Մինչ մեծածաւալ քննութիւնները կը շարունակուին, Լիբանանի մէջ 4 նոր վարակուածներ յայտնուեցան: Երեքշաբթի օր Լիբանան հասած 58 քաղաքացիներէն միայն մէկին քննութիւնը վարակ ցոյց տուաւ, մինչ յատուկ թռիչքներով Լիբանան վերադարձած 2580 քաղաքացիներէն միայն 40ը վարակուած էին:
Մինչեւ օրս 721 անձեր վարակուած են Լիբանանի մէջ: Անոնցմէ 24 մինչեւ հիմա մահացած են մինչ վտանգաւոր վիճակի մէջ կը գտնուին 44 հիւանդ:






