Չորեքշաբթի, 04. 02. 2026

spot_img

Սնանկացած Լիբանանը Քաղաքական Եւ Ժողովրդային Վերիվայրումներու Ընդառաջ

Քաղաքական սուր պայքար եւ ցեխարձակում մը ընթացք առաւ Լիբանանի մէջ կառավարութեան եւ անոր ընդդիմադիրներուն միջեւ, որ իր գագաթնակէտային հասաւ շաբաթավերջին: Երկու կողմերը ամենածանր բառերով իրար մեղադրեցին տնտեսական ներկայ անելին համար:  Մինչ Վարչապետ Տիապ Հարիրին եւ Ժոմպլաթը մեղադրեց իր կառավարութիւնը տապալել փորձելու մեղադրանքով, վերջիններս զինք մեղադրեցին որպէս Հըզպալլայի կամակատար, որ նաեւ կը փորձէ Լիբանանի ազատ շուկայական դիմագիծը փոխել: Խնդիրը աւելի եւս թեժացաւ, երբ Տիապ Կեդրոնական դրամատան կառավարիչը ուղղակիօրէն մեղադրեց տոլարի յարաճուն վիճակին համար:

Մինչ երկրին քաղաքական վերնախաւը այս խնդիրներուն մէջ են իսկ քորոնայի հարցով արտակարգ իրավիճակի կարգ մը կէտերը թուլացնելու խօսք կա՛ ժողովրդային մակարդակով դարձեալ ձայն բարձրացաւ եւ շատեր փողոց իջան իրենց բողոքը արտայայտելու երկրին տնտեսական սուր իրավիճակին մասին, որ անօթութեան կը հասցնէ ժողովուրդը:

Այս շաբաթ յղի կրնայ ըլլալ լուրջ վերիվայրումներով:

Աջակցէ՛ ԶԱՐԹՕՆՔ-ին. Ապահովէ՛ Անոր Գոյերթը

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին