Խորհրդարանի եռօրեայ օրէնսդրական նիստերէն ետք, յառաջիկայ Ուրբաթ օրուայ համար ճշդուած է կառավարութեան ժողովի թուական: Կը նշուի, որ միտում կայ նշեալ նիստին արտակարգ իրավիճակը երկարաձգելու մինչեւ 10 Մայիս:
Ինչ կը վերաբերի երեսփոխանական եռօրեայ օրէնսդրական ժողովներուն, որ կը գումարուի Եունեսքոյի պալատի սրահին մէջ, ցարդ վաւերացուեցան ո՛չ այնքան կարեւոր օրէնքներու սեւագիրներ , մինչ կարեւորները յետաձգուեցան կամ դէմ քուէարկուեցան: Խորհրդարանի ժամանակամիջոցի կրճատումի առաջարկը չվաւերացուեցաւ ի շարս շարք մը այլ կարեւոր օրինագիծերու, որոնց մէջ է նաեւ նախկին նախագահներ կամ պետական բարձրաստիճան պատասխանատուներ դատական հետապնդումներու ենթարկելու օրինագիծը:






