Պէյրութ, 27 Ապրիլ 2020
Թանկագին սգակիրներ
ՀԲԸՄ-ՀԵԸ Վարչութեան և համայն ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ի ընտանիքի անունով ընդունեցէք մեր խորազգած ցաւակցութիւնը` ՀԵԸ-ի Կեդրոնական Վարչութեան երկարամեայ անդամ, միութենական ղեկավար պաշտօններ վարած, ՀԲԸՄ-ի Վեթերան, ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ի Նաւասարդեան Խաղերու վարչութեան համադրող, ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ի Միջին Արեւելքի Մարզական Ընդհանուր Մարմինի անդամ, մարզիկ, ուսուցիչ, Լոս Անճելըսի ՀԲԸՄ-ի Վեթերաններու վարչութեան անդամ, տիպար միութենական ` Հրաչ Մանուկեանի մահուան առիթով:
Տիպար միութենական Հրաչ Մանուկեանի յիշատակը միշտ վառ պիտի մնայ մեր մտքերուն և յիշողութեան մէջ:
Յիշատակն արդարոց օրհնութեամբ եղիցի:
ՀԵԸ-ի Կեդրոնական Վարչութիւն