Երեքշաբթի, 10. 03. 2026

spot_img

Հայոց ցեղասպանութեան Թանգարանը Ապրիլ 24-ին Ընդառաջ Կը Ներկայացնէ Նոր Առցանց Ցուցադրութիւն

Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկը կը ներկայացնէ նոր առցանց ցուցադրութիւն` «Ինքնապաշտպանական մարտերը Կիլիկիոյ մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան տարիներուն» նիւթով:

«Եռագոյն»-ը ինչպէս կը տեղեկանայ Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկէն, ցուցադրութիւնը կը նուիրուի Մարաշի, Հաճընի, Այնթապի ինքնապաշտպանութիւններու 100-ամեայ տարելիցին:

«2020-ին կը լրանայ Մարաշի, Հաճընի, Այնթապի ինքնապաշտպանութիւններու 100-ամեայ տարելիցը։ Այդ առիթով այս տարուան Ապրիլ 16-17-ին Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկը Մեծի Տանն Կիլիկոյ կաթողիկոսութեան հետ համատեղ կը նախատեսէր հրաւիրել միջազգային գիտաժողով եւ կազմակերպել ժամանակաւոր ցուցադրութիւն: Սակայն հաշուի առնելով համաճարակով պայմանաւորուած իրավիճակը, գիտաժողովը անորոշ ժամանակով յետաձգուեցաւ, իսկ ցուցադրութիւնը հանրութեան կը ներկայացուի առցանց ձեւաչափով` ՀՑԹԻ պաշտօնական կայքէջին եւ վերջինիս ֆէյսպուքեան էջին միջոցով:

«Ինքնապաշտպանական մարտերը Կիլիկիոյ մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան տարիներուն» խորագրիով ժամանակաւոր ցուցադրութիւնը երկլեզու է (հայերէն, անգլերէն), կը ներառէ տասնմէկ ենթախորագիր: Կը ներկայացուին կիլիկիահայութեան ցեղասպանութեան պատմութեան տարբեր դրուագներ` սկսած մինչեւ ցեղասպանութիւնը Օսմանեան կայսրութեան մէջ անոնց կարգավիճակի, ունեցած ներդրումին, զբաղմունքի հետ կապուած հարցեր, ընդհուպ մինչեւ տեղահանութիւն, կոտորածներ, միջազգային դիւանագիտութիւն, Կիլիկիոյ հայաթափում: Յատուկ շեշտադրմամբ կը ներկայացուին կիլիկիահայութեան մղած ինքնապաշտպանական մարտերը` ուղղուած նախ երիտթուրքական վարչակարգի ցեղասպան քաղաքականութեան (1915 թ.` Ֆընտըճագի, Մուսա Լերան ինքնապաշտպանութիւնները, Ամանոսի գոյամարտը), ապա` այն շարունակող քեմալականներու դէմ (1920 թ. Մարաշի, Հաճընի, Այնթապի ինքնապաշտպանութիւնները):

Ցուցադրութեան մէջ առանձնակի շեշտադրութեամբ է ներկայացուած հայ կնոջ ունեցած բացառիկ դերն այդ պայքարին մէջ: Վիճակագրական աղիւսակի միջոցով կը ներկայացուի կիլիկիահայութեան թուաքանակը Հայոց ցեղասպանութեան նախօրեակին եւ 1921-ի Ապրիլ 1-ի դրութեամբ:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին