Հինգշաբթի, 31. 07. 2025

spot_img

Տեսանկիւն. «Մահացողները Տարեցներ Են Եւ Ունեցած Են Ուղեկցող Քրոնիկական Հիւանդութիւններ»

Արդէն սովորութիւն դարձած է Հայաստանի պատկան մարմիններուն կողմէ, մեր այսօրուայ վերնագրին նման տողով մը աւարտել, քորոնա ժահրով մահացածներու գրանցման պաշտօնական իւրաքանչիւր լրատուութիւն:

Նախորդ օր, օրինակի համար, ինչպէս միշտ, հետեւեալը կ՛ուղեկցէր պաշտօնական լրատուութեան. «ՀՀ առողջապահութեան նախարարութենէն տեղեկացուցած են, որ մահացողները եղած են 88 եւ 65 տարեկան եւ ունեցած են ուղեկցող քրոնիկական հիւանդութիւններ»:

Նշեալ լրատուական ոճը, իր փաստացի տեղեկատուական գործառնութենէն անդին եւ վեր, անշուշտ կը պարունակէ ինքնարդարացումի փորձ՝ քորոնա ժահրի պատճառած աղէտը վերագրելով այլ պատճառներու եւ իշխանութիւնը զերծ պահելու պատասխանատուութենէ: Այս փորձը, որ անհատնում եւ ամէն առիթով կը կրկնուի, երկրին բարձրաստիճան պատասխանատուներուն կողմէ, որոնք չեն վարանիր, անկախ տարիքի թիւի նշումէն,  ուղղակիօրէն մահացողներու «տարեց» ըլլալն ալ շեշտելու, սկսած է ո՛չ միայն «դդումի համ տալ» ու ձանձրացնել եւ զզուեցնել խելամիտ ընթերցողն ու լսողը, այլ՝ կը պարունակէ անմարդկային եւ դաստիարակչական յոռի եւ ժխտական մօտեցում:

Ո՞վ ըսաւ, որ մարդկային հաւաքականութեան տարեց անդամը անպիտանի է կամ քրոնիկ հիւանդութիւններ ունեցողը պէտք է մահանայ: Ամէն տարիք ունի մարդկային իր պիտանելիութիւնը, իսկ քրոնիկ հիւանդութիւններ ունեցող հանճարներ կան: Նոյնիսկ ամենածանր հիւանդ կամ ծերանոցին թէ անկելանոցին մէջ գտնուող մարդ արարածը ունի իր կարեւորութիւնը: Ան երիտասարդին հոգատարութիւն եւ մարդկայնութիւն սորվեցնելու դաստիարակչական կարեւոր դեր ունի:

Երկրի մը ժողովուրդին անվտանգութեան սպառնացող ոեւէ խնդիր, ամբողջական պատասխանատուութիւնն է տուեալ երկրին իշխանութեան,  եւ  նմանօրինակ   «տրամաբանական» թուող արդարացումներով, ան չկրնար պատասխանատուութենէ խուսափիլ:

Հակառակ այն փաստին, որ քորոնա ժահրը համաշխարհային աղէտ մըն է այսօր,  Հայրենի իշխանութիւնները հիմնական պատասխանատուներն են զայն Հայաստանի մէջ կառավարելու եւ հակակշռելու գործին: Ժողովուրդը ունի իր պատասխանատուութեան բաժինը անշուշտ, որ կը կայանայ ճշդուած օրէնքներն ու սահմանափակումները գործադրելուն մէջ, բայց անոնց ճիշդ կիրառումը իշխանութեան ամբողջական պատասխանատուութիւնն է: Իսկ երբ իրավիճակը ամէն օր աւելի եւս կը սրի եւ վարակուողներուն եւ մահացողներուն թիւի ցուցագիծը յարաճուն վերե՜լք կ՛արձանագրէ, նմանօրինակ թեթեւ արտայայտութիւններով կարելի չէ վիճակ հակակշռել:

Ժամանակն է Հայրենի իշխանութեան համար աւելի լրջանալու ազգային անվտանգութեան սպառնացող այս հարցին մէջ եւ… ո՛չ միայն:

ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ

 

Աջակցէ՛ ԶԱՐԹՕՆՔ-ին. Ապահովէ՛ Անոր Գոյերթը

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին