Չորեքշաբթի, 04. 02. 2026

spot_img

Լիբանանի Բողոքի Ցոյցերը Աւելի Եւ Վայրագ Կը Դառնան. Թրիփոլիի եւ Սայտա Մէջ Հրկիզուած Են Դրամատուներ

Լիբանանի մէջ բողոքի ցոյցերը աւելի եւս վայրագ կը դառնան շրջանցելով քորոնա համաճարակի իրավիճակն ու անոր առնչուած լուրերը:

Թրիփոլիի մէջ  լարուած  իրավիճակ շարունակուեցաւ երէկ ամբողջ օրուայ ընթացքին մինչեւ ուշ գիշեր։ Անցնող ժամերուն   ցուցարարներ  դարձեալ յարձակած  եւ կրակի  տուած են   Թրիփոլիի մէջ գործող երեք  դրամատուներ։ Նոյնը պատահած է նաեւ Սայտայի մէջ որպէս ցասումի արտայայտութիւն ընդդէմ դրամատուներու պահուածքին:

Ինչպէս նախորդող օր, երէկ ալ բախումներ տեղի ունեցան իրավիճակը հակակշռել ջանացող լիբանանեան բանակին եւ ցուցարարներուն միջեւ, մինչ նախորդ օր վիրաւորուած 26 ամեայ երիտասարդը մահացաւ, աւելի եւս մեծ զայրոյթի ալիք բարձրացնելով բողոքարարներուն շարքերուն մէջ:

Լիբանանեան  բանակը, որ  դէպքերէն ետք հանդէս  կու գար   յայտարարութեամբ մը կը հաւաստէր, որ  խռովարարներուն  կատարած ոտնձգութիւններուն հետեւանքով   վիրաւորուած են բանակի  տասնեակ  զինուորներ։

Լիբանանի տարածքին իրավիճակը կը  շարունակէ լարուած մնալ, մինչ Թրիփոլիի մէջ պարզուեցաւ երեւոյթ մը, ուր ցուցարարներ իրենք եւս զինուած էին արցունքաբեր կազի ռումբերով։

 

Աջակցէ՛ ԶԱՐԹՕՆՔ-ին. Ապահովէ՛ Անոր Գոյերթը

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին