Չորեքշաբթի, 04. 02. 2026

spot_img

Թրամփ Նպատակ Ունի Խօսիլ Հիւսիսային Քորէայի Առաջնորդին Հետ

ԱՄՆ նախագահ Տանըլտ Թրամփ չի բացառեր, որ կը փորձէ հաղորդսկցիլ հիւսիսային Քորէայի առաջնորդ Քիմ Չեն Ընի հետ՝ կապուած վերջինիս առողջական վիճակի վատթարացման մասին տեղեկութիւններուն: Այս մասին կը յայտնէ ТАСС-ը՝ յղում տալով Սպիտակ տան լրագրողներու հետ ճեպազրոյցի ժամանակ Թրամփի ելոյթին:

ԱՄՆ նախագահին յիշեցուցած են, որ ան ոչ վաղ անցեալին «պարբերաբար հաղորդակցած է» Քիմ Չեն Ընի հետ: Այս առնչութեամբ Թրամփէն հետաքրքրուած են, թէ մտադի՞ր է արդեօք ան կապ հաստատել Հիւսիսային Քորէայի առաջնորդին հետ: 

«Հնարաւոր է… Ես յոյս ունիմ, որ իր հետ ամէն ինչ լաւ է: Քիմ Չեն Ընի հետ ես շատ լաւ յարաբերութիւններ ունիմ: Եւ այդ մէկը երկրին յօգուտ է: Այդ մէկը լաւ է, եւ ոչ թէ վատ: Եւ ես կ’ուզէի, որ իր հետ ամէն ինչ լաւ ըլլայ»,- ըսած է Թրամփ:

Միեւնոյն ժամանակ ան կրկնած է, թէ չի գիտեր՝ արդեօք Ընի առողջական վիճակի վատթարացման վերաբերեալ տեղեկութիւններն իրականութեան կը համապատասխանեն, թէ ոչ:

Աջակցէ՛ ԶԱՐԹՕՆՔ-ին. Ապահովէ՛ Անոր Գոյերթը

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին