւորել այն: Այս մասին CNN հեռուստաալիքի եթերէն յայտարարեց է ԱՄՆ-ի վարակիչ հիւանդութիւններու ազգային հիմնարկի տնօրէն Տոքթ. Էնթընի Ֆոսին։
«Կը կարծեմ, որ այն հեշտութեամբ իրագործելի չէ, սակայն շատ հաւանական է», արձանագրած է ան նշուած ժամկէտի շրջանակէն ներս դեղամիջոցը ստեղծելու հնարաւորութիւններու մասին։ «Սակայն կան շարք մը իրավիճակներ, որոնց պարագային կրնան ծագիլ դժուարութիւններ» եզրափակած է հիմնարկի տնօրէնը։
Ֆոսին նշած է, որ ԱՄՆ իշխանութիւններն ընտրած են քանի մը հեռանկարային նախագիծեր պատուաստանիւթը ստեղծելու համար:
Նշուած է, որ ամերիկացի մասնագէտները մտադիր են հետազօտել «Քորոնա» ժահրի դէմ առնուազն 14 հնարաւոր պատուաստանիւթ»։






