Սփիւռքի տարբեր համայնքներէն, յատկապէս Լոս Անճելըսի մեր կարգ մը ընկերներէն իմացանք, որ կարգ մը բարեկամներ մարդասիրական մղումներով տեղւոյն վրայ նախաձեռնած են նուիրահաւաքներ կազմակերպել Լիբանանի մեր շրջանակին ու կառոյցներուն օգնութեան հասնելու համար: Նման ազնիւ նախաձեռնութիւններ Լիբանան ղրկուած են ու յանձնուած անհատներու, որպէսզի զայն տնօրինեն:
Աւելի կազմակերպուած ու նպատակայարմար աշխատանքի առաջադրութեամբ եւ ամէն տեսակի թիւրիմացութիւն կանխելու համար, ինչպէս նաեւ մարդասիրական մղումով նուիրաբերուած ազնիւ ընկերներու եւ բարեկամներու լումաները ճիշդ նպատակին ծառայեցնելու պատասխանատուութեամբ ու գործընթացին թափանցիկութիւնը ապահովելու միտումով, մեր սիրելի ընկերներէն եւ բարեկամներէն պիտի խնդրենք, ըստ հայեցողութեան, իրենց սրտաբուխ փոխանցումները յետայսու կատարեն հետեւեալ կերպով միայն.
- Պէյրութի Վահան Թէքէեան Վարժարանին
Դրամատնային փոխանցումի (wire transfer – fresh money) հասցէն.
NAME:VAHAN TEKEYAN SCHOOL
ACCOUNT: 1G6475
IBAN: LB61 0053 00CA USDO 0221 G647 5001
WITH: BANK CREDIT LIBANAIS S.A.L.
BRANCH: AZAR BLDG. – JISR – BOURJ HAMMOUD
SWIFT: CLIBLBBX
Դպրոցի Տնօրէնութեան կամ հոգաբարձութեան հետ ուղղակի կապուելու հասցէն.
info@vahantekeyan.com
- «Զարթօնք» Օրաթերթին
Դրամատնային փոխանցումի (wire transfer – fresh money) հասցէն.
NAME: STE DE PRESSE CHIRAC SARL
ACCOUNT: 008648590008
IBAN: LB33005600000000008648590008
WITH: BANK AUDI S.A.L.
BRANCH: DORA 005 – CITE DORA 1 BLDG. – MAIN ROAD – DORA METN-LEBANON
SWIFT: AUDBLBBX
Թերթին Տնօրէնութեան կամ խմբագրութեան հետ ուղղակի կապուելու հասցէն.
- ՌԱԿ Լիբանանի Ընկերային Ծառայութեան Գրասենեակին
Փոխանցումը (Լիբանանեան պանքի չէքով կամ կանխիկ) կաrելի է նաեւ առցանց՝ Western Union – Cash Money Transfer-ով: Մանրամասնութեանց համար կապուիլ գրասենեակի տնօրէնին հետ հետեւեալ հասցէով.
centretekeyan@yahoo.com – հեռ. +961 1 566709 / +961 70 859148
- Վերոյիշեալ ոեւէ կառոցին ձեր նուիրատուութիւնը կրնաք փոխանցել նաեւ պանքային (debit/credit – MasterCard/Visa) քարտով կամ PayPal-ի միջոցով, սեղմելով հետեւեալ կապին վրայ՝
https://www.paypal.com/cgi-bin/webscr?cmd=_s-xclick&hosted_button_id=SL7CUNGGJK6S4&source=url
Այս պարագային կը խնդրուի մանրամասնութեանց մէջ նշել, որ ձեր գումարը, ո՞ր կառոյցին կը նախընտրէք, որ յղուի:
Շնորհակալութիւն ձեր ազնիւ գործակցութեան եւ իւրաքանչիւր լումային համար, որուն գումարին մեծութիւնը այնքան կարեւոր չէ՛, որքան զայն սիրով նուիրաբերելու ձեր վեհ ոգին:
Միասին մենք զօրաւոր ենք:
Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան
Լիբանանի Շրջանային Վարչութիւն