Ուրբաթ, 13. 06. 2025

spot_img

Երիտասարդական Հարթակ. Հայ Երիտասարդը Դէպի Ո՞ւր

«Երիտասարդներ օրինակներու պէտք ունին, ոչ քննադատներու»:

Ճոն Վուտըն, ամերիկացի պասքեթպոլի մարզիչ

 

Օրինակը ամենալաւ ուսուցիչն է: Այդպէս եղած է հինէն ի վեր: Թագաւորներ իրենց զաւակներուն համար վարձած են այդ դարերու ամենալաւ փիլիսոփաները, ուսուցիչները, որպէսզի սորվեցնեն կեանքի եւ մարդկային յարաբերութեան գաղտնիքները: Թագաժառանգները սորված են կրօնք, լեզուներ, տրամաբանութիւն, հռետորութիւն, երաժշտութիւն, արուեստ եւ հին ժամանակներու շատ մը այլ գիտելիքներ: Տրամաբանութիւնը եղած է բոլոր գիտելիքներու ամենակարեւորը, որովհետեւ ան է որ կը սորվեցնէ մարդուն ըլլալ ժուժկալ, յարաբերիլ այնպիսի ձեւով որ քաղաքացին չդժգոհի, հակառակորդին հետ բանակցիլ տրամաբանութեան օգտագործումով: Չխախտել բնութեան եւ աստուածներու օրէնքը, որ հաւասարակշռութիւնն է մարդու եւ բնութեան միջեւ: Արիսթոթէլ եւ Պարոյր Հայկազն մեծ ուսուցիչներ էին: Մէկը Աթէնքի մէջ, երկրորդը Աթէնքի եւ Հռոմի մէջ: Անոնք ազդեցիկ էին իրենց կեանքով եւ խօսքով: Հզօր էին իրենց փիլիսոփայական թէզերը ներկայացնելու մէջ:

            Մեծ է այն ժողովուրդը, որ օրինակով կը դաստիարակէ իր զաւակները: Ակնարկ մը նետելով զարգացած ժողովուրդներու վրայ, պիտի տեսնենք, թէ անոնց մեծամասնութեան մօտ կայ հաստատուած երկխօսութեան վրայ հիմնուած, ռամկավարական համակարգ: Արեւմտեան Եւրոպայէն, մինչեւ Պալթիք Ծովու երկիրներ: Նոյնիսկ այն երկիրներու մէջ, ուր կը կարծենք, թէ ռամկավարութիւնը շատ զարգացած չէ ինչպէս Ռուսիա, երբեմն պատկերասփիւռէն կը հետեւիմ քաղաքական քննարկումներու ծրագիրի մը: Առջեւի շարքին վրայ կը նստին քաղաքագէտներ եւ մասնագէտներ, որոնցմէ մաս մը հայեր, իսկ անոնց ետեւը տեղ կը գրաւեն քաղաքականութեամբ զբաղող երիտասարդներ: Թեր ու դէմ կարծիքներու փոխանակումը երբեմն կը հասնի ձայն բարձրացնելուն ու ծրագիրը վարողի միջամտութեան: Մթնոլորտը առողջ է: Ամէն կողմ կը պաշտպանէ իր թէզը գիտական հիմերու վրայ եւ իր ունեցած գիտելիքներով: Նոյնն է պարագան Ֆրանսայի մէջ: Քաղաքագէտները օրինակ կը ծառայեն ունկնդիր երիտասարդներուն իրենց միտքով եւ խօսքով:

            Երիտասարդներ օրինակի պէտք ունին: Անոնք շատ լաւ գիտեն, թէ խօսքէն բան չ’ելլեր, այլ գործն է կարեւոր: Այսօր մենք ի՞նչ կու տանք մեր գալիք սերունդին: Ինչ որ ցոյց կու տանք իրենց մեր խօսքով եւ գործով , այն ալ պիտի քաղենք ապագային, փոքր տարբերութեամբ մը, որ երիտասարդին իմացականութենէն կախեալ է: Եթէ ցոյց կու տանք հաւասարակշռուած եւ յարգանքի վրայ հիմնուած յարաբերութիւն, ապագային պիտի ունենանք զիրար յարգող, հաւասարակշռուած տրամաբանութիւն ունեցող երիտասարդներ: Եթէ ցոյց կու տանք հատուածամոլութիւն, միւսը չյարգելու եւ անհաւասարակշիռ վարուելակերպ, այդ ալ պիտի ստանանք ապագային: Չզարմանանք, թէ ինչո՞ւ չենք զարգանար որպէս ժողովուրդ եւ հաւաքականութիւն: Սխալը մեր դաստիարակութեան մէջ է: Ինչ որ ցանենք, այն ալ կը հնձենք:

