Ուրբաթ, 24 Ապրիլ 2020- ի առաւօտեան, ՀԲԸՄ- ՀԵԸ-ի Կեդրոնական վարչութեան, ՀԵԸ Անդրանիկ Անթիլիասի եւ ՀԵԸ Անդրանիկ Սեւանի Գործադիր Մարմիններու եւ սկաուտական շարժումներու ներկայացուցիչներ ծաղկեպսակներ զետեղեցին Հայոց Ցեղասպանութեան նահատակներու յուշակոթողներուն առջեւ:
Անթիլիասի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ մայրավանքին մէջ, Հայոց Ցեղասպանութեան նահատակներու յիշատակին հոգեհանգստեան պաշտօնին մասնակցելէ ետք, յանուն ՀԲԸՄ-ի եւ ՀԵԸ-ի, ՀԲԸՄ-ի «Խօսնակ» պարբերաթերթի խմբագիր՝Համբիկ Մարտիրոսեան եւ ՀԵԸ-ի մամլոյ եւ տեղեկատուական գրասենեակի պատասխանատու՝ Ահարոն Շխրտըմեան, ՀԵԸ Անդրանիկ Անթիլիաս սկաուտական շարժումի ընդհանուր խմբապետ Եղիկ Աւետիքեանի, սկաուտական շարժումի անդամ-անդամուհիներու ընկերակցութեամբ ծաղկեպսակ մը զետեղեցին Նահատակներու մատուռին առջեւ: ՀԵԸ Անդրանիկ Անթիլիասի սկաուտները նաեւ մասնակցեցան այլ ծաղկեպսակներու զետեղման արարողակարգին:
ՀԵԸ-ի Կեդրոնական Վարչութեան անդամներ Յակոբ Ճըղլեան եւ Կերի Ֆեթէլ, ՀԵԸ Անդրանիկ Սեւան Գործադիր Մարմինի անդամ Նշան Ղորղորեանի եւ ՀԵԸ Անդրանիկ Սեւան սկաուտական շարժումի անդամ-անդամուհիներու ընկերակցութեամբ ծաղկեպսակ մը զետեղեցին Հայ Կաթողիկէ պատրիարքարանի Հայոց Ցեղասպանութեան յուշակոթողին առջեւ:
Նոյն պահուն, ՀԵԸ-ի Կեդրոնական Վարչութեան անդամներ Յակոբ Թէլվիզեան եւ Հայկ Եսայեան, ՀԵԸ Անդրանիկ Անթիլիասի սկաուտական խումբի խմբապետ Մանուէլ Տաքեսեանի եւ խմբապետուհի Կասիա Պոյաճեանի, ՀԵԸ Անդրանիկ Անթիլիաս սկաուտական շարժումի անդամ-անդամուհիներու ընկերակցութեամբ ծաղկեպսակ մը զետեղեցին Պիքֆայայի Հայոց Ցեղասպանութեան յուշարձանին առջեւ:
Ինչպէս ծանօթ է Հայոց Ցեղասպանութեան ոգեկոչման հանդիսութիւնները այս տարի սահմանափակուեցան փրոթոքոլային կարճ արարողակարգերով:
ՀԵԸ-Ի ՄԱՄԼՈՅ ԵՒ ՏԵՂԵԿԱՏՈՒԱԿԱՆ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ
Աջակցէ՛ ԶԱՐԹՕՆՔ-ին. Ապահովէ՛ Անոր Գոյերթը