ԱՄՆ նախագահ Տանըլտ Թրամփ չի բացառեր, որ կը փորձէ հաղորդսկցիլ հիւսիսային Քորէայի առաջնորդ Քիմ Չեն Ընի հետ՝ կապուած վերջինիս առողջական վիճակի վատթարացման մասին տեղեկութիւններուն: Այս մասին կը յայտնէ ТАСС-ը՝ յղում տալով Սպիտակ տան լրագրողներու հետ ճեպազրոյցի ժամանակ Թրամփի ելոյթին:
ԱՄՆ նախագահին յիշեցուցած են, որ ան ոչ վաղ անցեալին «պարբերաբար հաղորդակցած է» Քիմ Չեն Ընի հետ: Այս առնչութեամբ Թրամփէն հետաքրքրուած են, թէ մտադի՞ր է արդեօք ան կապ հաստատել Հիւսիսային Քորէայի առաջնորդին հետ:
«Հնարաւոր է… Ես յոյս ունիմ, որ իր հետ ամէն ինչ լաւ է: Քիմ Չեն Ընի հետ ես շատ լաւ յարաբերութիւններ ունիմ: Եւ այդ մէկը երկրին յօգուտ է: Այդ մէկը լաւ է, եւ ոչ թէ վատ: Եւ ես կ’ուզէի, որ իր հետ ամէն ինչ լաւ ըլլայ»,- ըսած է Թրամփ:
Միեւնոյն ժամանակ ան կրկնած է, թէ չի գիտեր՝ արդեօք Ընի առողջական վիճակի վատթարացման վերաբերեալ տեղեկութիւններն իրականութեան կը համապատասխանեն, թէ ոչ:






