Արդէն գրեթէ 40-45 օր, որ երկրագունդի վրայ գտնուող երկիրներու մեծ մասը կ՛ապրի արտակարգ իրավիճակի եւ պայմաններու մէջ, մարդու կեանքին մէջ որեւէ փոփոխութիւն լաւ կամ վատ կը յառաջացնէ անհանգստութիւն, իսկ այդ անհանգստութիւնը թօթափելու եւ յաղթահարելու համար անհրաժեշտ է ճիշդ կողմնորոշում: Բոլոր հարցազրոյցներուն, յօդուածներուն, հեռատեսիլային կամ համացանցային ելոյթներուն եւ գրառումներուն հիմնական նպատակը այս օրերուն՝ օգնելն է, որ մարդը ըլլայ հոգեպէս, ֆիզիքապէս եւ բարոյապէս առողջ եւ գործունեայ : Այս հարցազրոյցի նպատակը եւս նոյնն է, մեր ընթերցողին տալ կտոր մը յոյս, գիտութիւն եւ միջոցներ աւելի լաւ դիմագրաւելու օրուան ստեղծած պայմանները, մնալու դրական եւ արդիւնաւէտ : Այսօր «Զարթօնք»ի մեր հիւրն է հոգեբան եւ մանկագիր Վերա Սիսեռեան:
- Բարեւ ձեզ Վերա, ի՞նչ իրավիճակ կը ներկայացնէ այսօր աշխարհը պսակաձեւ ժահրի (corona virus – COVID 19) համավարակի օրերուն :
– Նշեալ համավարակը, անյարմարութիւններուն կողքին որ ստեղծած է մեր առօրեային մէջ, մեծցուց անորոշութեան ծաւալը: Անորոշութիւնը, միշտ ալ կայ մեր կեանքին մէջ եւ երբեք հարիւր առ հարիւր յստակ եւ պայծառ չէ ամէն բան։ Բայց այս անորոշութիւնը, որ համաշխարհային է , ունի իր խաբուսիկ դրական կողմը որն է իր ծաւալը, այսինքն՝ «ամբողջ աշխարհը այս հարցէն կը տառապի», ինչպէս նաեւ իր բացասական կողմը «ուրեմն ամբողջ աշխարհը անզօր է այս վարակին դէմ» եւ երրորդ իսկական դրական կողմը՝ «շատ մը պետութիւններ պիտի աշխատին գտնելու դեղը, պատուաստը կամ այլ քննութիւններ, որոնք կրնան մարմնին մէջ զօրացնել հակաթոյներու (anti-bodies) գոյութիւնը»:
- Ընդհանրապէս կը խօսինք հարցերու դրական եւ բացասական կողմերու մասին, դուք յիշեցիք «խաբուսիկ դրական» եւս, ի՞նչ կը նշանակէ խաբուսիկ դրական:
– Ընդհանրապէս մենք մեր կեանքին մէջ երեւոյթներ, դէպքեր կացութիւններ չենք դատեր իր բացարձակ արժէքով, այլ միշտ կ՛ունենանք յարաբերական յղման կէտ: Օրինակ` երբ գործազուրկ ես, գործազրկութեան անհաճոյ հետեւանքները կը «մեղմանան» երբ քու ապրած շրջանիդ մէջ բարձր է գործազուրկներու գոյութիւնը: Իրականութեան մէջ քու հարցդ եւ դժուարութիւններդ չեն նուազիր այս տեղեկութեամբ, բայց այս տեղեկութեամբ դուն ինքզինքդ երբեմն անգիտակցաբար կը խաբես եւ աւելի լաւ կը զգաս:
- Յստակ է։ Այսինքն ամբողջ աշխարհի կացութիւնը քեզի կուտայ խաբկանք որ աւելի լաւ զգաս:
– Այո ճիշդ է: Բայց հարցը կը մնայ հարց եւ եթէ միայն այս տեղեկութեան վրայ վստահիս, կրնաս որեւէ բան չձեռնարկել, նստիլ ու սպասել որ երկինքէն լուծում գայ կամ ըսել որ իմ կարողութիւններէս վեր է այս բոլորը: Կարեւոր է, որ որեւէ հարցի պարագային ճիշդ դրական եւ բացասական տեղեկութիւններ նկատի առնենք եւ այդ մեկնարկներով առաջնորդուին մեր ապագայ քայլերը:
- Շատ լաւ: Ի՞նչ հարցեր կրնան ծագիլ նման իրավիճակի մէջ:
– Առաջին հարցը մեր առօրեայ զբաղումներու եւ մեր ապրելակերպին փոփոխութիւնն է եւ անկէ բխած անյարմարութիւնները՝ ձանձրոյթ, ժամանցի բացակայութիւն, սիրելիներու եւ բարեկամներու հետ կապ, առօրեայ պարզ հաճոյքներ, շուկայ երթալ, մարզանք ընել, աշխատանքի երթալ եւայլն եւ այլն։ Երկրորդը՝ վախը հիւանդանալէ եւ անոր հետ եկող անյարմարութիւնները՝ հիւանդանոց, պարտականութիւններու դադրեցում, բաւարար դեղ, շնչառական սարք եւ այլ: Երրորդ՝ անորոշութիւնը, որովհետեւ տակաւին չկայ դեղը եւ պատուաստը, նաեւ վստահ չենք, որ եթէ վարակուինք, կրնանք բուժուիլ: Չորրորդ՝ նիւթական հարցեր եւ անոնց հետ կապուած հոգեբանական հետեւանքներ, որոնք պէտք է ճիշդ ձեւով դարմանուին:
- Լաւ, ի՞նչ ընել այս իրավիճակին մէջ:
– Առաջին հերթին շատ կարեւոր է յստակ ժամանակացոյց ունենալ ամէն զբաղումի եւ պարտականութեան եւ խուսափիլ ծայրայեղութիւններէ: Այսինքն եթէ տունն ենք միայն չզբաղինք մաքրութեամբ կամ միայն ճաշ եփելով կամ միայն կարդալով կամ հեռատեսիլ դիտելով կամ խաղեր խաղալով: Պէտք է յստակ ժամեր (ցանկալի է ամէն օր նոյն ճշդուած ժամը) իւրաքանչիւր զբաղումի համար: Կարեւոր է, որ առաւօտուն երբ արթննանք, այնպէս մը պատրաստուինք որ տունէն դուրս պիտի գանք, չմնանք գիշերանոցով մինչեւ անկողին երթալը: Ամէն բանի տանք իր ժամանակը եւ ամէն բան ընենք մտածելով այդ վայրկեանի մասին եւ ըմբոշխնելով վայրկեանը: Ճիշդ սնունդ ստանանք։ Մարզանքի տրամադրենք ժամ եւ ըսեմ որ ժամերով կամ շատ ծանր մարզանք չէ պահանջուածը, այլ մեր կարողութեան սահմաններուն մէջ եւ մեր սիրած շարժումներով … : Պէտք է ըսել, որ այս օրերուն շատ կայ համացանցի վրայ: Կարեւոր է նաեւ ընտրել տեղեկութիւններու աղբիւրները, օգտագործելով միան՝ վստահելին: Առաւօտէն երեկոյ միայն լուրերը մտիկ ընելը օգտակար չէ, ընդհակառակը վնասակար է։ Նմանապէս, լուրերէ անտեղեակ ըլլալն ալ վնասակար է: Ուրեմն պէտք է հաւասարակշռել: Հիմնական սկզբունքը այն է, որ մեր ժամանակը լեցնենք շինիչ եւ արդիւնաւէտ աշխատանքով, որ մեզի կը հետաքրքրէ, թերեւս ասիկա առիթ է, որ նաեւ մենք մեզ վերատեսութեան ենթարկենք եւ մեր նախասիրութիւններն ու առաջնահերթութիւնները ճշդենք: Չընենք բաներ որոնք մեզի համար հետագային խնդիրի պիտի վերածուին …
– Օրինակ։
– Օրինակ երբ անհամեմատ կ՛ուտենք եւ չենք շարժիր. ասիկա մեզի համար խնդիրի պիտի վերածուի եւ խնդիրի վերածուելու հաւանականութիւնը արդէն իսկ մեզի ճնշուածութիւն պիտի պատճառէ: Այսինքն, այլ խօսքով կրնանք այս իրավիճակին մէջ ընտրել զբաղելու դիւրին ուղին, որը կրնայ շատ ճիշդ եւ արդիւնաւէտ չըլլալ մեզի համար, օրինակ՝ ուտելիքի դիմել կամ համացանցային խաղեր խաղալ միայն կամ կրնանք նաեւ ամէն ինչ հաւասարակշռուած ձեւով ընել եւ նաեւ մտածել օգտուիլ առիթէն եւ ժամանակէն ու քիչ մը զբաղիլ «հոգիի փնտռտուքով»: Ի՞նչ կը սիրեմ, ի՞նչ ոչ: Ինչպէ՞ս կրնամ նոր գիտութիւն ձեռք բերել: Ինչպէ՞ս կրնամ աւելի արդիւնաւէտ աշխատիլ, եւայլն եւայլն…
- Ընկերային հեռաւորութեան մասին ի՞նչ ունիք ըսելիք :
– Ես կը նախընտրեմ օգտագործել ֆիզիքական հեռաւորութիւն բառեզրը, որ կ՛առաջարկուի մասնագէտներու կողմէն, որովհետեւ իրականութեան մէջ պահանջուածը ֆիզիքական հեռաւորութիւնն է եւ ոչ ընկերային: Ընդհակառակը, այս օրերուն մեզի ընծայած արհեստագիտական լայն կարելիութիւններով, պէտք է աւելի զարկ տանք ամրապնդելու մեր ընկերային կապերը, ժամանակ գտնենք որպէսզի այս կապերով, թէ՛ մենք մեզի հարստացնենք եւ թէ՛ մեր շրջապատը, նոյնիսկ կարելի է օտար կամ շրջապատ չունեցող մարդոց հետ այդ կապը ստեղծել որովհետեւ չէք կրնար երեւակայել որ այդ կապի ուժը ի՞նչ է եւ ինչե՜ր կրնայ փրկել:
- Ինչու՞ կարեւոր է ընկերային կապը :
– Ընկերային կապը հիմքն է մարդու էութեան, որքան այդ կապը ամուր է, ճիշդ է եւ առողջ, մարդը այնքան առողջ կ՛ըլլայ հոգեպէս: Վերջերս ուսումնասիրութիւն մը կը կարդայի , որուն մէջ նշուած է, թէ երբ նոյն սենեակին մէջ կտոր մը տուրմ կ՛ուտես եւ այդ նոյն սենեակին մէջ բոլորովին օտար մէկը նոյն տուրմէն կ՛ուտէ, քեզի համար այդ տուրմը աւելի համով կը թուի ըլլալ քան երբ նոյն այդ կտորը միայնակ ուտես: Եթէ (ըստ նշանաւոր հոգեբան Աբրահամ Մասլոյին մարդկային պէտքերու աստիճանաւորումի տեսութեան) ամենէն նախնական պէտքի՝ ուտելու պարագային այսպէս կը զգանք, ապա ի՞նչ կարելի է ըսել աւելի գերադաս պէտքերու մասին :
- Իսկ ինչպէ՞ս կը կարծէք, որ պիտի փոխուի աշխարհը եւ մարդը այս համավարակէն վերջ:
– Հիմա համավարակին մէջն ենք եւ երբ որեւէ հարցի մէջն ես չես կրնար առարկայական ըլլալ. բայց նոր գիւտ մը պիտի չընենք այս ուղղութեամբ, ուսումնասիրութիւններ կան որոնք մեզի կը յուշեն որ մարդը ունի յարմարելու եւ վարժուելու կարողութիւն բոլոր պարագաներու: Հետեւաբար երբ ամէն ինչ հանդարտի, բնական է որ մարդիկ շատ արագ վերադառնան նախահամավարակային իրենց վիճակին, որովհետեւ այն ժամանակը, որ մենք անցուցինք կամ պիտի անցընենք համավարակի պայմաններուն մէջ բաւարար չէ շատ փոփոխութիւնները յառաջացնելու համար, որոնք մենք կը տեսնենք մեր շրջապատին մէջ այսօր: Օրինակ՝ տունէն աշխատիլ, քիչով գոհանալ, աւելի կազմակերպուած ըլլալ: Ամէն պարագայի մարդ պիտի ըլլայ որ այս բոլորէն դրական սովորութիւններ քաղելով աւելի աճած դուրս պիտի գայ ուրիշներ ոչ… ի դէպ ըսեմ որ եթէ մարդ ուզէ փոխուիլ աղէտներու պէտք չունի փոխուելու համար, բոլոր կացութիւններու մէջ մարդ կրնայ յառաջընթացի կարելիութիւն տեսնել կամ հակառակը, նայած իր մտքի դրուածքին (mind set) եւ դիտանկիւնին:
- Ի՞նչ յաւելեալ խորհուրդներ կարելի է առաջարկել։
– Կարեւոր է, որ չթերագնահատենք մեր կարողութիւնները հարցեր դիմագրաւելու եւ չգերագնահատենք վտանգը, այս մօտեցումը կ՛օգնէ, որ մնանք առարկայական եւ պահենք մեր մտային առողջութիւնը: Կարեւոր է նաեւ, որ մենք մեզմէ եւ անմիջական շրջապատէն «դուրս» ելլենք եւ օգնենք եւ մտածենք ուրիշներու մասին: Նման բան մեզի պիտի տայ գոհունակութիւն եւ ուրախութիւն: Անշուշտ այս բոլորին զուգահեռ կարեւոր է յարմարելու մեր մարդկային յատկութիւնը: Օգտագործենք այդ կարողութիւնը եւ յարմարինք, առանց մոռնալու մեր երազները եւ արժէքները: Երբ անհրաժեշտութիւնը զգանք դիմենք մասնագէտներու, մաս կազմենք առցանց խումբերու, անդրադառնանք եւ կոտրենք յուսահատական մտքերու շղթան եւ ընենք այն ինչ, որ կ՛իմաստաւորէ մեր կեանքը եւ մեզի կուտայ արդիւնաւէտութեան զգացում, անշուշտ չմոռնալով զուարճանքի բաժինը, ինչպէս՝ խաղեր խաղալ, հետաքրքրական ելոյթներ դիտել, պարել, եւայլըն։
– Շնորհակալութիւն զրոյցին համար:
Զրուցեց՝ ՔՐԻՍԹԻՆԱ ԱՂԱԼԱՐԵԱՆ