            Հայ երիտասարդին զարգացման մէջ մեծ դեր վերապահուած է մեր ազգային կառոյցներուն՝ միութիւններ, կուսակցութիւններ, վարժարաններ: Մեր ազգային դատի ճամբուն վրայ երիտասարդին տրուելու է ամէն բան որ պիտի օգնէ իրեն ապագային, դառնալու համար ազգի հաւասարակշռուած առաջնորդ, ազգի շահերու վահան եւ բանիմաց բանակցող մեր դատի պաշտպանութեան մէջ: Տարիներ առաջ ես իմ փորձառութենէս մեկնելով, մշակեցի ծրագիր մը, որ արժանացաւ շատ մը դաստիարակներու եւ ազգային գործիչներու գնահատանքին: Այդ ծրագիրը մասամբ կամ ամբողջութեամբ օգտագործուելու պարագային կրնայ գոցել մեծ բաց մը մեր ազգային ռազմավարութեան մէջ, որու նպատակն է ապագայի արթուն ղեկավար երիտասարդ դաստիարակելը: Այս ծրագիրի հիմնական կէտն է կամաւորութիւնը, այսինքն երիտասարդը պիտի համոզուի, թէ իր կատարելիք գործը պիտի գնահատուի իր ազգին կողմէ եւ ոչ թէ ինք ապագային, հակառակ իր գիտելիքներուն եւ պատրաստուածութեան, մէկ կողմ պիտի դրուի, որովհետեւ չի պատկանիր այս կամ այն ղեկավարին ծառայող խումբին: Այսինքն, երիտասարդը պիտի ծառայէ ազգին վերջ ի վերջոյ: Միութիւնները միայն միջոցներ են: Այս է մեր ազգի յաջողութեան գաղտնիքը: Երբ երիտասարդ մը դաստիարակուի միայն իր հատուածին ծառայելու, ինչպէս որ է վիճակը հիմա, ազգը կը ձախողի, որովհետեւ դաստիարակած կ’ըլլայ հատուածամոլ եւ ոչ ընդհանուրի շահին համար աշխատող երիտասարդ:

            Դաստիարակութեան ծրագիրը կրնայ նաեւ ընդգրկել ապագային երիտասարդին ասպարէզին օժանդակող գիտելիք: Ծրագիրին հիմնաքարն է հաւատքը: Առանց քրիստոնէական հաւատքի չենք կրնար դաստիարակել արդարամիտ եւ խղճամիտ երիտասարդներ: Անցեալ դարու ժխտական օրինակները մեր աչքերուն առջեւ են: Անկրօն դաստիարակութիւնը աւերներ գործեց Եւրոպայի եւ մեր ժողովուրդին մէջ: ժամն է վերադառնալու քրիստոնէական հիմերու վրայ դրուած դաստիարակութեան: Պատմութիւն, աշխարհագրութիւն եւ աշխարհաքաղաքականութիւն (geopolitics) հիմնական գիտելիքներ են ապագայի ղեկավարին համար: Առանց այս երեք ճիւղերուն մէջ դաստիարակուելու չենք կրնար ունենալ լաւ քաղաքական վերլուծողներ եւ որոշում կայացնողներ, այլ կ’ունենանք հետեւողներու խումբ իր բերելիք վտանգներով: Տրամաբանութիւն եւ վերլուծում երրորդ մասն են դաստիարակութեան: Առանց տրամաբանութիւն սորվելու մենք լաւ վերլուծողներ չենք կրնար ունենալ: Չորրորդը լեզուն եւ հռետորութիւնն է: Առանց լեզուներու իմացութեան, ղեկավարը չի կրնար բանակցիլ կամ մարդոց հասցնել իր միտքը: Լեզու գիտնալը յաջողութեան կէսն է կեանքի մէջ: Որքան լեզու գիտենք, այնքան մեր նամակը կրնանք հասցնել միւս կողմին: Գիրք կարդալը կը համարուի նաեւ կարեւոր երիտասարդին համար: Մղենք երիտասարդները կարդալու գրականութիւն, վերլուծում, յօդուածներ: Ազգի լաւ ղեկավարը նաեւ լաւ կարդացող մը ըլլալու է: Բնութեան սէրը նաեւ կարեւոր է երիտասարդի գիտակցութեան մակարդակի բարձրացումին մէջ: Ընդհանրապէս բնութիւն սիրող մարդը հաւասարակշռուած մարդն է: Ուրախութեամբ կրնամ յայտարարել, թէ իմ տարիներու փորձառութենէս մեկնելով պատանիներու եւ երիտասարդներու հետ աշխատանքիս մէջ, հայ պատանին կամ երիտասարդը բնութիւն սիրող եղած է միշտ, փոքր բացառութիւններով:

            Նորահաս սերունդը մեր բոլորի նեցուկին պէտք ունի՝ ծնողք, բարեկամներ, միութիւններ: Անոր տանք ոսկի ապարանջան՝ արհեստ կամ ուսում: Ճիշդ է դժուար օրեր են, սակայն մեր երիտասարդները արժանի են ամէն նեցուկի: Իրենցն է ապագան մեր ազգին: Այն ազգը, որ դաստիարակուած, բանիմաց երիտասարդներ ունի պէտք չէ վախնայ իր ապագայէն: Աշխատինք այդ ուղղութեամբ:

 

ՎԻԳԷՆ ԹՈՍՈՒՆԵԱՆ

 

Աջակցէ՛ ԶԱՐԹՕՆՔ-ին. Ապահովէ՛ Անոր Գոյերթը

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին