ՎԱՀԱՆ ԹԷՔԷԵԱՆ
Այսօր ալ կը դիմենք Մեծ խմբագրապետին 79 տարիներ առաջ (24 Ապրիլ 1941) ՝ այսօր, գրած սիւնակին, զուգահեռ ստեղծելու համար քորոնա ժահրին պատճառած աշխարհի այսօրուայ իրավիճակին եւ այս գրութիւնը գրուած պահուն Երկրորդ Աշխարհամարտի թէժ օրերուն միջեւ:
Պատմութիւնն է, որ կարծէք կը կրկնուի տարբեր երեսակով այսօր, մինչ Մեծ մարդու յոյզերն ու պատգամը նոյնն է եւ անժամանցելի:
«Խմբ.»
Անգամ մը եւս, Նահատակաց Տօնը կը տօնենք վիշտէ եւ կսկիծէ զատ՝ անձկութեան եւ անապահովութեան մէջ:
Մինչդեռ վիշտը եւ կսկիծը, կապուած քառորդ դար մը առաջուան սեւ օրերու յիշատակին, մերն են միայն, անձկութիւնն ու անապահովութիւնը կը վերաբերին գրեթէ ամբողջ աշխարհի մարդոց, որոնց մէջ, հետեւաբար, մեզի եւս:
Որովհետեւ, որքան ալ հայութեան ամէնահոծ զանգուածները՝ որոնք Խ. Հայաստան, Խ. Միութեան երկիրները եւ Սուրիա-Լիբանան կը գտնուին, մինչեւ այսօր դուրս մնացին կրակի գօտիէն եւ հաւաքական մեծ կորուստները խնայուեցան իրենց, բայց չենք կրնար թէ՛ իբրեւ մարդ եւ թէ՛ իբրեւ հայ, խոր ցաւով ու սարսափով չտեսնել մահուան եւ աւերումի գործը որ կը կատարուի մեր շուրջը ընդարձակ տարածութիւններու վրայ եւ կը սպառնայ ամէն օր աւելի եւս տարածուելով հասնիլ իր ցարդ չհասած սահմանները:
Չենք կրնար, երբ այսօր կը պահենք սուգը մեր անցեալի մեծ Կորուստին, չանդրադառնալ ուրիշներու օրըստօրէ մեծցող կորուստներուն, անոնց վիշտին եւ կսկծանքին՝ որոնք կը շարունակուին: Եւ հաւասարապէս թէ՛ մեծ եւ թէ՛ փոքր ազգերուն, անո՛նց որոնցմէ պահանջատէր ենք եւ անո՛նց (ինչպէս Յունաստանը) որոնց երախտապարտ ենք իրենց մեզի ընծայած եղբայրական կարեկցութեան համար, կ’ուղղենք մեր յուզուած մտածումը, մաղթելով որ շուտով դադրի մայրերու եւ կիներու արցունքը, որ աւելի չբազմանայ որբերու թիւը ամէնուրեք եւ աշխարհ գտնէ իր հաստատուն եւ արդար խաղաղութիւնը:
Անմիջապէս եւ այժմէական այս անդրադարձումին հետ, սակայն, այսօր, Ապրիլ 24, մենք կը խորհինք մեր 1915-1922ի Նահատակներուն եւ աչքի առջեւ բերելով միանգամայն անո՛նք – բաղդատաբար սակաւաթիւ – զոր կը ճանչնայինք եւ անո՛նք – միլիոնաթիւ – որոնք մերն էին հոգիի կապով միայն, մենք լռելեայն կը նորոգենք մեր սրտին մէջ՝ նա՛խ մեր հաւատարմութեան ուխտը այն գաղափարին որուն մէջ զոհուեցան անոնք:
Այդ գաղափարը, մերկացուած իր աւելի կամ նուազ կարեւոր բոլոր ածանցներէն, Ազգութեան գաղափարն էր, որուն անխտիր փաթթուած էին անոնք եւ անո՛ր է – հետեւաբար – որ մենք ալ փարած մնալու երդումը պիտի կրկնենք ամէն անգամ, այս վշտալից եւ հանդիսաւոր առիթով:
Ազգութեան գաղափարին կցուած Բացարձակ Ազատութեան, յետոյ Զօրութեան եւ Մեծութեան գաղափարները մենք պիտի չարծարծենք, մենք զանոնք խնամով եւ սրբութեամբ պիտի պահենք այսօր մեր հոգիներուն խորը, եւ անոնց փոխարէն եռանդով պիտի ոգեկոչենք մեր Թշուառութենէ եւ Տգիտութենէ Ազատած հայրենի երկրին մէկ բաժնին՝ Խ. Հայաստանի ոչ թէ գաղափարը միայն այլ իրականութիւնը, այսօր, Նահատակաց այս Տօնին օրը:
Այդ ոգեկոչումը պիտի ընենք նոյնքան մեծ երկիւղածութեամբ եւ նոյնպէս նորոգելով մեր ուխտը՝ մեր Ազգութեան այս օրօրանին ու անդաստանին հանդէպ անշեղ հաւատարմութեան:
Մեր Նահատակները պիտի սփոփուին եւ պիտի հանգչին՝ կարդալով այսօր մեր սրտերուն մէջ, այս իրար ամէնէն լաւ լրացնող երկու մեծ ուխտերը:
Աջակցէ՛ ԶԱՐԹՕՆՔ-ին. Ապահովէ՛ Անոր Գոյերթը