Երէկ գիշեր դարձեալ Լիբանանի կարգ մը քաղաքներու հրապարակները ժամադրավայրն էին համեմատաբար փոքր թիւով ցոյցերու, որոնք չորրորդ օրը ըլլալով փողոց դուրս կու գան, որուն արդիւնքով աւերներ կը գործուին:
Ցոյցերը հակազդեցութիւնն են ժողովրդային յուսահատ իրավիճակին:
Թրիփոլիի մէջ անկայութիւնը շարունակուեցաւ, ուր բողոքարարները շարունակեցին դրամատուներ հրկիզել: Դարձեալ բախումներ տեղի ունեցան բանակին եւ ցուցարարներուն միջեւ: Արդիւնքը եղաւ տասնեակ մը վիրաւորներ:
Նոյնանման ցոյցեր կատարուեցան նաեւ հարաւային Սայտա քաղաքին մէջ, ուր հրկիզուեցաւ Կեդրոնական դրամատան հարաւի մասնաճիւղը:






