Հայաստանի մէջ արձանագրուած է «Քորոնա» ժահրով վարակուելու 65 նոր դէպք:
Այս մասին նշուած է ՀՀ ԱՆ հիւանդութիւններու վերահսկման եւ կանխարգելման ազգային կեդրոնի կայքին մէջ:
Հայաստանի մէջ 29 ապրիլին՝ ժամը 11:00-ի դրութեամբ «Քորոնա» ժահրի հաստատուած դէպքերու ընդհանուր թիւը 1932 է, արձանագրուած է մահուան 30 դէպք: Ընդհանուր առմամբ կատարուած է 20 հազար 189 քննութիւն։
Ապաքինուած հիւանդներու թիւն աւելցած է 34-ով, եւ բուժուածներու գումարային թիւը դարձած է 900։ Այս պահուն փաստացի բուժում կը ստանայ 1000 հիւանդ:
Աջակցէ՛ ԶԱՐԹՕՆՔ-ին. Ապահովէ՛ Անոր Գոյերթը






