Շաբաթ, 07. 03. 2026

spot_img

Հայուհիի Լուսանկարը Ճանչցուած է Տարուան Լաւագոյն Լուսանկարներէն Մէկը․ Euronews

World Press Photo միջազգային հեղինակաւոր մրցոյթի կազմակերպիչները յայտարարած են 2019-ի լաւագոյն լուսանկարներու հեղինակներու անունները: «Դիմանկարներ» անուան տակ տարուան լաւագոյնը համարուած է լեհ լուսանկարիչ Տոմէք Քաչորի «Զարթօնքը», որուն մէջ պատկերուած է երիտասարդ հայուհի մը:
Լուսանկարի հերոսուհին 15-ամեայ Եւան է` լեհական քաղաքներէն մէկուն մէջ գտնուող փախստականներու ընդունման կեդրոնէն ներս հաշմանդամի սայլակին նստած:Euronews-ը կը գրէ, որ հայ աղջնակը հարկադիր տեղահանման համախտանիշէն տառապած է, երբ անոր ընտանիքը ապաստանած է Շուէտի մէջ: Եւան սկսած է վերականգնիլ Լեհաստան երթալէն ութ ամիս ետք:Տեղահանման համախտանիշը մարդուն անշարժ կը դարձնէ, կը զրկէ խօսելու, ուտելու եւ խմելու կարողութենէն: Ան կը տրուի հոգեբանական տագնապ ապրած երեխաներուն` ապաստան ստանալու երկարատեւ գործընթացի ատեն:

 

Աջակցէ՛ ԶԱՐԹՕՆՔ-ին. Ապահովէ՛ Անոր Գոյերթը

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին