Ինչպէս հոգեւորականի, նոյնպէս նաեւ բժիշկի ծառայութիւնը գերազանցօրէն կոչում է։ Ինչպէս հոգեւորականը, նոյնպէս նաեւ բժիշկը ծառայութեան սկսելէ առաջ կ՚ուխտէ ամբողջական ու անանձնական նուիրումով ծառայել։
«Քորոնավիրուս»ի ստեղծած ներկայ տագնապալից պայմաններուն մէջ, երբ կը հետեւինք լուրերուն ու կը դիտենք ցաւալի տեսարաններ, կը տեսնենք որ յիշեալ մահացու ժահրին դէմ համաշխարհային պատերազմի առաջին գիծին վրայ կը գտնուին բժիշկներն ու բուժքոյրերը, որոնք անսակարկ նուիրումով լծուած են հիւանդներու բուժման՝ գիշեր ու ցերեկ, նոյնիսկ ի գին իրենց սեփական կեանքին։ Անոնք նոր օրերու հերոսներ են։ Բիւր օրհնութիւն, խոր յարգանք ու մեծ պատիւ անոնց՝ հայ թէ օտար։
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան թեմերու առաջնորդ սրբազաննե՛ր, միաբան ու քահանայ հայրե՛ր, հաճեցէ՛ք Մեր հայրական օրհնութիւնն ու սէրը փոխանցել անոնց։
Արդարեւ, սրբազան արժանիք է ծառայութիւնը, որովհետեւ Աստուած ներկայ է սիրով շաղախուած ծառայութեան մէջ։
ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