Լիբանանի կառավարութիւնը Հինգշաբթի օր միաձայնութեամբ տնտեսական փրկութեան ծրագիր մը հաստատեց, որ կը միտի վերականգնել Լիբանանի փլուզուած տնտեսութիւնը:
Տեղեկատուութեան նախարարը այս մասին յայտարարեց: Ան աւելցուց, որ կառավարութիւնը կը միտի քննչական յատուկ յանձնախումբ մը կազմել հետապնդելու համար անօրինական գումարներու եւ փտածութեան պարագաները:






