Կիրակի, 29. 03. 2026

spot_img

Հայ Դատի Պահանջը Համամարդկային Է Եւ Վաղեմութեան Ժամկէտ Չունի․ ԱՀ Նախագահ

Արցախի Հանրապետութեան նորընտիր նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան յայտնած է, որ Ապրիլ 24-ին Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիրին մէջ յարգանքի տուրք կը մատուցէ Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին։ Այս  մասին տեղեկացանք Արայիկ Յարութիւնեանի Facebook-ի էջէն։

«Հայրենիքի եւ Սփիւռքի մէջ ապրող սիրելի՛ հայրենակիցներ,

Մեծ Եղեռնի զոհերու յիշատակին այսօր յարգանքի տուրք կը մատուցեմ համահայակական ուխտատեղի դարձած Ծիծեռնակաբերդի մէջ: Ատիկա Արցախի Հանրապետութեան ընտրուած նախագահիս ոչ պաշտօնական, բայց արարողակարգային առաջին ձեռնարկն է, որ կը համարեմ իւրօրինակ ուղերձ:

Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումն ու դատապարտումը քաղաքակիրթ աշխարհի կողմէն միայն իւրայատուկ գնահատական չէ հայ ժողովուրդի կրած անասելի զրկանքներուն կամ յարգանքի տուրք՝ մեր մէկ ու կէս միլիոն նահատակներու յիշատակին: Անիկա՝ նախ եւ առաջ՝ Աստուծոյ ու սերունդներու հանդէպ ունեցած պատասխանատւութեան զգացում է, որուն փոխարէն, սակայն, արդէն 105 տարի ականատեսն ենք ժխտողական քաղաքականութեան: Բայց Հայ Դատի պահանջը համամարդկային է եւ վաղեմութեան ժամկէտ չունի:

Մեր ժողովուրդի յարատեւութեան անվերջանալի պայքարը մենք վստահաբար պիտի շարունակենք՝ աւելի ամրապնդելով ու հզօրացնելով մեր միասնական հայրենիքը, ուր քաղաքացին միշտ պիտի ունենայ անվտանգութեան, ինքնիրացման ու ապագայի հանդէպ յուսալիութեան լիարժէք զգացում եւ պայմաններ: Այս է իմ եւ մեր տեսլականը:

Կը յիշենք եւ կը պահանջենք»,- գրած է նորընտիր նախագահը:

Աջակցէ՛ ԶԱՐԹՕՆՔ-ին. Ապահովէ՛ Անոր Գոյերթը

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին