Չորեքշաբթի, 11. 06. 2025

spot_img

Սեպուհ Պաղտոյեանի Ինքնակենսագրութիւնը. Սփիւռքահայ Նուիրուած Ազգային Գործիչի Մը Պատմութիւնը

Մշակութային Արձագանգ

Սեպուհ Պաղտոյեան Աւստրիոյ հայ գաղութի ամենաճանչցուած եւ յարգուած անձնաւորութիւններէն է։

Վերջերս հրատարակած է իր ինքնակենսագրութիւնը անգլերէն լեզուով:“The Adventurous Life of Sebouh Baghdoyan A Universal Armenian“

Սեպուհ ծնած է 1952 թուականին, Լիբանան: Կարճ ձեւով կը պատմէ 1958ի եղբայրասպան, միջկուսակցական կռիւներու մասին, որու հետեւանքով Սեպուհի հայրը ստիպուած եղած է գոցելու իր կօշիկի գործարանը  եւ փոխադրուիլ Դամասկոս։ Սեպուհ մանկութիւնը անցուցած է աղքատութեան մէջ։Իր վրայ շատ մեծ դրական ազդեցութիւն ունեցած է մեծ հայրը, Կարապետը որ պատմած է ցեղասպանութեան մասին, փոխանցած է ցաւը։

Նախնական կրթութիւնը ստացած է Շամլեան-Թաթիկեան եւ Հայ Աւետարանական քոլեճին մէջ՝ Պէյրութ։ Փոքր տարիքէն իսկ մասնակցած է ազգային կեանքին որպէս սկաուտ՝ ՀՄՄ եւ ՀԵԸ Զարեհ Նուպար:

Երկու ուսուցիչներ շատ մեծ ազդեցութիւն ձգած են Սեպուհի վրան:Անգլերէնի ուսուցչուհին, տիկին Ռութ Աճեմեանը, որ Սեպուհի մօտ արթնցուցած է ընթերցասիրութեան սէրը, եւ Հայերէնի ուսուցիչ պարոն Վարդգէս Թութիկեանը, որ արթնցուցած է Հայոց պատմութեան, գրականութեան սէրը։ Պատանի տարիքէն ընդգրկուած է „Խօսնակ պատանեկան“

թերթի խմբագրութեան մէջ։

Դպրոցը աւարտելէ ետք անցած է գործի Լիբանանեան օդանաւային ընկերութեան (MEA) մօտ։ Եւ այնտեղ… հանդիպած է իր կեանքի մեծագոյն սէրին՝ Շողիկին: Շողիկին հետ ամուսնացած է եւ 1976 թուականին միասնաբար հաստատուած են Վիեննա՝ Աւստրիայ, ուր կ՛ապրին մինչեւ այսօր։

Պաղտոյեան ամոլը միասնաբար ունեցած են երեք զաւակներ, Սալբի, Սիփան եւ Սարին, եւ ունին թոռնիկներ:

1992 թուականէն սկսեալ կ՛աշխատի միացեալ ազգերու կազմակերպութեան (ՄԱԿի) մէջ, թմրեցուցիչներու հսկողութեան բաժնին մէջ (ODCCP)։

Ուսանած է նաեւ միջազգային յարաբերութիւններ։ Իր աշխատանքի բերումով մեծ փորձառութիւն շահած է, այցելած է 60 երկիրներ, կազմակերպած է եւ մասնակցած հարիւրաւոր համագումարներու:

Վիեննա հաստատուելէ ետք կ՛ունենայ բեղուն ազգային գործունէութիւն։

Գործունեայ վարչական անդամ կըլլայ Աւստրիոյ Հայ ուսանողական միութեան, ՀԲԸՄի Վիեննայի մանաճիւղին, Հայ առաքելական եկեղեցուոյ, Հայաստան Հիմնադրամի Աւստրիոյ մանաճիւղի, հիմնադիր նախագահն է Արարատ մարզական միութեան, անդամ համաեւրոպական եւ Համահայկական օլիմպիական մարմիններու՝ որոնց շնորհիւ հազարաւոր Հայ երիտասարդ/ուհիներ զիրար կը ծանօթանան, ընկերային կապեր կը ստեղծեն եւ կը ծանօթանան հայրենիքին։

1984-1988 թուականներուն իր փեսային, Հրայր Կարապետեանի հետ միասին հրատարակած են „Հրայրք“ շաբաթաթերթը։

Հրատարակած է բազմաթիւ յօդուածներ, պարգեւատրուած է բազմաթիւ շքանշաններով։

Ինչո՞ւ այս գիրքը եւ այս գրախօսականը։

Հայաստանի եւ Հայ ժողովուրդի մեծագոյն հարստութիւնը Հայ մարդն, է իր մտային պայծառութեամբ, գիտութեամբ, հոգեկան, բարոյական, գաղափարական ամրութեամբ, հայրենասիրութեամբ եւ ազգասիրութեամբ, նուիրուածութեամբ, զոհողութեան ոգիով։ Որքան զօրաւոր ըլլայ Հայ մարդը եւ ընտանիքը,  այդքան զօրաւոր կ՛ըլլայ Հայաստանը եւ Հայ ժողովուրդը։

Մեր վերջին հարիւրամեակի պատմութիւնը, սփիւռքի պատմութիւնը, թագաւորներու պատմութիւնը չէ, այլ Հայ մարդու եւ իր գերդաստաններու պատմութիւնն, է Սեպուհներու պատմութիւնն է։

Ցեղասպանութենէն ետք միջին արեւելքի գաղութներու, Սուրիա, Լիբանան, Պոլիս,Պարսկաստան, Իրաք, Յորդանան Երուսաղէմ եւ Եգիպտոս,  համեստ պայմաններու մէջ, ընտանիք-ՀԱՅ դպրոց -եկեղեցի եւ ակումբ, նուիրուած ուսուցիչներու շունչին տակ դաստիարակուեցան սերունդներ որոնք մինչեւ իրենց ոսկորին ծուծը հարիւր տոկոս Հայ ըլլալով հանդերձ, սորվեցան բազմաթիւ լեզուներ, ստացան բարձրորակ կրթութիւն,( Շնորհակալութիւն հայ դպրոց),  եւ յաջողեցան աշխարհի ամենահզօր  երկիրներու մէջ, միշտ հաւատարիմ մնալով իրենց արմատներուն։

Սփիւռքը յարատեւեց եւ կը յարատեւէ հարիւրաւոր/հազարաւոր նուիրուած հայորդիներու շնորհիւ։

Այս գիրքը անոնցմէ մէկուն պատմութիւնն է, սփիւռքի մէկ բեկորին, Սեպուհ Պաղտոյեանի պատմութիւնն է, որ կը փոխանցուի սերունդէ-սերունդ որպէս պատմութիւն եւ պատգամ:

 Բայց Սեպուհ Պաղտոյեանը… մէկ հատիկ է , իւրայատուկ է , ազնիւ, հայրենասէր ու ազգասէր, նուիրուած ու զոհաբերող եւ միաժամանակ լայնախոհ ու ճկուն ։

Սեպուհին կը ճանչնամ 1985էն ի վեր եւ ինծի համար մեծ հարստութիւն է զինք ճանչցած ըլլալս եւ իր ընկերութիւնը վայլած ըլլալս:

Վարձքդ կատար, առողջութիւն եւ երկար կեանք, սիրելի Սեպուհ:

ՐԱՖՖԻ ՊԵՏԻԿԵԱՆ

Աջակցէ՛ ԶԱՐԹՕՆՔ-ին. Ապահովէ՛ Անոր Գոյերթը

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին