Բարձր բանականութիւն ունեցող մարդը
պէտք է մնացեալ մարդոցմէ աւելի հոգ տանի ճշմարտութեան:
Արիսթոթէլ, Ք.Ա. Դ.դարու յոյն փիլիսոփայ
∗∗∗
Շատ հին ժամանակներէ եկող հարցում մը դարձած է մարդուն ուշադրութեան առարկան: Ամէն դարաշրջան ունեցած է իրեն յատուկ քաղաքական ու տնտեսական համակարգը: Քուրմերու իշխանութիւն, թագաւորական անսահման միապետութիւն, սահմանադրական միապետութիւն, աւատապետական համակարգ, ռամկավարութիւն, ընկերվարութիւն եւ պատմութիւնը կը շարունակուի իր նոր համակարգերով: Մէկ հարցում միայն բոլոր ժամանակաշրջաններու պատկանած է՝ մարդուն ուրախութիւնը: Բոլոր համակարգերն ալ անխտիր դարերէ ի վեր փորձած են պատասխանել այս հարցումին ու իրենց համակարգին մէջէն փորձած են հասնիլ մարդու ուրախութեան: Քիչեր հասած են անոր մարդոց անձնասիրութեան եւ եղբօր կամ քրոջ մասին չմտածելուն պատճառով: Ինչպէս Դ.դարու յոյն փիլիսոփայ Արիսթոթէլ կ’ըսէ, թէ բարձր մտային կարողութիւն ունեցող մարդը պէտք է աւելի մտածէ ճշմարտութեան մասին: Իրականութեան մէջ ճշմարտութիւնն է իսկական առաջնորդը ուրախութեան: Այն առաջնորդը որ իր ժողովուրդին վրայ իշխած է ճշմարտութեամբ, ան է որ իր ժողովուրդին բերած է բարիք ու հետեւաբար ուրախութիւն, իսկ այն առաջնորդը որ շեղած է ճշմարտութեան ճամբայէն, իշխած է ըստ իր քմահաճոյքին ու փոքր խումբի մը շահին համաձայն, արժանացած է ժողովուրդի ցասումին:
Քրիստոնէութեան մէջ նոյն համակարգը կը տիրէ: Ըստ եկեղեցւոյ վարդապետութեան, ան որ կը ձգտի ճշմարտութեան, ան է որ կը հեռանայ նիւթական աշխարհի առժամեայ բարիքներէն, կը հասնի մնայուն արդարութեան, որու հիմը ճշմարտութիւնն է: Ճշմարիտ եկեղեցական առաջնորդն է, որ իր ժողովուրդի յարգանքին կ’արժանանայ: Ժողովուրդը ամենամեծ դատաւորն է: Ան շատ լաւ գիտէ, թէ որ առաջնորդը նիւթապաշտ չէ, ընդհանուրի բարիքին կը ձգտի, իր ժողովուրդի հարցերով կը մտահոգուի:
Յոյն մեծ փիլիսոփայ Սոկրատ հիմնադիրներէն մէկն էր այն վարդապետութեան, որ փորձեց մարդուն ուրախութեան հասնիլ: Անոր ձեւը երկխօսութիւնն էր: Յունարէն՝ dialogos: Տիա կը նշանակէ երկու: Լոկոս կը նշանակէ միտք: Հայերէն երկխօսութիւն բառը թարգմանութիւնն է այս բառին: Ուրեմն, Սոկրատ իր երկխօսութիւնը համարեց հիմ միտքերու փոխանակում կատարելու եւ հասնելու ճշմարտութեան, որ ուրախութեան աղբիւրն էր, ըստ իրեն: Սոկրատի հիմնած դպրոցը ունեցաւ մեծ աշակերտներ՝ Պղատոն, Արիսթոթէլ եւ շատ ուրիշներ, որոնցմէ հայազգի Պարոյր Հայկազն ու Դաւիթ Անյաղթ: Յունական սերտողական միտքը ունէր երկու ուղղութիւն՝ թէզ մը վերցնել, սերտել անոր բոլոր բաղադրիչները, վերլուծել եւ քայլ-քայլ հասնիլ եզրակացութեան: Այս մէկը deductive դպրոցն է: Կը կոչուի նաեւ տիալեքթիքա: Երկորդը այն դպրոցն է, որ թէզ մը փաստելու համար կ’առնէ մի քանի փաստ, կ’ընդհանրացնէ զայն եւ կը հասնի եզրակացութեան: Այս մէկը inductive դպրոցն է, որ կը կոչուի նաեւ բնազանցական կամ metaphysical: Խօսինք օրինակներով: Տիալեքթիքան իր վերլուծումին մէջ կ’առնէ կարծիքներ: Կարծիքը պէտք է ունենայ իբր հիմ ընդհանուր բարիքը եւ ճշմարտութեան հասնելու ձգտումը: Կարծիքներու բախումով կը հասնի ամենալաւ կարծիքին, որու շուրջ մեծամասնութեան համակրանքը կ’ունենայ: Մէկ կարծիք, ըստ այս դպրոցին վտանգաւոր է, որովհետեւ մարդ կրնայ սխալիլ: Շատերու կարծիքը աւելի գիտական հիմեր կ’ունենայ: Բնազանցական դպրոցին մէջ, նախօրօք կազմուած կարծրատիպեր կամ թապուներ նկատի կ’առնուին սկսելու համար երկխօսութիւնը եւ իբր հիմ կը ծառայեն կարծիքներ արտայայտելու համար: Օրինակներ են հայրենիքը, ազգը, եկեղեցին, եւ այլն:
Այս երկու դպրոցներու բախումը միշտ ներկայ եղած է մեր քաղաքական միտքին մէջ: Ունեցած ենք միշտ երկու հզօր դրացիներ, Արեւելք եւ Արեւմուտք: Հռոմ եւ Պարսկաստան, Բիւզանդիոն եւ Արաբական Խալիֆայութիւն, Օսմանեան պետութիւն եւ Պարսկաստան, ներկայիս Արեւմուտք եւ Արեւելք: Թիւով քիչ եղած են այն իշխողները, որոնք կրցած են հաւասարակշռութիւն մտցնել մեր քաղաքական միտքին մէջ, իշխել հայ ժողովուրդի շահերը բոլոր միւս շահերէն գերադասելով, անոր ազատ ապրելու իրաւունքը պահած են: Միշտ մէկ կողմը գերակշռող եղած է ի վնաս միւս կողմին: Այս պատճառով է որ մեր ժողովուրդը վնասած է, կորսնցուցած է գերիշխանութիւն, պետութիւն, իր հողին վրայ արժանապատիւ կեանք ունենալու իրաւունք: Բագրատունեաց թագաւորութեան վերջին օրերուն բիւզանդասէր Վեստ Սարգիս եւ Պետրոս Գետադարձ կաթողիկոս դաւաճանական արարքով մը Անիի բանալիները յանձնած են բիւզանդացիներուն, կործանելով Հայաստանի հողին վրայ մեր վերջին պետութիւնը: Կիլիկիոյ թագաւորութեան օրերուն նոյնպէս լատինամոլներ եւ ազգայնականներ բախում ունեցած են: Շահած են լատինամոլները, որոնք Արեւմուտքին մօտ էին եւ Կիլիկիոյ հայկական պետութիւնը դարձած է Արեւելքի աչքին փուշ ու առաջին ներկայացած առիթին, մեմլուքները կործանած են զայն: Միայն 1680-ականներուն է որ Սիւնիքի եւ Արցախի մելիքները ու Ամենայն հայոց կաթողիկոսը դիւանագիտական հզօր քայլով մը եւ նկատի ունենալով հայ ժողովուրդի դժխեմ ճակատագիրը, որոշեցին գաղտնի ժողովներով աշխատանք տանիլ հայ ժողովուրդի ազատագրման համար: Պռոշեան ազնուական ընտանիքէն Իսրայէլ Օրին ընտրուեցաւ որպէս բանագնաց Արեւմուտքի եւրոպական արքունիքներուն մօտ:
Օրի երկար տարիներ մնաց Ֆրանսայի, Գերմանիոյ, Աւստրիոյ եւ Թոսքանայի մէջ: Հանդիպեցաւ իշխաններու եւ կայսրերու, սակայն արդիւնքի չհասաւ: Զգաց, թէ Արեւմուտքը շատ հեռու էր հայ եւ վրացի ժողովուրդներուն օգնելէ: Պատճառը այդ երկիրներուն հեռաւորութիւնն էր եւ Ֆրանսայի ու Աւստրիայի ունեցած յատուկ կապերը Օսմանեան պետութեան հետ: Դիւանագէտ էր Իսրայէլ Օրին, տիալեքթիայի մեծ վարպետ մը: Ժողովին փոխանցելէ ետք իր տեղեկագիրը, անոնց յայտնեց, թէ հիւսիսի մէջ կը զարգանար քրիստոնեայ մեծ ուժ մը՝ Ռուսիան, որ իր շահերուն համար կրնար հետաքրքրուած ըլլալ վրացիներուն եւ հայերուն օգնութեամբ: Երկիր մը աշխարհաքաղաքական շահ պիտի ունենար օգնելու համար հայերուն: Ռուսերը տաք ջուրեր իջնելու ծրագիր ունէին, ինչպէս որ ըսած էր Մեծն Պետրոս ցարը Իսրայէլ Օրիին: Տիալեքթիքայի ինչ հզօր եզրակացութիւն: Օրին իրաւացի էր: Արեւելեան Հայաստանի մէջ իր յաջորդները՝ Սիւնիքի եւ Արցախի մելիքները, Գանձասարի կաթողիկոսները շարունակեցին իր գործը: Դաւիթ Բէկ եւ Մխիթար սպարապետ դարձան ազգային-ազատագրական պայքարի ղեկավարները: Պտուղը արեւելահայերը քաղեցին 1828-ին, երբ Երեւանի եւ Նախիջեւանի նահանգները ազատագրուեցան պարսից լուծէն: Այդպիսով հիմը դրուեցաւ ապագայի հայկական պետութեան, Ռուսիոյ հովանիին տակ:
Քիչ թիւով արեւմտահայերու մօտ դժբախտաբար գտնուեցաւ տիալեքթիքան, այսինքն վերլուծումի հիման վրայ որոշում կայացնելու տարբերակը: Արեւմտահայութիւնը մնաց Օսմանեան ծանր լուծին տակ: Պոլսոյ պատրիարքութիւնը հիմնուեցաւ սուլթանին կողմէ 1463 թուականին, հայերը իր մականին տակ պահելու համար: Պատրիարքին տրուեցաւ Միլլէթ Փաթրիքի տիտղոսը: Հայեր կը համարձակէի՞ն որեւէ քայլի դիմել սուլթանին դէմ: Իրենց պատրիարքը պատանդ էր եւ է մինչեւ այսօր: Օսմանցիները շատ լաւ գիտէին մեր ժողովուրդին կապուածութիւնը իր Եկեղեցիին ու զայն շահագործեցին աղուէսաբար: Ասոր փաստը 1822-ին էր, երբ յոյներու պատրիարքը մերժեց յոյն յեղափոխականներու դէմ կոնդակ ստորագրել, սուլթանը զինք կախել տուաւ պատրիարքութեան դրան առջեւ: Հիմա գիտցա՞ք ինչու Պոլսոյ պատրիարքներ կը վախնային որեւէ ազատագրական քայլերու զօրակցելու: Խրիմեան Հայրիկ բացառութիւն կազմեց, սակայն հրաժարեցաւ ապա աքսորուեցաւ: Կոստանդնուպոլսոյ մէջ հարուստ ընտանիքներու խաւ մը կար, որ նաեւ դէմ էր որեւէ քայլի դիմելու գաւառին մէջ ազատագրական պայքար սկսելու համար: Այդ մարդիկ մեր ժողովուրդը քնացուցին իրենց շահին համար: Բնազանցականի հետեւորդներ էին: Դէմ էին ամէն ուրիշ կարծիքի: Այս պատճառով ճնշեցին մեր պատրիարքներուն վրայ Ներսէս Վարժապետեանէն մինչեւ Մկրտիչ Խրիմեան եւ այլք: Մեր ժողովուրդը այդ բնազանցական, այլ կարծիք չընդունելու գինը վճարեց: 1878-ին դէմ կեցան Ռուսիոյ պահանջագիր ներկայացնելու որ մեզի օգնէր: 1908-էն սկսեալ երբ Օսմանեան պետութեան ղեկը գրաւեցին կասկածելի իթթիհատականները, հայկական ուժեր բաժնուեցան երկու մասի: Անոնց զօրակցողներ եւ կասկածողներ: Հնչակեաններ ահազանգ հնչեցուցին այդ իթթիհատականներու վտանգին մասին: Մտիկ ընող ո՞վ էր:
Չունէինք արթուն ղեկավարներ, որ քայլը ճիշդ ձեւով դատէին ու մեր ժողովուրդը փրկէին: Նոյնիսկ 1909-ի Կիլիկիոյ ջարդերէն ետք մնացին գործակցող Իթթիհատին հետ: Հայոց ցեղասպանութենէն ետք գացինք գնդակահարեցինք ոճրագործը, որ արդէն ոճիրը կատարած էր: Հազարամեայ մեր հայրենիքի հողը կորսնցուցած էինք: Անգամ մը եւս վճարեցինք գինը տիալեքթիքայի կամ այլ կարծիք չընդունելուն: Մկրտիչ Խրիմեան, Զօրավար Անդրանիկ եւ այլ արեւմտահայ ղեկավարներ ճիշդ դատեցին: Իրենց մօտ յստակ էր թշնամին եւ գիտէին որու հետ համագործակցիլ: Զօրավարին եւ Հայրիկին կարծիքը Ռուսիոյ մասին կը բխէր մաքուր ազգային նպատակներէ: Մեր ժողովուրդէն խաւի մը մօտ կայ բնազանցական, ոչ գիտական վերապահութիւն հիւսիսի մեր մեծ դրացիին՝ ռուսին հանդէպ: Այդ խաւը ցարական յակայեղափոխական շարժումը եւ սովետական իշխանութիւնները օրինակ կը բերէ միշտ: Այդ իշխանութեան ժամանակ ռուս մտաւորականներ ալ հալածուեցան: Ապազգային երկիր էր Խորհրդային Միութիւնը: Փաստ է սակայն, որ միայն ռուսն է որ իր շահին համար օգնեց մեզի: Ուրիշ տարբերակ կա՞յ: Հակառակ մեր բոլոր զոհողութիւններուն, Հայկական Լէգէոնի կամ Արեւմուտքի բանակներուն մէջ ծառայող հայ զինուորներու միջոցով, Արեւմուտքը մեզի մէկ թիզ հող տուա՞ւ: Ֆրանսան ծախեց Կիլիկիան, միւսներն ալ Աթաթիւրքին շնորհեցին լայնածաւալ պետութիւն մը, հայ, յոյն, ասորի ու այլ բնիկ ժողովուրդներու աճիւններուն վրայ: Այս է չոր իրականութիւնը: Տիալեքթիքան կ’ըսէ ըլլալ գործնական եւ հաւատալ արդիւնքին, ամպերէն վար իջնել: Ներկայիս Արեւելքի մէջ ուժերու զարթնում մը կայ: Աշխարհի նոր համակարգը արդէն կ’երեւի: Ռուսիա եւ Չինաստան մեր ռազմավարական գործընկերներն են իրենց շահերէն մեկնելով: Սուրիոյ պատերազմը փաստեց, թէ Թուրքիան շրջանին մէջ անկայունութեան գործօն է: Պէտք է հակակշռել այդ երկրի աշխարհաքաղաքական կշիռը: Ռուսիոյ համար դէպի հարաւ ռազմավարական անցք ենք, հակադրուելով փանթուրանական վտանգաւոր հորիզոնական առանցքին, որու նպատակն է հարաւէն շրջապատել Ռուսիան:
Չինաստանի համար «Մետաքսի ճամբայ»ի կարեւոր գործընկեր ենք եւ փանթուրանականութեան տարածման դէմ մեծ պատուար: Արեւմուտքին համար Չինաստանի արեւմուտքի թրքացեղ ույղուրները գործիք են զսպելու համար Չինաստանը: Չինացիները լաւ գիտեն այս պարագան: Ուրեմն մեզի կը մնայ որպէս ժողովուրդ որոշում կայացնել: Մնա՞լ Արեւմուտքի դարերու անյոյս փորձին մէջ, թէ երթալով տիալեքթիքային, մօտենալ նոր զարգացող համակարգի երկիրներուն եւ սերտել օգուտները ու անոնց մեզի օգնելու ռազմավարական շահը: Երեք դար առաջ Իսրայէլ Օրին շատ ճիշդ էր, երբ մելիքներուն ու Ամենայն Հայոց կաթողիկոսին յայտնեց Արեւմուտքին վստահելու սնանկութիւնը: Որքան ճիշդ էր ան: Մնանք «Ոսկեայ Միջին»ին մէջ: Բանակցինք բոլորին հետ, շեշտը սակայն դնելով աւելի յուսատուին վրայ: Վերջապէս մեր ժողովուրդին պէտք է տիալեքթիքա: Յարգենք իւրաքանչիւր գիտական, վերլուծական կարծիք եւ հեռանանք կաղապարուած, բնազանցական պարտադրուած որոշումներէ: Արեւմտեան Հայաստանի դատի ճամբուն վրայ կատարուելիք շատ գործ կայ: Ժամն է աշխատանքի:
ՎԻԳԷՆ ԹՈՍՈՒՆԵԱՆ
Աջակցէ՛ ԶԱՐԹՕՆՔ-ին. Ապահովէ՛ Անոր Գոյերթը