Լիբանանի առողջապահութեան նախարարը մահուան նոր պարագայի մը մասին յայտարարեց, մինչ գրանցուած էին վարակուած 5 նոր պարագաներ: Վարակուողներէն մէկը խիտ բնակչութիւն ունեցող պաղեստինեան գաղթակայանէ է, ինչ, որ վտանգաւոր է անոր տարածման նկատառումով:
Քորոնա ժահրով վարակուած ընդհանուր 682 պարագաներ ցարդ արձանագրուած են Լիբանանի մէջ, որոնցմէ մահացած են 22 հոգի: 108 վարակուածներ ալ ամբողջութեամբ բուժուած են ըստ պաշտօնական յայտարարութիւններու: