Երեքշաբթի, 16. 07. 2024

spot_img

Ուսուցչութեան Հանդէպ

ՊԷՅՐՈՒԹ, 21 ԱՊՐԻԼ, ԶԱՐԹՕՆՔ։ Վահան Թէքէեան Մեծ խմբագրապետը 79 տարիներ առաջ («Արեւ» 30 Յունուար 1941) կ՛անդրադառնայ ազգային «լուռ ցաւ»ի մը, որ կարծէք քրոնիք իրավիճակ է արդէն մինչ գրութեան մէջ նշուած «Ազգային Իշխանութիւն»ը այսօր կարելի է նաեւ հասկնալ «հայկական միութիւններու» կամ «կազմակերպութիւններու» պատկան մարմիններ:

Առանց յաւելեալ մեկնաբանութեան կը վերահրատարակենք զայն «Տեսանկիւն»ի իմ առօրեայ սիւնակին մէջ, որովհետեւ այս բանը պիտի ուզէի այսօր՝ ես գրած ըլլալ…:

«Խմբ.»

*****

Շաբաթ, ազգ. իշխանութեան «հայրական» ըլլալուն պէտքը բացատրելով յիշած էի ուսուցիչներուն ստորագրել տրուած պայմանագրութիւնը:

Խնդիրը աւելի կարեւորէ քան ինչ որ կ’երեւի առաջին նայուածքով: Ան կը յայտնէ, որոշ եւ խտացած կերպով, ամբողջ բնութիւնը ազգ. իշխանութեան վերաբերումին՝ իր վարած վարժարաններու ուսուցիչներուն հանդէպ:

Ինչ կ’ըսէ, արդարեւ, ներկայ տարեշրջանին համար կազմուած պայմանագրութեան բացառիկ յօդուածը. սա՛, որ եթէ տարուան մէջ որեւէ ժամանակ մը փակ մնան վարժարանները, ազգային իշխանութիւնը ուսուցչաց թոշակները պիտի չվճարէ եւ ուսուցիչները իրաւունք պիտի չունենան որեւէ թոշակ կան հատուցում պահանջելու:

Փակման պատճառներէն մէկը կրնայ ըլլալ, ինչպէս նախատեսած է ազգ. իշխանութիւնը, համաճարակ մը քաղաքին մէջ: Թէեւ համաճարակները երկար չեն տեւեր ընդհանրապէս եւ թէեւ համաճարակը պակսեցուցած չըլլար Առաջնորդարանի եկամուտները, բայց նորէ՛ն, ազգ. իշխանութիւնը հոգ տարած է «պաշտպանելու» Առաջնորդարանի շահերը, մտածած եւ աշխատած է որ ուսուցիչները «պարապ տեղը» դրամ չստանան «ազգային սնտուկ»էն, «ազգ»էն…:

Ի՜նչ փոյթ որ այդ ուսուցիչները, քիչ բացառութեամբ, մնայուն են, այսինքն թէ՝ իրենց միակ գործը այս պաշտօնն է եւ թէ անով կ’ապրին ու կ’ապրեցնեն իրենց ընտանիքները, ազգ. իշխանութիւնը պէտք չի զգար ատիկա յիշելու եւ կ’որոշէ ու կը պարտադրէ որ ուսուցիչը միջանկեալ կերպով զրկուի թոշակէ՝ այնքան ատեն որ գոցուած ըլլայ իր դպրոցը:

Կարծէք թէ դպրոցը գործարան մը ըլլար եւ ուսուցիչը գործաւոր մը. այսօր հոս, վաղը ուրիշ տեղ. կ’աշխատցնեմ՝ թոշակ կու տամ, չեմ աշխատցներ՝ չեմ տար. գործիդ եկաւ՝ կ’ընդունիս, չեկաւ՝ կը մերժես. այս է, եւ ուրիշ ոչինչ, ազգ. իշխանութեան եւ ուսուցիչներու յարաբերութիւնները վարող օրէնքը…:

Բայց ո՛չ, այս չէ օրէնքը, եւ այս չէ ազգային շահուն պահանջը. մինչեւ իսկ՝ ճիշտ հակառակն է անոր:

Շատ մեծ յանդգնութիւ՞ն մըն է արդեօք ըսել՝ թէ դպրոցը ուսուցիչներով դպրոց է, եւ «դպրոցներ ունինք» բացատրութիւնը կը մնայ անիմաստ՝ առանց անոր «ուսուցիչներ ունինք» պարունակութեան: Եւ ուսուցիչներ կարելի է ունենալ, անշուշտ, նախ «պահելով» անոնք որ կան եւ կ’ուսուցանեն, յետոյ պատրաստելով նորեր՝ եթէ յատկապէս պատրաստուած չէինք ալ հիները եւ եթէ, այդ պատճառաւ, այսօր գոհ չենք հաւասարապէս անոնց ամէնէն:

Կը գտնուին, թէ՛ Գահիրէին եւ թէ՛ Աղեքսանդրիոյ մէջ, ազգ. իշխանութենէն դուրս բարեսիրտ ազգայիններ, որոնք իրարու քով եկած են եւ հոգ կը տանին աղքատիկ աշակերտներու սնունդին, հագուստին: Պէ՞տք է որ ուրիշ խնամակալութիւն մըն ալ կազմուի ուսուցիչներուն համար, որպէսզի վարժարանները կարենան իրենց գործը շարունակել՝ երբ համաճարակէ մը կամ պատերազմի հարկադրանքէ մը ետք վերաբացուին…:

Կը թուի՝ թէ մենք «վարժարան» ըսելով անոր շէնքը կ’ըմբռնենք նախ, եւ միայն ամէնէն վերջը՝ անոր ուսուցիչները: Այլապէս, շէնքերը պահելու եւ նորոգելու խնամքը ունենալով, հիմնովին անտես պիտի չընէինք ուսուցիչները, նոյնքան անոնց ֆիզիքական որքան մտաւորական կարողութիւնը:

Երէկ, Աղեքսանդրիոյ մէջ, ազգ. իշխանութիւնը իր պիւտճէն հաւասարակշռելու միակ միջոց կը գտնէր զեղչեր կատարել ուսուցչաց թոշակներուն վրայ. այսօր այստեղ, Գահիրէի ազգ. իշխանութիւնը մտածած եւ ընդունել տուած է՝ որ նիւթական նեղութեան կամ նոյնիսկ ոչ-նեղութեան պարագային, ուսուցիչները պիտի ապրին… առանց ապրուստի միջոցի: Ասիկա ցոյց կու տայ թէ ո՛րքան բարձր գնահատուած են հայ ուսուցիչները եգիպտահայ ազգ. իշխանութենէն…:

Թէ ուսուցչութիւնը, իբրեւ ամբողջութիւն, կրնայ եւ պէտք է աւելի լաւ ըլլալ՝ տարակոյս չկայ: Թէ իր տկարագոյն անդամները պէտք է զօրացնեն ինքզինքնին կամ փոխարինուին լաւագոյններով՝ նոյնպէս վիճելի չէ: Բայց թէ ազգ. իշխանութիւնը որ զանոնք պաշտօնի կոչած է իբրեւ լաւագոյնները՝ այդքան անփոյթ ըլլայ անոնց մասին՝ ներելի չէ որեւէ նկատումով, ազգային շահու նկատումով մանաւանդ որ զիս մտահոգողն է այստեղ:

Որովհետեւ, խումբին ամէնէն աղէկն իսկ նուազ լաւ պիտի գործէ երբ այդքան անապահով եւ արհամարհուած գիտնայ իր պաշտօնը, ինչպէս որ տկարներն ալ – նոյն պատճառով – սիրտ եւ կամք պիտի չունենան ինքզինքնին բարելաւելու:

Արդ, ազգ. իշխանութիւն մը յանցաւոր է երբ մեր ամէնէն կարեւոր գործին՝ ազգային կրթութեա՛ն համար իր «ընտրած» պաշտօնեաներուն հանդէպ իր անիրաւ վերաբերմունքովը, այդ գործին վնաս կը պատճառէ:

Ազգ. իշխանութիւնը որ «հայրական» պէտք էր ըլլալ գոնէ՜  իր պաշտօնի կոչած ուսուցիչներուն նկատմամբ, կը տեսնենք որ խանութպանական աչքով մը միայն կը նայի անոնց վրայ:

Ես այս ոգին է որ կը դատապարտեմ, պահանջելով, որ այն փոխուի, որպէսզի ազգային դրամները մատակարարող ազգ. իշխանութիւնները կարենան, այդ փոփոխութեան ուժով, կատարել իրենց  Առաջին ՊԱՐՏԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆԸ, որ է՝ բառին ճիշտ իմաստովը ուսուցիչներ պահել եւ պատրաստել մեր ազգ. վարժարաններուն համար:

ՎԱՀԱՆ ԹԷՔԷԵԱՆ

 

 

Աջակցէ՛ ԶԱՐԹՕՆՔ-ին. Ապահովէ՛ Անոր Գոյերթը

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին